ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Սուրիական տագնապը եւ իբր թէ զայն դիմագրաւելու մեծապետական մրցապայքարը «հանդիսաւոր» առիթ մը եղան, որպէսզի աշխարհաքաղաքական բեմահարթակը գրաւած ուժերուն մեծ մասը, միջազգային հանրութեան անձկալից աչքերուն առջեւ, մերկացուի իր բարոյական ու իրաւական, ժողովրդավարական եւ գաղափարախօսական կեղծ պատմուճաններէն։
Սուրիոյ մէջ եւս այսպէս կոչուած Արաբական Գարնան ժամանումը ողջունելու եւ քաջալերելու ամբոխավարութեամբ ռազմադաշտ իջած ուժերը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ ու, մանաւա՛նդ, իսլամ չափաւորականութեան ինքնակոչ դրօշակիր դարձած Թուրքիոյ յառաջապահի գերաշխոյժ մարտունակութեամբ, շուտով մատնուեցան «մարսողական» դժուարութեան, որովհետեւ սուրիական «պատառ»ը թէեւ ախորժագրգիռ էր, բայց այնքան ալ դիւրամարս չեղաւ։
Սուրիական ապստամբ ուժերու շարքերէն ներս անմիջապէս բացայայտ դարձաւ ամբոխավարական ներուժը իսլամ արմատականութեան՝ սիւննի աշխարհի դժգոհ ու դառնացած զանգուածներուն զայրոյթը շարժելու եւ առաջնորդելու քաշողականութեամբ եռեւեփող Իսլամ Եղբայրներու շարժումին։
Սիւննի ծայրայեղականութեան այդ վտանգը թերեւս տակաւին կը թերագնահատուի Սէուտական Արաբիոյ օրինակով իսլամական աշխարհի կրօնապաշտ, բայց միջազգային դրամատիրութեան հետ հազարումէկ թելերով կապուած եւ ժողովրդավարութեան համարատու չեղող պետութեանց, յատկապէս աւատապետութեանց կողմէ։
Բայց նոյնը կարելի չէ ըսել իբր թէ «Սուրիական Գարուն»ը իրականութիւն դարձնելու ռազմավարութեան լծուած ամերիկեան քաղաքականութեան մասին։ Եւրոպացի իր դաշնակիցներուն ու Մերձաւոր Արեւելքի իր զոյգ զինակիցներուն՝ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ, Ասատ ընտանիքի մենատիրութիւնը տապալելու եւ Սուրիան ներքնապէս հակակշռելու իր հաշիւներով հանդերձ, ամերիկեան քաղաքականութիւնը անկասկած չ՚ուզեր յայտնուիլ անձրեւէն փախչողի եւ կարկուտի տակ ինկողի աննախանձելի դրութեան մէջ… Սուրիոյ մէջ սիւննի ծայրայեղականութեան շղթայազերծումը ոչ միայն ծանր հարուած կրնայ հասցնել քաղաքացիական ազատութեանց, մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարական արժէքներու պաշտպանութեան, այլեւ՝ միեւնոյն վտանգաւոր ցնցումներուն մատնել Սուրիոյ սահմանակից պետութիւններն ու ամբողջ Մերձաւոր Արեւեքը։
Իսկ Նոր Աշխարհակարգին ղեկավարումը ամերիկեան միահեծան հակակշիռէն ձերբազատելու յաւակնոտ օրակարգով տարուած ուժերը, Չինաստանէն մինչեւ Ռուսաստան ու Իրան, թէեւ մասամբ յաջողեցան «ամերիկեան ճամբար»ի յառաջխաղացքը կասեցնելու մէջ, բայց ճամբան տակաւին երկար է ու անյայտ խաղաքարերը բազմազան, իսկ Սուրիոյ ժողովուրդին արդարացի պահանջները բաւարարելու հնարաւորութիւնն ու այլընտրանքները անտեսանելի կը մնան՝ առնուազն անմիջական գալիքի առումով։
Մանաւանդ որ ամերիկեան «մենակատարութեան» դէմ միացեալ ճակատ յարդարած ուժերը, իրենց հերթին, շատ հեռու են սեփական տունը կարգի դրած օրինակելի պետութեանց բարի վարուց արժանաւորութենէն։ Ազգային եւ կրօնական իրաւազրկումներէ մինչեւ ժողովրդավարական ազատութեանց ոտնակոխումներ խոցելի կը դարձնեն վարկը այդ պետութեանց, որոնք իբրեւ թէ Սուրիոյ ժողովուրդին կայունութեան եւ բարօրութեան սատարելու ամբոխավարական կարգախօսով՝ այս օրերուն կը փութան իրենց ոտք կոխելու տեղը ունենալու սուրիական տագնապով նոր թափ ստացած միջին–արեւելեան ռազմաքաղաքական աւազուտքին մէջ։
Այս առումով կրօնաբարոյական ու աշխարհաքաղաքական իրենց կեղծ պատմուճաններէն մերկացած են մեծապետական ուժերը՝ կատարեա՛լ կրկէսի մը վերածելով Սուրիան եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը։
Իսկ Սուրիոյ հայ գաղթօճախը անմիջականօրէն, ապա՝ Հայաստանն ու հայրենամերձ գօտիի հայութիւնը անխուսափելիօրէն եւ, ընդհանրապէ՛ս, ամբողջ հայաշխարհն ու հայ քաղաքական միտքը ռազմավարականօրէն բռնուած են աննախատեսելի պայթումներով յղի այդ կրկէսին մէջ։
Կը նշանակէ, որ ինչպէս երէկ՝ Լիբանանի մէջ, այնպէս եւ այսօր Սուրիոյ տարածքին դէմ յանդիման կանգնած ենք հայկական ողջ ներուժը զօրաշարժի մէջ դնելու մարտահրաւէրին առջեւ։
Զօրաշարժ՝ ոչ միայն ի խնդիր Սուրիոյ հայօճախի անվտանգ պահպանման ու կազմակերպ իր կառոյցներով վերականգնման, այլեւ՝ ի սպաս Հայ Դատի պայքարին կենսական ու անփոխարինելի կռուաններէն մէկուն ազգային–քաղաքական վերանորոգման։
Խօսքը կը վերաբերի աշխարհով մէկ սփռուած իրաւատէր հայութեան ռազմավարական զօրաշարժին, որպէսզի մեծապետական մրցապայքարի նորօրեայ կրկէսի վերածուած Մերձաւոր Արեւելքին մէջ ոչ միայն պահպանենք հայկական մարտունակութեան դիրքերը, այլեւ՝ սուրիական տագնապի դիմագրաւման բովին մէջ աւելիով ամրապնդենք քաղաքական գործօնի մեր կարողականութիւնը։
Ոչ մէկ տարակոյս, որ Մերձաւոր Արեւելքի այսօրուան տագնապը կը դիմագրաւենք ազգային կարեւորագոյն առաւելութեամբ մը, որ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ներուժն է։
Նաեւ Հայաստան–Սփիւռք կա-մրջման եւ համահայկական զօրաշարժի համակարգման առումներով՝ ռազմավարական մեր դիրքերը անհամեմատօրէն զօրաւոր են։
Որքան ալ զգալի ըլլայ, այսօր եւս, մեծապետական ուժերուն եւ տարածաշրջանային հզօր պետութեանց ուղղակի թէ անուղղակի ազդեցութիւնը հայոց պետականութեան քաղաքական ու ռազմավարական ընտրանքներուն վրայ, այդուհանդերձ յուսադրիչ իրողութիւն ըլլալէ չի դադրիր Հայաստանի Հանրապետութեան լիիրաւ եւ լիարժէք ներկայութիւնը՝ իբրեւ համայն հայութեան հայրենիքն ու ազգային պետական տունը։
Կը բաւէ, որ Հայաստանի պետական ռազմավարութեան մէջ ամրագրուի համայն հայութեան ազգային–քաղաքական իրաւունքներուն պաշտպան կանգնելու յանձնառութիւնը, որ անկիւնաքարն է Հայ Դատի պահանջատիրութեան համազգային զօրաշարժին, որպէսզի ցարդ սփիւռքահայ օճախներուն մարտունակութեան ձգուած Հայ Դատի հետապնդումը վերանորոգուի եւ առաւել ուժեղանայ Հայաստանի պետական ներգործութեամբ։
Խօսքը չի վերաբերիր Սփիւռքի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու ոճով ու տարողութեամբ Հայաստանի պետական կառոյցները շարժման մէջ դնելուն։
Նախ՝ պետութիւնները գործելու իրենց ուրոյն ոճն ու տարողութիւնը ունին եւ Հայաստան կոչուած է Հայ Դատի հետապնդումը պետականօրէ՛ն յառաջ մղելու առաքելութեան, որուն ռազմավարական որոշումը դեռ չէ ամրագրուած Հայաստանի Սահմանադրութեամբ կամ Հայաստանի իշխանութեանց որդեգրած օրէնքներով։
Ապա՝ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին Հայաստան պէտք է կարենայ պետականօրէն զգալի եւ նկատառելի դարձնել իր ներգործութիւնը, որուն համար այսօր հայրենի իշխանութիւնները չունին ուժի անհրաժեշտ ներքին պաշարները, բայց ի վիճակի են ազդու ուժի պաշարի վերածել հայրենամերձ գօտիի հայօճախները, եթէ անշուշտ ուզեն եւ պատրաստ ըլլան Հայ Դատի համազգային զօրաշարժին։
Այդ իմաստով ալ Սուրիոյ հայութեան բարոյապէս պաշտպան կանգնելու եւ նիւթապէս օգնութեան հասնելու Հայաստանի իշխանութեանց աշխուժութիւնը միայն առաջին քայլն է ակնկալուած համազգային զօրաշարժին։
Մարտահրաւէրը շատ աւելի կը պահանջէ բոլորէ՛ս։
Ուղղուած է, շեշտակիօրէ՛ն, Հայաստանի պետական ռազմավարութեան մէջ Հայ Դատի հետապնդման ազգային–քաղաքական արեւելումը հաստատելու եւ ամրագրելու անհրաժեշտութեան։
Հայաստանի ռազմավարական այդ արեւելումին իրագործումով է, միայն, որ ինչպէս սուրիահայ գաղութը, այնպէս եւ համայն սփիւռքահայութիւնը կրնան տոգորուիլ պետականատէր ազգի մարտունակութեամբ եւ, Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական քարտէսի վերափոխման այսօրուան ծանրակշիռ մարտահրաւէրին ընդառաջ, համազգային զօրաշարժին մէջ նետուիլ։
Այո՛, սուրիահայութիւնը գոյութեան կռիւէն աւելին կը մղէ այսօր։
Հայ Դատի պայքարին վաղուան յառաջապահ դիրքերը ամրապինդ պահելու կռիւը կը մղէ։
Իսկ այդ կռիւը բոլորիս վաղուան օրը նուաճելու պայքար է եւ կը պահանջէ համազգային զօրաշարժ՝ Հայաստանով եւ աշխարհասփիւռ հայութեամբ։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ