ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ.- Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 10 Նոյեմբերին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էր Իրան: 12 Նոյեմբերին Հայաստանի եւ Իրանի արդարադատութեան նախարարներուն միջեւ ստորագրուած է դատապարտեալներու փոխանցման վերաբերող երկկողմանի համաձայնագիր մը:
Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարը առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Իրան, եւ առաջին անգամ ըլլալով է, որ նման համաձայնագիր կը ստորագրուի կողմերուն միջեւ:
2011ին՝ Իրանի խնդրանքով եւ Հայաստանի բարի կամքի դրսեւորմամբ, Հայաստանի բանտերուն մէջ գտնուող Իրանի քաղաքացի դատապարտեալները փոխանցուած են Իրան՝ հոն իրենց պատիժը շարունակելու պայմանով։ Մինչեւ համաձայնագիրը ստորագրելը Հրայր Թովմասեանը յանձնարարած էր նախապատրաստել իրանցի 11 այլ դատապարտեալներ եւս, որպէսզի անոնք ալ փոխանցուին Իրան:
Իրան կատարած այցելութեան ընթացքին Հրայր Թովմասեան նաեւ հանդիպում ունեցած է Իրանի խորհրդարանի խօսնակ Ալի Լարիժանիի եւ դատական իշխանութեան ղեկավար Սատէք Լարիժանիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի իրաւական օգնութեան եւ դատապարտեալներու փոխանցման վերաբերող հարցեր: Կողմերը վստահութիւն յայտնած են այն մասին, որ իրաւական ոլորտին մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի:
Հայաստանի արդարադատութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարի տեղակալ Է. Կիրակոսեանը եւ նախարարի խորհրդական Նիկոլա Առուստամեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.