
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յայտնի թուրք լրագրող, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ Էնվեր Այսեւեր յայտարարած է, որ Թուրքիոյ համար կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը 2015 թուականն է՝ նկատի ունենալով, որ այդ տարի կ՛ամբողջանայ Հայկական Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը:
Ըստ թրքական «Հապերլեր» կայքին՝ Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ թրքական հասարակական կազմակերպութեան մը կողմէ կայացած եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան տօնին նուիրուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, Այսեւեր ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ քննարկումներ կատարելու անհրաժեշտութեան:
Անոր համաձայն՝ ներկայիս Միջին Արեւելքի նոր քարտէսը կը գծուի. բան մը, որ տեղի կ՛ունենար նաեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք:
«Այս ընթացքին Թուրքիա վտանգաւոր վիճակներու մէջ կը մտնէ: Միջին Արեւելքի մէջ փոխուող սահմանները մեր երկրին վրայ եւս ազդեցութիւն պիտի ունենան: Թուրքիոյ համար կարեւոր խնդիրներէն մէկը՝ մօտեցող 2015 թուականն է: Հայերու բռնագաղթի 100րդ տարելիցին առթիւ, ՄԱԿը 2015ին որոշում պիտի կայացնէ, որ Թուրքիան 1915ին ցեղասպանութիւն իրականացուցած է: Նման որոշումէ մը ետք, Թուրքիոյ հողային եւ նիւթական փոխհատուցման պահանջներ պիտի ներկայացուին: Մեր սխալներէն մէկն ալ այն է, որ 1915ը երբե՛ք չենք քննարկած: Այդ նիւթը ոչ պատմութեան գիրքերուն մէջ եղած է, ոչ ալ՝ համալսարաններու մէջ քննարկուած», ըսած է Այսեւեր: