ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Երբ Իլհամ Ալիեւ Սեպտեմբեր 18ին ժամանէ Փարիզ, հազարաւոր ֆրանսահայեր Ատրպէյճանի ղեկավարը պէտք է դիմաւորեն պաստառներով՝ պատկերելով զայն իբրեւ «Կացնաւորներու պարագլուխ» («Bash Baltaji»)՝ արիւնոտ կացինը ձեռքին: Հետաքրքրական է այն, որ երեք լեզուներով ալ՝ ատրպէյճաներէն, հունգարերէն եւ թրքերէն, «balta» կը նշանակէ կացին:
Բողոքի ընթացքին ֆրանսահայերը պէտք չէ իրենց ուժերը վատնեն անիմաստ կարգախօսներ՝ «Ամօ՛թ Պաքուին» կամ «Ամօ՛թ Հունգարիոյ» գոռալով: Անոր փոխարէն, անոնք պէտք է հանդէս գան վճռական ուղերձով մը, թէ Արցախը պէտք է ճանչցուի որպէս անկախ պետութիւն, որովհետեւ արցախահայութիւնը չի կրնար գոյատեւել կացնահարող մարդասպաններ փառաբանող բռնատիրական վարչակարգի մը լուծին տակ:
Հունգարիան եւ Ատրպէյճանը ակամայ մեծ օգուտ տուած են հայերուն՝ արտայանձնելով եւ ներում շնորհելով «հերոս» Ռամիլ Սաֆարովին, որ 2004ին Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕի դասընթացքներու ընթաց-քին, կացինահարելով սպաննեց քնացած իր հայ դասընկերը: Բազմաթիւ պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ դատապարտած են Հունգարիան ու Ատրպէյճանը՝ իրենց նողկալի այս քայլերուն համար: Հայերը պէտք է օգտուին այս ստոր գործէն՝ հանրահաւաքներ կայացնելով աշխարհի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ, այդ հարցը բարձրացնելով բոլոր միջազգային հանդիպումներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ դատական հայցեր ներկայացնելով եւրոպական դատարաններ, ընդդէմ Հունգարիոյ, Ատրպէյճանի եւ ՆԱԹՕի: Այժմ, երբ կացինահարող ոճրագործին ազատ արձակումը յառաջացուցած է համաշխարհային կարեկցանք հայերու, եւ ակնյայտ հակակրանք՝ ատրպէյճանցիներու նկատմամբ, Հայաստան պէ՛տք է օգտուի բացուած այս նեղ եւ կարճատեւ պատուհանին ընձեռած հնարաւորութենէն՝ ճանչնալու համար Արցախի անկախութիւնը եւ կոչ ընելու այլ երկիրներու՝ հետեւելու իր օրինակին: «Google»ի որոնումը կը բացայայտէ, թէ վերջին տասը օրուան ընթացքին այս թեմային շուրջ գրուած են միլիոնէ աւելի յօդուածներ, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը՝ յօգուտ Հայաստանի եւ ընդդէմ Ատրպէյճանի:
Հայերը պէտք է աշխարհին բացատրեն, թէ ապարդիւն է խաղաղ բանակցութիւններ վարելը Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, որոնք միջազգային պայմանագիրներուն հետ կը վերաբերին այնպէս որ կարծէք արտաքնոցի թուղթ ըլլային անոնք: Վերջին ամենաթարմ օրինակը Ատրպէյճանի արդարադատութեան փոխնախարարի Օգոստոս 15ի նամակն է՝ ուղղուած իր հունգարացի գործընկերոջ, ուր վերջինս հաւաստիացուած է, թէ Սաֆարովը Պաքուին արտայանձնելու պարագային՝ ան ազատ պիտի չարձակուի: Երկու շաբաթ անց, կացինահարողը ոչ միայն ազատ արձակուեցաւ, այլեւ՝ ստացաւ պաշտօնի բարձրացում եւ պարգեւատրուեցաւ «Պալթաճիներու պարագլուխ»ին կողմէ, որ սորված է թուրք ղեկավարներու՝ ոճրագործները փառաբանելու եւ արձանագրութիւններուն հետ՝ իբրեւ անպէտք թուղթի կտորի, վերաբերելու փորձէն:
Սակայն թրքական իշխանութիւնները այնքա՛ն ալ բուռն ցանկութիւն չունին իրենց անունները կապելու Ալիեւ կրտսերի գարշելի կեցուածքին հետ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը՝ պնդելով, որ Թուրքիան ոչ մէկ կապ ունի Հուգարիայէն Սաֆարովի արտայանձնման հետ, թէեւ Պաքու ժամանելէն ետք՝ մարդասպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած էր Թուրքիոյ աջակցութեան համար: Անկախ անոր ճշգրտութենէն, թրքական յայտարարութիւնը եւս կը հաստատէ, թէ Ատրպէյճան մեկուսացուած է աշխարհէն եւ լքուած մեծ պետութիւններուն՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ, որոնք բոլորը դատապարտեցին Սաֆարովի ազատ արձակումը:
Յուսահատաբար, Ատրպէյճանի անվտանգութեան ծառայութիւնները յօրինած էին «ASALA»ի կողմէ (Հայաստանի ազատագրման հայկական գաղտնի բանակ) ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն սպառնացող կեղծ նամակ մը, որպէսզի Ալիեւ կարենայ ձեռք ձգել համաշխարհային հանրութեան կարեկցանքը: Կեղծուած նամակը այնպիսի՛ յայտարարութիւններ կը պարունակէր, որոնցմով որեւէ հայ երբեք հանդէս պիտի չգար, ինչպէս օրինակ՝ պնդումներ, որ իբր թէ Ցեղասպանութեան ժամանակ ջարդուած է ընդամէնը 600 հազար հայ. կեղծ թիւեր, որոնք կը շրջանառուին ժխտողական քաղաքականութիւն վարող թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու կողմէ: Որեւէ հայ, զոհերու ահռելի թիւը 1.5 միլիոնէն չի՛ նուազեցներ 600 հազարի: Ի պատասխան այս կեղծիքին, «ASALA»ն յայտարարութիւն տարածեց՝ հերքելով նամակին իսկութիւնը: Ատրպէյճանցիներու այս խարդախ գործողութիւնները հաւաստի կը դարձնեն այն զրոյցները, թէ Ատրպէյճան կրնայ որոշել «վերացնել Սաֆարովը»՝ իր «ազգային հերոսը», անոր սպանութեան հարցով մեղադրելով հայերը:
Ճակատագիրի հեգնանքով, Հայաստան անցեալ Կիրակի օր պարտութեան մատնեց Հունգարիան՝ դառնալով Պոլսոյ մէջ կայացած Ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի ախոյեան: Ատրպէյճան գրաւեց 10րդ, իսկ Թուրքիան՝ 48րդ դիրքը: Հայերը իսկապէ՛ս պէտք է հպարտանան այս աներեւակայելի յաղթանակով (երրորդ անգամն ըլլալով), սակայն անոնք պէտք է ձեռնպահ մնան այլ երկիրներու ժողովուրդներուն մասին վիրաւորական արտայայտութիւններ ընելէ: Բոլոր ազգութիւններուն մէջ ալ կան լաւ եւ վատ մարդիկ: Հունգարիոյ, Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն հանդէպ վատ զգացումներ տածելու փոխարէն, հայերը պէտք է ընդդիմանան անոնց, որոնք կը ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կ՛արտայանձնեն քրէական յանցագործը կամ կը փառաբանեն կացինահարող մարդասպանը:
Ամերիկայի ատրպէյճանական ընկերութեան նախագահ եւ «Pax Turcica» հիմնարկի հիմնադիր Թոմրիզ Ազերի, «Նիուզ» կայքին վրայ տեղադրուած հարցազրոյցի մը մէջ խորհուրդ կու տայ ինծի՝ Թուրքիան քննադատելու փոխարէն՝ օգնել Արցախի հակամարտութիւնը լուծելու: Ազերի յայտարարած է. «Ես անկեղծօրէն կը մաղթեմ, որ մինչեւ մէկ այլ թրքատեաց ներբող մը հեղինակելը, պարոն Սասունեան վերլուծէ, թէ ի՛նչ կարելի է ընել հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար»: Իմ խորհուրդն է Թոմրիզ Ազերիին՝ չժխտել անցեալի ոճիրները, չգործել նորերը՝ կացինով կամ առանց կացինի, ապա՝ հետամուտ ըլլալ խաղաղ լուծումներու, այլ ոչ թէ ցեղապաշտական հակահայկական զանգուածային «հիսթերիա» հրահրել «Bash Baltaji»ին եւ անոր համախոհներուն կողմէ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ