ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն,
Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժի մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյնիսկ մթի՜ն ապագան…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

Խօսքը չի վերաբերիր միայն հայոց լեզուի նահանջին, որուն դէմ ահազանգը շատոնց հնչեցուցած են Շահան Շահնուր եւ իր Սերունդը։
Ոչ ալ ի մտի ունի հայոց լեզուի երկու ճիւղերուն սպառնացող աղաւաղումները, կամ՝ հայերէնի միասնական ուղղագրութիւնը վերականգնելու դժուարութիւններն ու չկամութիւնները միայն։
Խօսքը կը վերաբերի ազգային մեր ինքնութեան, հաւաքական յիշողութեան եւ հոգեմտաւոր միասնութեան ակունքներէն հեռանալու, ուծացումի ու այլասերման հոսանքներուն եւ ճնշումներուն անձնատուր դառնալու վտանգին։
Աւելի որոշակի՝ խօսքը կը վերաբերի լեզուամտածողութեան այն հիւծախտին, որ թէեւ երկար ժամանակէ ի վեր բոյն դրած է ազգային մեր մարմնին մէջ, բայց որուն առկայութեան եւ տարողութեան տակաւին նոր է, վերջին տարիներուն է միայն, որ սկսած ենք անդրադառնալ։
Եւ հեգնականօրէն, որքան ազգովին յառաջ կ՛ընթանանք համազգային մեր վէրքերը դարմանելու եւ աշխարհասփիւռ հայ կեանքի հեռաւորութիւնները կամրջելու, համաշխարհային մէկ մեծ քարտէսի մէջ մերձեցնելու ուղղութեամբ, այնքան զգալի կը դառնան ջլատիչ անդրադարձները հայ ազգային լեզուամտածողութեան ներքին մաշումին։ Հիւծախտ յիշեցնող հիւանդագին մաշում մը, որ հետեւանքն է հայկական ուրոյն արժէքներուն եւ հայեցիութեան հոգեհարազատ ակունքներուն վրայ մշակութային ու քաղաքակրթական տարբեր եւ օտար, խո՛րթ ազդեցութեանց առաջացուցած այլասերումին։
Փաստօրէն նոյնինքն հայրենի հողի վրայ՝ խորհրդային տասնամեակներուն, ինչպէս եւ սփիւռքահայ գաղութներուն միջեւ կամ մինչեւ իսկ միեւնոյն հայօճախի կեանքին մէջ՝ յետ–եղեռնեան տարագրութեան ամբողջ տեւողութեան, ապրած ենք այդ տագնապը։ Բայց ըստ ամենայնի անդրադարձած չենք այլասերման այդ վարակին ուղղակի ազգային մեր բջիջներուն մէջ թափանցելու կարողականութեան, մեր ինքնութեան հետ նոյնանալու, իբրեւ մեր էութեան բաղադրիչ մէկ մասնիկը սերտաճելու թունաւորութեան։
Կէս դար առաջ, երբ Խորհրդային կողմն աշխարհի այսպէս կոչուած Ձիւնհալը սկսաւ եւ հայաշխարհով մէկ մեր ժողովուրդը սկսաւ շունչ քաշել՝ ազգային իր արժէքներն ու յիշողութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ առաջին, թէեւ երկչոտ քայլերը յառաջ նետելով, այդ շրջանէն իսկ անմիջապէս զգալի եղան, անշո՛ւշտ, խորհրդահայուն եւ սփիւռքահայուն միջեւ մտայնութիւններու, մօտեցումներու եւ արժեւորման չափանիշներու տարբերութիւնները։
Շեշտակիօրէն քաղաքական եւ գաղափարական բնոյթ ու խորք ունէին այդ տարբերութիւնները, որոնք հետեւանքն էին խորհրդային ամբողջատիրութեան կողմէ հայրենաբնակ հայութեան պետականօրէն պարտադրուած մտակաղապարումներուն։ Պատմական ճշմարտութիւնները նենգափոխող այդ այլասերման արշաւին հասողութենէն զերծ մնացած չէին, դժբախտաբար, նաեւ տարագիր հայութեան այն հատուածները, որոնք Հայաստանի եւ հայութեան համար Խորհրդային Չարիքէն աւելի մտահոգիչ վտանգ կը տեսնէին… Դաշնակցութեան եւ անոր պարզած Եռագոյն Դրօշին, սրբացուցած Մայիս 28ին ու պաշտած Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակին մէջ։
Ընդհանրապէս գաղափարական, քաղաքական եւ կուսակցական հակադրութեանց ու հակամարտութեանց բուռն դարաշրջան էր։ Համապատասխան ալեկոծումներու ենթակայ էր նաեւ հայ կեանքը, հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքեան հեռաւոր ափերը։ Հայ ժողովուրդի ներաշխարհին մէջ եւս արմատացած աշխարհայեացքի տարբերութիւնները, հետեւաբար, ոչ ոք ի վիճակի էր կապելու կամ վերագրելու ներքին վարակի մը թունաւոր ներգործութեան… Ընդհակառա՛կն. ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, հայ քաղաքական մտքի բոլոր հոսանքներուն մօտ տիրական էին այն համոզումը, յոյսը եւ հաւատքը, որ արտաքին կաշկանդումներու քայլ առ քայլ յաղթահարումին հետ մեր ժողովուրդը ի վիճակի պիտի դառնար վերականգնելու իր ազգային յիշողութիւնը՝ մէկ Ազգի եւ մէկ ու միացեալ Հայրենիքի իր ժառանգութեան ամբողջապէս տէր կանգնելով։
Հայ Դատի պահանջատիրութեան ուժական պայքարը, որ քսաներորդ դարու վերջին քառորդին թափ առաւ սփիւռքի տարածքին եւ իր պսակումը գտաւ, 1988–1991ին, Արցախի իրողական ազատագրումով եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով, անկասկած պատմական դարձակէտի լուսաբաշխ ու յուսադրիչ նշանակութիւն զգեցաւ հայ ժողովուրդի մերօրեայ կեանքին մէջ։
Հայրենի իր հողին վրայ հայ ժողովուրդը ձեռնարկեց իր ազգային պետականութեան կառուցումին ու հզօրացումին՝ ի խնդիր
– Անկաշկանդ ու բազմակողմանի զարգացման հորիզոններու նուաճումին,
– Հասարակափոխութեան կործանարար ցնցումները հակակշռի տակ առնելու դժուարին պայքարին։
– Արցախեան ճակատի վրայ արեամբ նուաճուած յաղթանակը իրաւականօրէն ամրագրելու համաշխարհային զօրաշարժին։
– Հայաստանի Հանրապետութիւնը համայն հայութեան Պետական Տունը դարձնելու յաղթարշաւին։
Ազգային զարթօնքի այդ յաղթարշաւը նոյնքան բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ նաեւ սփիւռքահայութեան համար։
Հայրենահան ու հայրենազուրկ դարձած սփիւռքահայը իր ծանրութեան կեդրոնը տեսաւ վերանկախացեալ Հայաստանի ազգային պետականութեան մէջ։
Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարը իր ոտքերուն տակ քաղաքական շօշափելի հող գտաւ։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ սկսաւ իր քայլերը նետելու պետականատէր ազգի ինքնավստահութեամբ՝ յուսալով ու հաւատալով, որ վերանկախացեալ Հայաստանը պետականօրէն տէր կը կանգնի ցեղասպան թրքական պետութենէն քաղաքական ամբողջական հատուցում պահանջելու մեր ազգային անժամանցելի իրաւունքին։
Բայց ինչպէս որ միջնադարեան արաբ բանաստեղծ մը իրաւացիօրէն նշած է, ծովուն բացերը գտնուող նաւու մը պարագային, հովը միշտ չէ, որ կը փչէ նաւավարին փափաքած ուղղութեամբ…
Այդպէս ալ, ազգային մեր նորօրեայ զարթօնքին առաջին իսկ մակընթացութեան պահերէն զգալի դարձաւ, որ արտաքին կաշկանդումներէ ձերբազատուած ըլլալով անգամ՝ ազգովին մենք դժուարութիւն ունեցանք միեւնոյն լեզուամտածողութեամբ հաղորդակցելու, հասարակաց ու համազգային մեր պայքարը միեւնոյն՝ համազգայի՛ն ռազմավարութեամբ յառաջ մղելու։
Ընդհակառա՛կը. 1980ականներու վերջերուն եւ 1990ականներու սկզբնաւորութեան իսկ, մենք ականջալուր դարձանք իբր թէ պետական մտածողութենէ ներշնչուած այնպիսի մօտեցումներու, որոնք «մնայուն բարեկամներ չունենալու», «Թուրքիոյ հետ բարի–դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու», «Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ մեր մեղքի բաժինը ընդունելու» կամ «լեռներէն իջած ֆետայիի հոգեբանութենէն հրաժարելու» ողջմտութիւն քարոզեցին… «նարինջ ուտող սփիւռքին»։
Նման մօտեցումները ոչ մէկ աղերս ունէին ազգային մեր յիշողութեան եւ նախախորհրդային շրջանի հայկական ժառանգութեան հետ։ Ոչ ալ հետամուտ էին վերականգնելու խորհրդային բիրտ ուժով բանադրուած, ուրացուած եւ իբր մեր ժողովուրդին թշնամի հռչակուած ազգային արժէքները։
Իրենց գաղափարախօսական բառապաշարով՝ այդ բոլորը վերապրուկներն էին խորհրդային «ժառանգութեան»։ Իսկ լաւագոյն պարագային՝ այլամերժ ու ինքնակեդրոն պոռթկումներն էին հալածանքի տակ ճնշուած հայ ազգայնականներու, որոնք խորհրդային «գնացքէն դուրս թռչած»՝ Հայաստանի պետական ղեկը ստանձնելու եւ Ազգն ու Հայրենիքը մենակալ առաջնորդելու նկրտումով տարուած էին։
Թերեւս որոշ իմաստով հասկնալի էին նման պոռթկումները վերանկախացեալ Հայաստանի ինքնակազմակերպման սկզբնական այդ փուլին, երբ հասարակափոխութեան ծանր ցնցումներն ու թուրքեւազերիական շրջափակումները տնտեսապէս եւ ընկերային առումով զգետնեցին Հայաստանը։
Բայց ժամանակը եկաւ ցոյց տալու, որ այդ պոռթկումները վերջին հաշուով խոր արմատ նետած համոզումներու արտայայտութիւն էին։ Ախտանշաններն էին լեզուամտածողութեան հիւծախտի մը, որ խորհրդային ամբողջատիրութեան շրջանին վարակած է հայ քաղաքական միտքը։
Հայաստանի վերանկախացումին հետեւած աւելի քան քսան տարիները եկան աւելիով հաստատելու այս դառն իրողութիւնը եւ շեշտելու ազգովին մեր առջեւ ցցուած վտանգը։
Մանաւանդ որ խորհրդային կեղտաջուրերուն գործած վնասը հայ ազգային լեզուամտածողութեան հիւծախտին մետալի մէկ երեսն է միայն։
Մետալի միւս երեսին՝ սփիւռքեան ափերու վրայ ձուլումի եւ այլասերման հոսանքներուն գործած համապատասխան աւերն է։
Աշխարհացրիւ հայութիւնը, Շահնուրի ժամանակներէն թափ առած լեզուի նահանջին հետ, անընդհատ ընկրկում ապրեցաւ եւ նահանջ արձանագրեց նաեւ ազգային լեզուամտածողութեան անաղարտ պահպանման բոլոր ճակատներուն վրայ՝ հայ ընտանիքի պահպանման, հայկական հոգեմտաւոր մշակոյթի վերանորոգման եւ հայու կրկնակ պատկանելութեան հաւասարազօր զարգացման ուղղութիւններով։
Անշուշտ եկաւ ժամանակաշրջան մը, 1970ականներուն, որ քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման ոգորումներով՝ սփիւռքը կրցաւ, Հայ Դատի ուժական պայքարին զինուորագրուելու գաղափարական կրակով, նորահաս սերունդներու մտքին, սրտին եւ կեանքին մէջ վառել հայ ազգային յիշողութեան եւ ժառանգութեան տէր կանգելու յանձնառութիւնը։
Այդ առումով Սփիւռքի տարածքին ծաւալած Հայ Դատի ուժական պահանջատիրութիւնը եւ Արցախի մէջ ծառացած ազգային–ազատագրական պայքարը ի վիճակի եղան մեր սերունդները պատուաստելու լեզուամտածողութեան հիւծախտին դէմ։
Բայց պատուաստը միայն ժամանակաւոր դարման կրնայ ըլլալ հիւծախտի մը դէմ, որ թափանցած է ազգի մարմնին մէջ ու այլասերումով վարակած է անոր լեզուամտածողութեան բջիջները։
Մնայուն դարմանը լեզուամտածողութեան հիւծախտին արմատական դիմագրաւումն է հայաշխարհի ողջ տարածքին։
Արմատական այդ դարմանը, հայ լեզուի անաղարտ պահպանման, Արեւելահայերէնի եւ Արեւմտահայերէնի իրաւահաւասար զարգացման եւ հայոց լեզուի միասնական ուղղագրութեան վերականգնման կողքին, կը պահանջէ առանձին եւ առանձնայատուկ դեղատոմսեր՝ հայրենի ոստաններուն եւ սփիւռքեան հայօճախներուն համար։
Խորհրդային ամբողջատիրութեան պարտադրած կաշկանդումներէն յարաբերաբար զերծ մնացած սփիւռքը, որ հայ ժողովուրդի ազգային–քաղաքական աւանդներով եւ գաղափարական շունչով կազմաւորուելու հնարաւորութիւնը ունեցաւ, յատուկ առաքելութիւնը ունի հասկացողութեամբ մօտենալու Հայաստանի յետ–խորհրդային իրականութեան։
Մտահան չընենք Հայաստան–Թուրքիա Արձանագրութիւններու ստորագրութեան հարցին շուրջ երեք տարի առաջ բուռն ու լայն ծաւալ ստացած, իսկ տխրահռչակ այդ Փրոթոքոլներու սառեցումէն ետք «մեղմ կրակի վրայ» դրուած հայ քաղաքական մտքի ներքին բանավէճը։
Մտահան չընենք՝ թերեւս բնական ու հասկնալի պոռթկումները մէկ կողմէ հայրենաբնակ հայերուն, որոնք կը շեշտէին Հայաստան–Թուրքիա ցամաքային սահմանի ամէն գնով բացման գերակշիռ առաջնահերթութիւնը, իսկ միւս կողմէ այն սփիւռքահայերուն, որոնք կ՛ընդվզէին հայապատկան հողերու հաշւոյն կատարուած զիջումներով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ՀՀ իշխանութեանց վարքագծին դէմ…
Մտահան չընենք, մանաւա՛նդ, որ Թուրքիա ինչպիսի՛ «խանդավառութեամբ» ձեռքերը շփեց եւ տենդագին լծուեցաւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ արուեստական ճեղքեր բանալու եւ հակադրութիւն հրահրելու… գործին։
Իր կարգին Հայաստանը ի վերջոյ պէտք է անդրադառնայ, թէ հայ ազգային լեզուամտածողութիւնը խորհրդային արատներէն մաքրազտելու համար, նախապայման է ազգային մեր յիշողութիւնն ու ժառանգութիւնը հարազատօրէն ներկայացնել մեր ժողովուրդին, մանաւանդ նորահաս սերունդներուն։
Իսկ այլասերման վարակները արմատականօրէն յաղթահարելու գործին չեն նպաստեր, այս օրերուն անգամ, Հայաստանի Հանրային Հեռուստատեսութեան հաղորդումներով կատարուած երեւութապէս աննշան, բայց խորքով խորթ հետեւեալ տիպի վրիպումները կամ նորամուծութիւնները՝
– Մեր ազգային դրօշին՝ Եռագոյնին «կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյնը» երգի յանկերգի վերածելը «կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն»ով… նոյնիսկ եթէ ծիրանագոյնը հայոց պատմութեան մէջ մեծ հնչեղութիւն ունի, բայց կապ չունի ազգային մեր յիշողութեան անաղարտ վերականգնումին հետ։
– Թեհլիրեանի Երգին պատմական մուտքի տողը՝ «Դաշնակցութիւն ժողով արեց»ը փոխարինել «Ողջ հայութիւն ժողով արեց»ի անհեթեթութեամբ, նոյնիսկ եթէ բաղձալի պիտի ըլլար, որ ողջ հայութիւնը իրապէս հնարաւորութիւն ունենար նման ժողովով մը Թալէաթի ահաբեկումը որոշելու…
– Անդրանիկը մեծարելը իբրեւ քաղաքական իմաստուն գործիչ՝ երբ խօսքը կը վերաբերի ազգային հերոսին… ռուսասիրութեան, բայց նոյն հաղորդումին մէջ իսկ Անդրանիկին քաղաքական դէմքը երկրորդական դասելը, երբ խօսքը կը վերաբերի Մեծ Հայուն ծովէ ծով Հայաստան պահանջելու դիրքորոշումին։
Նման մանր–մունր օրինակները անհամար են եւ ամէնօրեայ հանդիսաւորութեամբ կը հրամցուին Հայաստանի առօրեայով ապրող հայ հեռուստադիտողին։
Եթէ պետական հսկողութեան տակ գործող լրատուամիջոցները պատասխանատուութեան ոգիով չմօտենան լեզուամտածողութեան հիւծախտը դիմագրաւելու իրենց առաքելութեան, բնաւ պէտք չէ զարմանալ, որ պետական հսկողութենէ դուրս գտնուող լրատուամիջոցները ծանրագոյն խոցեր պատճառեն։
Պէտք չէ զարմանալ, օրինակ, որ Հալէպի մէջ գտնուին քաղաքացիական ճգնաժամը ցմրուր ճաշակող հայորդիներ, որոնք Հայաստանէն եկած թղթակիցի մը տեսաերիզին վրայ ընդվզումով հակազդեն Հայաստանէն ստացուած ճիշդ կամ սխալ այն լուրերուն, թէ Երեւան ապաստանող հալէպահայերը անբարեացակամ վերաբերումի կ՛արժանանան եղեր «հայաստանցի»ներուն կողմէ։
Հայ ազգային լեզուամտածողութեան հիւծախտը չափէն աւելի լուրջ վտանգ է։
Ցաւոտ թղթածրարը միայն բանալու կը ծառայէ այս ներածութիւնը։
————————————————————————————————————————-
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ