
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդա-հանրապետական» կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Տիգրանակերտ։
Թրքական «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ին համաձայն, իսլամական Քուրպան պայրամի տօնին առիթով ան պիտի այցելէ քրտաբնակ Տիգրանակերտ։
Նախատեսուած է, որ թուրք կուսակցապետը այցելէ Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրին, նահանգապետին եւ հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի:
Նշենք, որ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենան վանական համալիրի վերանորոգման աշխատանքները, որոնք իրենց վերջին հանգրուանին հասած են. կը նախատեսուի, որ 4 Նոյեմբերին ամբողջովին վերանորոգուած կառոյցին մէջ մատուցուի Ս. պատարագ։