
ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Պատմական Աղուանքի մայրաքաղաք Կուտկաշէնի մէջ, (Կապալա) Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը, որմէ ետք կողմերուն միջեւ ութ փաստաթուղթեր ստորագրուած են:
Հանդիպման աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Էրտողան հերթական անգամ ատրպէյճանցիներուն հաւաստիացուցած է, որ «քանի դեռ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը չէ լուծուած, Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը պիտի չբանայ: Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ դիրքորոշումը կը մնայ նոյնը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով Թուրքիա մի՛շտ պիտի կանգնի Ատրպէյճանի կողքին», միաժամանակ կրկնելով թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» ըլլալու կարգախօսը:
Իր կարգին, Ալիեւ յայտարարած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հարցը չի կրնար քննարկման առարկայ դառնալ»:
Հետաքրքրական է այն, որ ստորագրուած համաձայնագիրներուն մէջ տակաւին չկայ Ատրպէյճան այցելել ցանկացող թուրքերուն համար այցագիրի (վիզա) դրութիւնը ջնջելու համաձայնագիր, որուն ստորագրութիւնը կը ձգձգուի Պաքուի կողմէ: Թուրքիա արդէն իսկ ջնջած է ատրպէյճանցի այցելուներուն համար այցագիրի դրութիւնը. անոնք առանց այցագիրի Թուրքիա կ՛այցելեն: Այս իրողութիւնը կը քննադատուի Թուրքիոյ մէջ: