
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատ Արցախ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, վարչապետ Ա. Յարութիւնեան 31 Յուլիսին խորհրդակցական հանդիպում ունեցած է հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան բնագաւառի պատասխանատուներուն եւ շրջաններու վարչակազմերու ղեկավարներուն հետ: Հանգամանալիօրէն անդրադարձ կատարուած է բերքահաւաքի ընթացքին:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Ա. Խաչատրեան հաղորդած է, որ հացահատիկի բերքահաւաքը կը մօտենայ աւարտական հանգրուանին: Ցանուած 58.128 հեքթար արտերէն արդէն հնձուած է շուրջ 50 հազար հեքթարը: Միջին բերքատուութիւնը 1 հեքթարի հաշուով կը կազմէ 17.3 ցենտներ (1 ցենտները 100 քիլոկրամ է): Սկսած են աշնանացանքի համար հերկելու աշխատանքները:
Վարչապետը յայտարարած է, որ առաջին անգամ ըլլալով Արցախի մէջ ապահովուած են բերքահաւաքի համար անհրաժեշտ «թեքնիք» գործիքները: Շուրջ երեք տասնեակ հացահատիկահաւաքի առնչուող միանգամայն քանի մը գործ կատարող մենեքաներ ներածուած են Գերմանիայէն եւ Իրանէն: Այժմ աշխոյժ աշխատանք կը տարուի պահեստամասերու խնդիրը եւս լուծելու նպատակով: Վարչապետը նշած է, որ բերքահաւաքի «թեքնիք» սարքերու ապահովումը լիովին իր հոգածութեան տակ առած է պետութիւնը, իսկ երկրագործական միւս մեքենաներուն ու սարքաւորումներու խնդիրը աստիճանաբար իրենց ամբողջական պատասխանատուութեան տակ պէտք է առնեն հողագործները: Յառաջիկային կառավարութիւնը մեծաքանակ նոր սարքեր պիտի ներածէ եւ մատչելի կերպով պիտի տրամադրէ գիւղացիներուն: Վարչապետին համաձայն, Ղարաբաղի մէջ մշակուող հողատարածքները մօտիկ ապագային պէտք է հասցնել 75 հազար հեքթարի (այժմ՝ մօտ 66 հազար է)՝ աւելցնելով գարնանացան մշակաբոյսերու ցանքերը: Ժամանակն է, որ տարեկան 100 հազար թոն հացահատիկի մթերման սահմանագիծը շրջանցուի:
Կառավարութեան ղեկավարը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնած է դաշտային միջատներու դէմ պայքարի, ցանքաշրջանառութեան ապահովման, երկրագործական տնտեսութիւններուն մէջ կատարուող աշխատանքներու որակի բարձրացման խնդիրները:
Խորհրդակցութեան աւարտին Ա. Յարութիւնեան համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ՝ պետութեան կողմէ տրուած վարկերու վերադարձը լիովին ապահովելու համար: Ներկայ դրութեամբ վերադարձուելիք վարկերուն չափը կը շրջանցէ 1 միլիառ դրամը: