ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան ՀՅԴի Գերագոյն Մարմինի կողմէ 8 Նոյեմբերին հրապարակուած յայտարարութիւնը դրական կը նկատէ:
«Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան դիտել տուաւ, որ յայտարարութեան որոշ կէտերու գծով «Ժառանգութեան» դիրքորոշումները քիչ մը տարբեր են, բայց 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի եւ կառավարման խորհրդարանական համակարգի մասին «Ժառանգութիւն»ում եւս վաղուց են բաձրաձայնում»:
«Երբ ՀՅԴի կողմից պաշտօնապէս առաջարկութիւնն արդէն արուի, պատրաստ ենք ցանկացած պահի հանդիպել, որեւէ խնդիր այստեղ չկայ», նշած է Մարտիրոսեանը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցնելու փափաքը դառնայ 4 կուսակցութիւնները համախմբող ուժ՝ Մարտիրոսեան ընդգծած է, որ ներկայ դրութեամբ կարելի չէ դրական բան ըսել այս մասին:
«Մինչեւ բոլորի հետ չհանդիպենք եւ յստակ չլինի, թէ խօսքը կոնկրետ ինչի մասին եւ դրանից յետոյ մինչեւ կուսակցութեան ներսում քննարկում չլինի, որեւէ բան ասել չեմ կարող, առաւելեւ մենք ունենք մեր թեկնածուն եւ Դեկտեմբերի 15ին ունենք համագումար, այս բոլոր փուլերն անցնելուց յետոյ՝ նոր պարզ կը լինի», նշած է Մարտիրոսեանը եւ յիշեցուցած, որ պատրաստ են լսելու ե՛ւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ թէ բոլորին առաջարկներն ու տեսակէտները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.