ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դամասկոսի դէմ զէնք բարձրացուցած Սուրիոյ ազատ բանակի զինեալներուն մէկ յարձակումին թիրախ դառնալով՝ Հալէպի օդակայանէն դէպի քաղաքի կեդրոնական շրջանները ճամբայ ելած ինքնաշարժներու շարասիւնի մը մէջ գտնուող չորս հայեր սպաննուած են Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12ին: Վիրաւորուած են 13 ուրիշներ:
Հիւանդանոցներ տեղափոխուած թեթեւ վէրքերով սուրիահայերուն մեծ մասը արդէն տուն վերադարձած է, իսկ աւելի ծանր վիրաւորուածները կը մնան հիւանդանոցի մէջ. այս մասին յայտնած է Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեան:
Ան աւելցուցած է, թէ զոհերուն մեծ մասը Հայաստանէն Սուրիա վերադարձողներ են: Զոհերէն մէկը՝ Արսէն Պեպեճեանը, Երեւանէն ժամանողներէն չէր, այլ օդակայանին մէջ դիմաւորած էր Հրաչ Պեպեճեանը, որ նմանապէս սպաննուած է: Միջադէպին հետեւանքով զոհուած են նաեւ Յարութ Սուլաւեանն ու Մեսրոպ Աճէմեանը:
«Հալէպի լրատուական ցանց»ի «Ֆէյսպուք»ի էջը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ հայաշատ Միտան (Նոր Գիւղ) թաղամասին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է եւ կան զոհեր ու վիրաւորներ, որոնց վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւններ ցարդ չեն հաղորդուած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.