
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ «Պելկէ» հրատարակչութիւնը հրատարակած է Սարգիս Չերքեզեանի «Աշխարհը Կը Հերիքէ Բոլորիս» գիրքը: Չերքեզեանը ծնած է 1916 թուականի 15 Մայիսին՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ընտանիքի մէջ. Սարգիս ծնած է սուրիական անապատին մէջ՝ ուղտի ախոռի մը մէջ։ «Սի. Էն. Էն. Թուրք»ին համաձայն, գիրքին մէջ տեղ գտած պատմութիւնը կ՛անդրադառնայ 20րդ դարու սկիզբը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն։
Թրքական պատկերասփիւռի կայանը մէջբերած է «Պելկէ» հրատարակչութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպումին ընթացքին ընթերցողներուն արտայայտած հետեւեալ միտքերը. «Սարգիս Չերքեզեանը մեծապէս զգացած է հայ ազգի եւ ընտանիքի կրած ցաւերը, ու մանկական միամտութիւնը չկորսնցուցած՝ յարգուած համայնավար էր: Ան ամբողջ կեանքին ընթացքին աշխատած է Թուրքիոյ համայնավարական շարժման կարեւոր մասը հանդիսացող Համայնավար կուսակցութեան կարեւոր օղակներուն մէջ»:
«Սարգիս Չերքեզեան նուիրեալ կեանք ապրած է՝ գաղթի տարիներ, Սուրիոյ անապատներ, վերադարձ Քարաման, Էրելի եւ Պոլիս»:
«Ուստա Սարգիսը ատաղձագործ էր, կեանքի վարպետ, ուսուցիչ, գիտակ գիրքին մէջ անոր բացատրածը հասարակական հաւասարութեան եւ եղբայրութեան համար ներդաշնակ, անխոնջ պայքարի պատմութիւն է»:
«Ան միեւնոյն ժամանակ կը բացատրէ նաեւ ապրողներուն պատմութիւնը, անոր պատմածին մէջ պատմութիւնը կանգ չ՛առներ, այլ կը շարունակուի»։