ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Մուհամմատ մարգարէն ծաղրող եւ իսլամութիւնը վարկաբեկող ամերիկեան սիրողական շարժապատկերը, անցեալ շաբաթ ամբողջ աշխարհին մէջ պատճառ դարձաւ հակաամերիկեան զանգուածային եւ կատաղի ցոյցերու սանձազերծման:
Մոլեգնող ցոյցերը ունեցան մահացու աւարտ, երբ անյայտ յարձակողներ գրաւեցին Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանը՝ սպաննելով Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթոֆըր Սթիվընսը ու երեք աշխատակիցներ:
Շարք մը երկիրներու մէջ անվտանգութեան ուժերը սպաննեցին տասնեակ ցուցարարներ, որովհետեւ անոնք այրած էին ամերիկեան դրօշներ եւ բարձրացած ԱՄՆ դեսպանատուներու պատերուն վրայ:
Կրակի վրայ իւղ լեցուց սկզբնական հաղորդումին մէջ հնչած այն կեղծ պնդումը, թէ շարժապատկերը նկարահանած եւ ֆինանսաւորած են իսրայէլցիներ: Իրականութեան մէջ, անիկա նկարահանուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ, եգիպտացի քրիստոնեայ դատապարտեալի մը կողմէ, որուն շարժապատկերը խստօրէն քննադատուած է Լոս Անճելըսի Ղպտի եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Սրապիոնի կողմէ:
Իսկական խնդիրը, սակայն, գարշելի շարժապատկերէն եւ անոր անխոհեմ բեմադրիչէն աւելի հեռուն կ՛երթայ: Ժապաւէնը ցուցարարներուն համար պարզապէս պատրուակ ծառայեց՝ արտայայտելու տասնամեակներու ընթացքին կուտակած իրենց հակաամերիկեան ցասումը՝ Միացեալ Նահանգներու արատաւոր եւ անարդիւնաւէտ քաղաքականութեան հանդէպ: Սակայն ասիկա չ՛արդարացներ ամերիկեան դիւանագէտներու սպանութիւնն ու ԱՄՆ դեսպանատուներուն վրայ յարձակումները:
Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ վարչակարգերու լուրջ թերութիւններուն բաւական երկար ցանկը կրնայ բազմաթիւ հատորներ լրացնել: Անկախ անկէ, թէ անիկա պիտի կոչուի «արաբական գարուն» կամ «դժգոհութեան ձմեռ», Երրորդ աշխարհի պետութիւններու ոտնահարուած զանգուածները, ի վերջոյ, բռնկեցան հակաամերիկեան զայրոյթով՝ երկար ժամանակ հանդուրժելէ ետք Ուաշինկթընի կողմէ հովանաւորուող դաժան բռնակալները: Ամերիկեան քաղաքական գործիչներ, յաճախ կարճատեւ եւ անհեռատես նպատակներու համար, կը վնասեն Միացեալ Նահանգներու հեռագնայ շահերը:
Միացեալ Նահանգներու ցաւալի այլ սխալը օտարերկրեայ կաշառակեր ղեկավարներու գրպանները միլիառաւոր տոլարներով լեցնելն է՝ «մարիոնէթ»ներու վարչակարգերուն նեցուկ կանգնելու եւ անոնց բարեկամութիւնը գնելու համար: Ցաւօք, ամերիկեան այս շռայլութեան չնչին մասը կը հասնի աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն: Ի վերջոյ, զանգուածները կը տապալեն բռնակալները եւ իրենց զայրոյթը կը թափեն Միացեալ Նահանգներու մօտակայ թիրախին՝ ամերիկեան դեսպանատան եւ դրօշին վրայ՝ զանոնք համարելով իրենց կեղեքման եւ թշուառութեան խորհրդանիշերը:
Այնուհետեւ, Ուաշինկթընի մէջ քոնկրեսական երկարատեւ լսումներ տեղի կ՛ունենան, քանի որ օրէնսդիրներուն մօտ հարց ծագած էր, թէ ինչո՞ւ այսքա՛ն շատ օտարերկրեայ ղեկավարներ դարձած են հակաամերիկեան, եւ թէ անոնց կաշառակեր նախորդները ի՞նչ ըրած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին օգնութեան միլիառաւոր տոլարներով: Փոխանակ քայլեր ձեռնարկելու՝ ստուգելու համար, որ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ յատկացուած օգնութիւնը կը հասնի հասարակութեան ամենակարիքաւոր խաւերուն, Քոնկրեսը յաճախ կը սպառնայ կասեցնել ամբողջ օգնութիւնը՝ նոր ղեկավարներուն դաս տալու համար, ատով իսկ առաւել թշնամացնելով զանոնք:
Առաւել խնդրայարոյց է այն վտանգաւոր դերը, զոր Միացեալ Նահանգներ կը խաղայ տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն մէջ: Շահերու թիւրըմբռնման պատճառով, ամերիկեան պաշտօնատարները շատ յաճախ կ՛օգտագործեն իրենց երկիրի ծանր կշիռը՝ ամէնուր անհարկի պատերազմներու մէջ խրուելով կամ կողմնակալ դիրք բռնելով, երբ հաւասարակշռուած մօտեցումը կրնար աւելի արդիւնաւէտ դարձնել հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման իրենց միջնորդութիւնը:
Շրջահայեցութիւնը յատկապէս անհրաժեշտ է ընտրական տարուան ընթացքին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուները չափազանց կողմնակալ յայտարարութիւններ կ՛ընեն՝ քուէարկող տարբեր շրջանակներու շահերը ներկայացնելու համար: Անզգոյշ ելոյթ մը կրնայ հեռահար հետեւանքներ ունենալ՝ հարուածելով Ամերիկայի վարկը եւ վանելով միլիոնաւոր մարդիկ՝ ամբողջ աշխարհին մէջ:
Արաբներու եւ մահմետականներու մեծ մասը համոզուած է, որ Ամերիկան անաչառ միջնորդ չէ եղած արաբա-իսրայէլեան հակամարտութեան կարգաւորման մէջ: Այդ իսկ պատճառով, անոնք մեծ վրդովումով եւ խոր զայրոյթով համակուած են Միացեալ Նահանգներու հանդէպ: Իւրաքանչիւր սադրանք, ինչպիսին է Քուրանի հրկիզումը կամ հակամահմետական շարժապատկերներու նկարահանումը, կը յառաջացնէ կատաղի հակազդեցութիւն: Քանի որ Միացեալ Նահանգներու օրէնքները կը պաշտպանեն անգամ ամենազազրելի խօսքերը, մարդիկ պէտք է գիտակցին, որ խօսքը հետեւանք ունի եւ պարզապէս, քանի որ որեւէ բան ըսելը օրինական է, ատիկա չի նշանակեր, թէ խոհեմութիւն է ամէն բան ըսելը:
Սակայն, յանուն արդարութեան, պէտք է նշել, որ աշխարհի ոչ բոլոր թշնամական գործողութիւններուն համար պէտք է մեղադրել Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը: Իւրաքանչիւր դաս, կրօնք եւ ժողովուրդ ունի թշնամական գաղափարախօսութեամբ ոգեշնչուած ծայրայեղականներ, որոնց միակ նպատակը՝ անխնայ ոչնչացնելն է: Ցաւօք, արեւմտեան իշխանութիւնները եւ հասարակութիւնները յաճախ սխալմամբ կը մեղադրեն բոլոր անոնք, որոնք ունին ծայրայեղականներու ցեղային եւ կրօնական նոյն պատկանելիութիւնը՝ ատով իսկ թշնամացնելով միլիոնաւոր խաղաղ քաղաքացիներ:
Բարեբախտաբար, համալսարաններու եւ մասնագիտական պետական կառոյցներու մէջ չի զգացուիր պակասը փորձագէտներուն, որոնք կրնան խորհուրդ տալ եւ դաստիարակել Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները, որոնցմէ շատերը չունին տարրական գիտելիքներ՝ միջազգային յարաբերութիւներուն վերաբերեալ: Անոր վառ օրինակն է նախագահ Ճորճ Պուշ կրտսերի զրոյցը իրաքցի երեք ամերիկացիներու հետ: Երբ անոնք նախագահը տեղեկացուցած են, թէ Իրաքի մէջ առկայ են տարբեր տեսակի իսլամներ, ան իր հիւրերուն յայտնած է, թէ չէր գիտեր, որ այդ երկրին մէջ սիւննիներ եւ շիիներ կան. «Ես կը կարծէի, որ իրաքցիները մահմետական են», պատասխանած է նախագահ Պուշ:
Եթէ վատ շարժապատկերները կրնան կարճատեւ բռնկումներ հրահրել, ապա վատ արտաքին քաղաքականութիւնը կրնայ երկարատեւ վնաս հասցնել Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
————————————————-
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
TCHAKERIAN FAMILIES OF YOZGAT
————————————————