
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Մինչ իսլամութիւնը վարկաբեկող ամերիկեան ոչ արհեստավարժ շարժապատկերի մը ստեղծած արտառոց իրարանցումը կը շարունակէ հակաամերիկեան ցոյցեր եւ յարձակումներ հրահրել, անիկա նաեւ իր հետքը սկսած է ձգելու Նոյեմբեր 6ի նախագահական ընտրութեանց վրայ:
Արդարեւ, հանրապետական նախագահական թեկնածու Միթ Ռամնի Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11ի յետմիջօրէին վերահաստատեց իր ընտրապայքարին կողմէ նոյն օրը նախագահ Պարաք Օպամայի հասցէին կատարուած այն քննադատութիւնը, թէ նախագահը բաւարար զայրոյթով չէ հակադարձած ու դատապարտած Լիպիոյ մօտ ամերիկացի դեսպանին սպանութիւնը: Իր կարգին, Օպամա պատասխանելով «Սի.Պի.Էս.»ի մէկ լրագրողին այս մասին կատարած հարցումին՝ բաւարարուեցաւ ըսելով, թէ Ռամնի անցեալին եւս որդեգրած է «նախ կրակէ, ապա նշան առ» գործելաոճը:
Սպիտակ տունը նախապէս քննադատած էր Ռամնիի ընտրապայքարի պատասխանատուները, որոնք նման ողբերգական միջադէպէ մը իսկ կը փորձեն քաղաքական շահ կորզել՝ անհիմն ցեխարձակումներ կատարելով նախագահի հասցէին:
Ռամնիի ընտրապայքարին դժգոհութիւնը այն է, որ Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումէն առաջ, Գահիրէի մօտ ամերիկեան դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էր՝ քննադատելով նշեալ շարժապատկերը պատրաստողները:
Ռամնին նման մօտեցումով ոչ միայն օգտակար չի հանդիսանար իր ընտրապայքարին, այլ յաւելեալ փաստեր կու տայ զինք քննադատողներուն, որոնք Ռամնին կը ներկայացնեն իբրեւ այնպիսի անձ մը, որ թիրախին հասնելու համար պատրաստ է բարոյական սկզբունքներ զոհելու, ինչպէս ըրած է իր ընկերութիւններու բաժնետէրերուն շահ ապահովելու համար՝ մեծաթիւ պաշտօնեաներ գործէ արձակելով:
Արեւմուտքի աջակցութիւնը վայելող Լիպիոյ ապստամբներուն խարիխսը հանդիսացած Պենկազիի մէջ ամերիկացի դեսպանին սպանութիւնը, Ռամնին կրնար շատ աւելի դիւանագիտական ձեւով օգտագործել: Նախագահէն յաւելեան զայրոյթ պահանջելու փոխարէն, Ռամնի այդ միջադէպը կրնար ներկայացնել իբրեւ ամերիկեան արտաքին (յատկապէս միջինարեւելեան) քաղաքականութեան ձախողութեան հետեւանք մը, սակայն իր այս կեցուածքով ան հաստատած եղաւ մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ Օպամայի կատարած այն պնդումը, թէ հանրապետական թեկնածուն արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ բաւարար փորձառութիւն չունի: