ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Պարտութիւնը բնա՛ւ ընդունելի չէ, ու չկայ մէկը, որ հաշտուի պարտութեան գաղափարին հետ: Կարելի՞ է որ աշխարհի որեւէ մէկ երկիրը ընդունի պարտուիլ, նախքան պատերազմի մտնելը: Առնուազն իւրաքանչիւր երկիր բարոյական նեցուկ կը դառնայ իր ժողովուրդին, թէ՛ պատերազմի նախօրեակին եւ թէ ընթացքին, հոգեկան կորով ներշնչելով անոր: Միւս կողմէ, ան այնպիսի քաջալերանք կու տայ իր բանակին, որ անոր իւրաքանչիւր զինուորը անպարտելի նկատէ իր անձը:
Պարտութեան փոխարէն յաղթանակի գաղափարով լեցուն է նաեւ աւելի փոքր տարողութեամբ հաւաքականութեան՝ ընտանիքի յարկը: Ընդհանուր Ազգաց Պատմութեան էջերուն մէջ կը հանդիպինք ցեղախումբերու կեանքին, որոնք երկար տարիներ իրարու դէմ պայքարած են, երբեմն անարժէք խնդիրի մը համար: Սակայն, պարտութեան անմարսելի գաղափարը թոյլ չէ՛ տուած, որ անոնք ընդունին միւս ցեղախումբին յաղթական ըլլալը, եւ առ այդ, մինչեւ արեան վերջին կաթիլը պայքար մղած են: Երկիրներու միջեւ դաշինքները երբեմն ամօթալի պարտութիւններու հետեւանքով կը կնքուին:
Անհատական մակարդակի վրայ, որեւէ հարցի պարագային պարտուած դուրս չգալու կարեւորութիւնը, մինչեւ իսկ արժանապատուութեան աստիճանին կը բարձրացուի: Մարդու հոգիի ամէնէն բարձր աշտարակին վրայ թառած «Ես»ի արծիւը, բնաւ թոյլ չի՛ տար, որ իրմէ աւելի վերէն ճախրող թռչնազգի գտնուի երկնակամարի կապոյտին տակ: Այդ իսկ պատճառաւ, նոյնիսկ պարտուած մարդու հոգեկան աշխարհին մէջ որոշ երեւոյթներ ի յայտ կու գան: Ատոնց գլխաւորը ոխն է:
Ոխը առհասարակ կը յաջորդէ պարտութեան, մէկուն կրած վնասին, կամ միւսին՝ տուժած ըլլալուն: Ոխը պատճառ կը դառնայ նոր չարիքի գոյառման, որուն հետեւանքով նոր տուժողներ յառաջ պիտի գան: Ոխը պարտութեան վատ ընկերն է, որ շուտով կը մօտենայ պարտուած մարդուն, չար խորհրդատու դառնալով անոր ականջին տակ:
Մանկավարժական ներկայ կերպերը, նոր մօտեցումներով դաստիարակել կը թելադրեն մատղաշ սերունդը, ինքնավստահութիւն ներշնչելու համար անոր, ապագայ կեանքի մէջ յաջողութեան հասնելու ի խնդիր: Մանկական հասակէն երեխաներուն միջեւ մրցոյթներու կազմակերպումը, յաղթական դուրս եկողը գնահատելու սովորութիւնը եւ այլ մրցանակաբաշխումներ, կը միտին մրցակցութեան ոգին քաջալերել նոր սերունդին մէջ, ազգերու, ժողովուրդներու եւ առհասարակ աշխարհի յառաջդիմութիւնը ապահովելու համար: Հաւանաբար աշխարհ այսքան յառաջդիմած պիտի չըլլար, եթէ կրթօճախներու մէջ մանկավարժութիւնը այսքան զարգացում արձանագրած չըլլար:
Պարտութեան գաղափարին անընդունելի ըլլալուն մասին եթէ ծանօթութիւն ուզէ ունենալ մարդ, պէտք է դիտէ մանուկներու համար կազմակերպուած մրցակցութեան արդիւնքները: Պարտութիւնը անընդունելի նկատելու արտայայտութիւններէն մէկը մանուկներու մօտ, լա՛ցն է: Յաղթանակ ապահովելու համար մղուած ամբողջ պայքարէն ետք, երբ պարտուած դուրս գայ մանուկը, եւ ալ ուրիշ միջոց չունենայ պարտութիւնը սրբագրելու, լացո՛վ կ՛արտայայտէ իր ընդվզումը, ո՛չ թէ յաղթող անձին նկատմամբ, այլ՝ պարտութեան գաղափարին դէմ: Իր բողոքը, կրած պարտութեա՛ն դէմ է եւ ո՛չ թէ յաղթող անձին: Որովհետեւ ինչպէս ինք, իր հակառակորդն ալ իր ամէն կարողութիւնները ի սպաս դրաւ, իր կամքը լարեց ու ճիգ չխնայեց, հասնելու համար յաղթանակի փառքին: Հետեւաբար, ան իր պարտականութի՛ւնը կատարեց: Միւս կողմէ, ի՛նք եւս իր կարելին ի գործ դրաւ, սակայն չհասա՛ւ յաղթանակի: Ուրեմն ի՛նք եւս յանցաւոր չէ՛: Բայց եթէ կայ յանցաւոր մը, որուն դէմ պէտք է ընդվզիլ, այդ ալ պարտութեա՛ն գաղափարն է, որուն հետ դժուար է դաշինք կնքել:
Մանկավարժներ կը թելադրեն, որ մանուկներու հետ խաղացող չափահասներ երբեմն-երբեմն դիտումնաւոր պարտութիւններ կրեն: Նախ անհաւասար ոյժերու միջեւ տեղի ունեցած մարտերու արդիւնքները այնքան ալ զարմանալի պէտք չէ՛ թուին: Անշուշտ որ մեծը պիտի յաղթէ փոքրին, զօրաւորը՝ տկարին, մեծ ձուկը՝ պզտիկին, եւ այսպէս շարունակաբար: Գիտական պատրաստութեամբ մէկը, ինքնաշարժ վարելու ամէնէն պարզ օրէնքը սորվեցնելով ղեկին նստած անձին, անոր կը թելադրէր բեռնատարներէն հեռու մնալ, «որովհետեւ ոյժը զօրաւորին հետ է», կ՛ըսէր:
Կեանքի մէջ ալ պատկերը տարբեր չէ՛: Պարտութիւններ անպայման պիտի գան: Ամէն մարդ, ամէն օր յաղթական չի՛ կրնար ըլլալ: Սակայն չափազանց խոհեմութիւն կը համարուի այն, որ մարդ երբեմն-երբեմն դիտումնաւոր պարտութիւններ կրէ, այնպէս ցոյց տալով, որ իր ոյժերը չբաւեցին յաղթանակ տանելու իր հակառակորդին վրայ: Սա մեծ քաջութիւն պահանջող արարք է, որուն միակ մխիթարութիւնը, ներքնապէս յաղթական ըլլալու զգացումն է, մինչ արտաքին աշխարհը կը ձաղկէ կրած պարտութիւնդ: Կամաւորաբար կրուած պարտութիւնը աւելի՛ քան յաղթանակ է, որովհետեւ այնպիսի զիջում է, որ համազօր է վեհանձնութեան: Սակայն այս վեհանձնութեան մասին աշխարհ պիտի չիմանայ, եւ ո՛չ ոք՝ բացի քեզմէ, եւ դուն լո՜ւռ պիտի տօնես յաղթանակդ ու շնորհաւորես հակառակորդներդ, քու զիջումով անոնց տարած «յաղթանակ»ին համար:
Այո՛, երբեմն պարտուէ՛: Պարտութիւնն ալ ունի իր մէջ այնպիսի բարոյական դասեր, որոնք տեսական բարոյագիտութեամբ կարելի չէ՛ ուսանիլ: Գործնական բարոյագիտութեան դասարան է պարտութիւնը, որուն առաջին դասագիրքը կը վերաբերի խոնարհութեան, երկրորդը՝ կամքի եւ երրորդը՝ դարձեալ փորձելուն: Առաջին դասագիրքով, պարտութիւնը մարդուն կը սորվեցնէ խոնարհիլ ուրիշներու կարողութեանց դիմաց: Անոր երկրորդ դասագիրքը, մարդուն մէջ կը յայտնաբերէ այն ոյժը՝ կամքը, որ զայն անպարտելի դարձնելու կոչուած ներքին զօրութիւնն է: Իսկ անոր երրորդ դասագիրքը՝ յաղթանակ տանելու համար դարձեալ փորձ կատարելու ցանկութեան մասին է, որ յարատեւելու կը մղէ մարդը:
Պարտուէ՛ երբեմն, որպէսզի օգտուիս պարտութեան ընձեռած բարիքներէն ու նոր յաջողութիւններու համար բացուած առիթներէն: Պարտութիւնը խորքին մէջ լա՜յն դուռ է դիմացդ բացուած, որուն մուտքի բաժինը կրնայ այնքան ալ տպաւորիչ ու լուսաւոր չըլլալ, սակայն ներսի սրահներն ու սենեակները լաւ կահաւորուած են, իսկ ամէնէն կարեւորը, անոնք ունին բարձրադիր ու շատ լուսաւոր պատուհաններ եւ յոյսի պայծառ դռներ:
Փոխյարաբերական կեանքի համար անհրաժեշտ բարոյականը, մանուկներուն հետ խաղի ընթացքին դիտումնաւոր պարտութիւն կրելը չէ՛ միայն, այլ մեր հասակակիցներուն հետ ապրած մեր կեանքի ընթացքին եւս մեր կրելիք դիտումնաւոր պարտութիւնները: «Գիտակցուած պարտութիւն» կարելի է կոչել այս, որուն արդիւնքը, գուցէ հեռաւոր ապագային, մի՛շտ յաղթանակ է: Երբեմն պարտուէ՛, բայց ի վերջոյ պիտի յաղթես: