«ՄԱՐՄԱՐԱ»
Մարզական աշխարհէ ներս Հայաստան դժբախտաբար յաճախակի առիթներ չունի հայ ժողովուրդը ուրախացնելու եւ իր անունը համաշխարհային մարզական աշխարհէն ներս լսելի դարձնելու համար։ Բայց գոնէ կայ մարզական գետին մը, որ մարզական գետին ըլլալէ աւելի՝ միտքի ու իմաստութեան գետին է, ուրկէ ներս հայ ժողովուրդի ընտրեալ զաւակները կը շէնցնեն իրենց ազգակիցները ու իրենց հայկական անունները կը հնչեցնեն աշխարհի բոլոր տարածութիւններուն վրայ։ Ասիկա ճատրակն է։ Եւ երէկ Հայաստանի ընտրեալ ճատրակիստները անգամ մը եւս Հայաստանին շահեցուցին այն ոսկեայ մետալը, որ աշխարհի բոլոր մարզիկներուն երազն է։ Իսթանպուլի մէջ կայացած ճատրակի միջազգային ողիմպիականը, որ օրերէ ի վեր յուզումնալից ժամեր կ՛ապրեցնէր ճատրակի սիրահարներուն, բայց մասնաւորաբար հայերուն, անցաւ վերիվայրումներու մէջէն, պատահեցաւ, որ հայ ճատրակիստները կորսնցնեն իրենց յոյսը, բայց անոնք, կարծես վճռած ըլլային Իսթանպուլի մէջ ոսկեայ մետալ շահիլ, չվհատեցան ու իրենց ամբողջ տաղանդը ի գործ դրին, մինչեւ որ իրականացուցին ամբողջ հայ ժողովուրդին ապրած երազը։ Հայաստանի խումբը առաջին հանդիսացաւ եւ ոսկեայ մետալ ու բաժակ տուն պիտի տանի այսօր։
Ճատրակի մարզաձեւը բնականաբար բնաւ չի նմանիր այն միւս մարզաձեւերուն, որոնք երբեմն հիմնուած են սաստկութեան, կոպտութեան կամ ֆիզիքական կոպիտ ուժի վրայ։ Ճատրակը հիմնուած է հանճարեղ միտքի ու երեւակայութեան հզօր եւ նուրբ կարողութեան վրայ եւ մենք իրաւունք ունինք մտածելու որ ճատրակէ ներս տարուած յաղթանակը կրկնակի յաղթանակ է, քանի որ ան միայն ֆիզիքական ուժի յաղթանակը չէ, այլ նաեւ յաղթանակն է միտքին եւ ուղեղին։ Հայ ժողովուրդի զաւակները կրնան հպարտանալ, որ ոսկեայ մետալը կը շահին, եւ թէ երրորդ անգամ ըլլալով կը շահին մարզէ մը ներս, որ միւս կողմէ կը ցոլացնէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն մտածելու, երեւակայելու ու ստեղծագործելու հանճարեղ կարողութիւնը։
«Մարմարա», որ օրերէ ի վեր մասնագիտական մակարդակի հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ մրցումներուն, ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Հայաստանի ճատրակիստներու խումբը, եւ կը մաղթէ, որ անոնք տակաւին երկար ժամանակ բարձր պահեն այն դրօշակը, զոր ներկայացուցին, եւ միջազգային հրապարակներու վրայ հնչեցնեն ո՛չ միայն իրենց անունները, այլ նաեւ ազգային քայլերգը հայոց երկրին, որուն զաւակներն են։
Սեպտեմբեր 10, 2012