Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Այժմ իւրաքանչիւր ախտապատճառին հետ պիտի մատնանշեմ ականջացաւին ուղեկցող այլ ախտանշանները.
Ա. Հիմնական-առաջնահերթ (primary) ախտապատճառներ, որոնք ծնունդ կ՛առնեն ականջի երեք բաժիններէն.
ա. Արտաքին ականջի հիւանդութիւններ եւ անբնական երեւոյթներ՝
1. Ցպկային (bacterial) եւ ժահրային (viral) սովորական բորբոքումներ, որոնք կը յատկանշուին խլնային կամ թարախային ականջահոսքով եւ քերուըտուքով.
2. Ականջային սողնախտագօտի (herpis zoster auticus)՝ ժահրային յատուկ բորբոքում մը, որ կը յատկանշուի նաեւ քերուըտուքով եւ լսողական տկարութեամբ.
3. Սնկային (fungal) բորբոքում, որ կը յառաջանայ լողալէ եւ լոգանքէ ետք եւ կը յատկանշուի քերուըտուքով.
4. Մորթային զանազան հիւանդութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն քերուըտուք եւ թեփոտութիւն (scaling).
5. Արտաքին հարուած-վիրաւորանք եւ ինքնավիրաւորանք, որ կը պատահի ականջը մաքրելու ընթացքին: Բոլոր պարագաներուն բորբոքում կրնայ յառաջանալ.
6. Միջատներու խայթուածք եւ կենդանիներու խածուածք, որոնք բորբոքումի պատճառ կրնան ըլլալ.
7. Անցուղիի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, որոնք լսողական փոխանցման տկարութիւն կը ստեղծեն.
8. Օտար մարմիններու (foreign bodies) գոյութիւն անցուղիին մէջ, ուր տեղի կ՛ունենան վիրաւորանք, բորբոքում եւ լսողական փոխանցման տկարութիւն.
9. Անցուղիին մէջ ականջագէջի կուտակում, որ լսողական փոխանցման տկարութիւն կը յառաջացնէ:
բ. Միջին ականջի հիւանդութիւններ՝
1. Ցպկային, ժահրային եւ սնկային բորբոքումներ, երբ տեղի կ՛ունենան թմբկաթաղանթի վիրաւորանք-ծակում (perforation), ականջահոսք, ականջաբզզիւն (tinnitus) եւ լսողական փոխանցման տկարութիւն.
2. Միջին ականջի զարերակային ուռ (glomus tumor), որ կը յատկանշուի ականջի արիւնահոսումով, ականջաբզզիւնով եւ լսողական փոխանցման տկարութեամբ.
3. Եւստաքեան խողովակի խցում, որ կը յառաջացնէ միջին ականջի բորբոքում, թմբկաթաղանթի վիրաւորանք, ականջաբզզիւն եւ լսողական տկարութիւն.
4. Թմբկաթաղանթի ժահրային-տոպրակային բորբոքում (myringitis bullosa), ուր տեղի կ՛ունենայ ականջահոսք եւ թմբկաթաղանթի վիրաւորանք.
5. Միջին ականջի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, որոնք կը յառաջացնեն լսողական փոխանցման տկարութիւն եւ ականջաբզզիւն.
6. Լողալու, ընկղմելու, լեռ բարձրանալու եւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին պատահած միջին ականջի օդաճնշումի փոփոխութիւն, որուն հետեւանքով տեղի կ՛ունենան ականջային արիւնահոսում, լսողական տկարութիւն եւ ականջաբզզիւն.
7. Շատ զօրաւոր եւ բարձր ձայներու ենթակայութիւն, օրինակ՝ ուժգին պայթումներ, հրացանաձգութիւն, ռմբակոծում, աղմկարար մեքենաներ եւ գործարաններ, աղմկարար եւ բարձրաձայն երաժշտութիւն: Այս բոլորին պատճառով կը յառաջանան լսողական փոխանցման եւ ջիղերու տկարութիւն ու ականջաբզզիւն:
գ. Ներքին ականջի վատորակ ուռեր, որոնք կը յառաջացնեն գլխապտոյտ, լսողական ջիղերու տկարութիւն եւ ականջաբզզիւն.
Բ. Երկրորդական (secondary) պատճառներ, որոնք ծնունդ կ՛առնեն ականջէն դուրս՝ մօտակայ կամ հեռաւոր օրկանէ մը կամ հիւսուածքէ մը: Երկրորդական ախտապակճառներով յառաջացած ականջացաւը կը կոչենք՝ տեղադրուած կամ յղուած ցաւ (referred pain):
Ականջացաւի երկրորդական պատճառներէն են՝
ա. Քնքածնօտային յօդաբորբ (temporomandibular arthritis), երբ տեղի կ՛ունենայ քնքածնօտային ցաւ, ծամելու եւ ուտելու դժուարութիւն.
բ. Ակռաներու եւ լինտերու բորբոքումներ, որոնք կը յառաջացնեն ակռաներու եւ լինտերու ցաւ, ծամելու եւ ուտելու դժուարութիւն.
գ. Վիզի եւ գլխու վէրքեր եւ ուռեր, որոնք կը յատկանշուին տեղայնական ցաւով.
դ. Խռչափողատապ (laryngitis), որ ձայնի խռպոտութիւն եւ շնչահեղձութիւն կը յառաջացնէ.
ե. Կոկորդի բորբոքում, նշիկներու բորբոքում եւ նշկահատում, որոնց հետեւանքով տեղի կ՛ունենան կոկորդի ցաւ, կլլելու դժուարութիւն եւ ջերմ.
զ. Գլխու եռրեակ ջիղի ջղացաւ (trigeminal neuralgia), որ կը յատկանշուի դէմքի հարուածային ցաւով.
է. Խոռոչատապ (sinusitis), որուն ախտանշաններն են՝ թարախային քթահոսք, քիթի խցում, շնչառգելութիւն եւ ջերմ.
ը. Քթաըմբանի, ըմբանի (pharynx) եւ ենթաըմբանի (hypopharynx) լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, որոնք պատճառ կը դառնան շնչահեղձութեան եւ կլլելու դժուարութեան.
թ. Ենթածնօտային եւ ենթալեզուային լորձունքաբեր գեղձերու բորբոքում, որոնք կը յառաջացնեն բերանի չորութիւն, ենթածնօտային եւ ենթալեզուային ուռեցք, ցաւ եւ ջերմ:
Ականջացաւը ինքնին ախտաճանաչումի չի կարօտիր: Սակայն անոր ախտապատճառները պէտք է որ ախտաճանաչուին, որպէսզի կարելի ըլլայ ականջացաւին դարմանումը կատարել:
Ականջացաւին դարմանումը կը կատարուի համաձայն անոր ախտապատճառին: Այսինքն հիմնականօրէն պէտք է դարմանուի ականջացաւին ախտապատճառը: Սակայն մինչեւ որ ախտաճանաչումը կատարուի՝ ականջացաւը անմիջականօրէն մեղմացնելու միտումով ցաւաբեկ եւ հանդարտեցուցիչ դեղեր կը կիրարկուին:
Մանուկներու մօտ ականջացաւը շատ յաճախակիօրէն պատահող ախտանշան մըն է: Մինչեւ երկու տարեկան մանուկը անկարող է բառացիօրէն գանգատելու եւ ըսելու, որ ականջացաւ ունի: Ոստի մանուկի մը ականջացաւ ունենալը կարելի է գիտնալ, հիմնուելով հետեւեալ երեւոյթներուն վրայ՝
1. Մանուկին ականջի անցուղիին մէջ գէջի կուտակում.
2. Մանուկը շարունակ կը դպչի իր ականջին.
3. Մանուկը չափազանց ջղագրգիռ կ՛ըլլայ.
4. Մանուկը շատ կու լայ եւ շարունակ գլուխը աջ ու ձախ կը շարժէ:
(Շար. 2 եւ վերջ)