ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը Ուաշինկթընի մօտ Հունգարիոյ դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին բողոքագիր յանձնած է եւ յայտնած է ամերիկահայութեան զայրոյթը՝ Հունգարիոյ կառավարութեան կողմէ ոճրագործ Սաֆարովը Ատրպէյճանին արտայանձնելու որոշումին առնչութեամբ: Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը նաեւ քննադատած է Ատրպէյճանի դէմ Հունգարիոյ իշխանութեանց ցուցաբերած անբաւարար հակադարձութիւնը:
Հունգարիոյ կառավարութեան կոչ ընելով ներողութիւն խնդրելիու եւ դատապարտելու Պաքուի ամօթալի արարքը՝ Հայ Դատի յանձնախումբը դեսպանին փոխանցած է, թէ Հունգարիոյ կառավարութիւնը վստահութիւն չի ներշնչեր, երբ կը պնդէ, թէ տեղեակ չէր արտայանձնումէն ետք մարդասպանին ներում շնորհելու կամ զայն հրապարակայնօրէն հերոսացնելու հաւանականութեանց մասին. նաեւ շեշտուած է, թէ Հունգարիա պէտք է գիտնար, որ Սաֆարովի յանձնումը պիտի նպաստէր Ատրպէյճանի կողմէ սպառնալիքներու կտրուկ աճին, ինչ որ նաեւ տարածաշրջանին մէջ ապակայունութեան պատճառ պիտի ըլլայ:
«Սաֆարովեան գայթաղկութիւնը մեծ իրարանցում յառաջացուց համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի քաղաքակիրթ պետութիւններուն մօտ: Հունգարական ընդդիմութիւնը դատապարտեց վարչապետ Վիքթոր Օրպանի արարքը եւ պահանջեց անոր հրաժարականը: Հազարաւոր հունգարացիներ ցոյցերով բողոքեցին Օրպանի որոշումին դէմ: Աշխարհասփիւռ հայեր՝ Հնդկաստանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպայէն մինչեւ Միջին Արեւելք, դուրս եկան բողոքի ցոյցերու Հունգարիոյ դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն առջեւ: Հակառակ Ամերիկայի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, ՆԱԹՕի եւ միջազգային հանրութեան քննադատութիւններուն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ ոճրագործ Սաֆարովի հարցով անդրդուելի մնալ», նշուած է բողոքագիրին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.