Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մարսողութիւնը սննդանիւթերու մշակման, տարրալուծման եւ ներծծման բարդ բնախօսական (physiologic) գործընթացն է: Անիկա կ՛իրականանայ մարսողական համակարգի օրկաններուն մէջ:
Մարսողական համակարգը կ՛ընդգրկէ բերանը, ըմբանը (pharynx), որկորը-կերակրափողը (eso-phagus), ստամոքսը եւ բարակ ու հաստ աղիքները: Լեարդը, լեղուցը եւ շարոյրը (pancrease) մարսողական համակարգին յարակից օրկաններ են, որոնք իրենց յատուկ հիւթերով կ՛ամբողջացնեն մարսողութեան գործընթացը:
Մարսողութիւնը կը ղեկավարուի ուղեղով: Ան մարսողական համակարգը գործի կը լծէ երբ որոշ տեղեկութիւններ հասնին իրեն: Այդ տեղեկութիւններն են՝ կերակուրի մը հոտը, տեսքը եւ համը՝ լեղի, կծու, թթու: Նոյնիսկ կերակուրի մասին մտածելը ահազանգի կը մատնէ ուղեղը: Ուղեղը այս տեղեկութիւնները ընկալելէ ետք կը հրահանգէ բերնի լորձնաբեր գեղձերուն, ստամոքսին, տասներկումատնեայ աղիքին (duodenum), բարակ աղիքներուն, շարոյրին, լեարդին եւ լեղուցին (gallbladder), որպէսզի արտադրեն իրենց հիւթերը, խմորիչները (enzymes) եւ լեղին-մաղձը (bile) ու մասնակից դառնան սննդանիւթերու մարսողութեան:
Մարսողութիւնը կը սկսի բերանին մէջ: Ակռաները, լեզուն եւ բերանի որոշ գեղձային հիւթեր իրենց բաժինը կը բերեն մարսողութեան առաջին հանգրուանին: Բերանին մէջ սննդանիւթերը ֆիզիքական եւ քիմիական փոփոխութեան կ՛ենթարկուին ծամուելով եւ լորձունքի ներգործութեամբ:
Ակռաներու առողջութիւնը մեծապէս կը նպաստէ ծամելու գործողութեան, իսկ լորձունքի բնական հոսքը բերնին մէջ կը նպաստէ մարսողութեան առաջին հանգրուանին:
Այս բոլորին կ՛օժանդակեն լեզուն, լինտերը, ծնօտները, որպէսզի ծամուելու գործողութիւնը լաւապէս կատարուի եւ սննդանիւթերը առաւելագոյն ձեւով շաղախուին լորձունքին հետ:
Լորձունքը մաքուր, թափանցիկ հեղուկ մըն է, որ շարունակ կ՛արտադրուի բերնին մէջ գտնուող լորձնաբեր գեղձերու (salivary glands) կողմէ:
Այս գեղձերը ունին երկու խմբաւորում.
Ա. Հիմնական եւ կարեւոր լորձնաբեր գեղձեր, որոնք մեծ են չափով: Այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն երկու ունկնագեղձերը (parotid glands), երկու ենթածնօտային գեղձերը (submaxillary glands) եւ երկու ենթալեզուային գեղձերը (sublingual glands), որոնք բոլորն ալ նուրբ եւ բարակ ծորաններով (duct) կը բացուին բերանին մէջ, այլ խօսքով՝ այս ծորանները լորձունքը կը փոխադրեն գեղձերէն դէպի բերան: Ունկնագեղձերէն իւրաքանչիւրը կը գտնուի դէմքին մէկ կողմը, ականջի յառաջամասին եւ ծնօտին վրայ: Ենթածնօտային լորձնաբեր գեղձերն ալ երկու հատ են: Իւրաքանչիւրը կը գտնուի լեզուին տակ՝ աջ եւ ձախ կողմերը եւ ծնօտին ետեւը: Անոնց ծորանները բերանին մէջ կը բացուին լեզուին տակ կամ կեդրոնը: Ենթալեզուային լորձնաբեր գեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին լեզուին տակ, անոնց ծորանները շատ կարճ եւ նուրբ են ու կը բացուին բերանին մէջ՝ լեզուին տակ:
Բ. Երկրորդական մանր լորձնաբեր գեղձեր, որոնք բազմաթիւ են եւ կը գտնուին քիմքին ամբողջ տարածքին:
Լորձունքը կը պարունակէ խլնային նիւթ մը՝ mucin, բնասպիտ մը՝ ptyalin, խմորիչ մը՝ amylase, նատրիում (sodeum, Na) եւ քլորաջրային թթու (chloride, Cl ):
Չափահաս անձ մը կ՛ունենայ օրական 1-1.5 լիթր լորձունք:
Բնական պայմաններու մէջ լորձունքը շարունակ կ՛արտադրուի եւ կը հոսի բերանին մէջ եւ մենք անզգալաբար կը կլլենք զայն շարունակ: Սակայն անոր արտադրութիւնը կը բազմապատկուի ուտելու ընթացքին:
Լորձունքը ունի հիմնական երկու պարտականութիւններ.
Ա.Կ՛օգնէ մարսողութեան առաջին հանգրուանին բերնին մէջ: Ածխաջրատներու (carbohydrates), մասնաւորապէս օսլայի (starch), նախնական տարրալուծումը կը սկսի բերնին մէջ amylase խմորիչով: Օսլան առաւելաբար կը գտնուի գետնախնձորին եւ հացին մէջ.
Բ. Կակուղ եւ սահուն կը պահէ բերանի լորձնաթաղանթը (mucosa) եւ լեզուն.
Գ. Կը կակուղցնէ կերակուրը, որպէսզի կլլելու գործողութիւնը սահուն ըլլայ:
Լորձնաբեր գեղձերը ծամելով կը գրգռուին եւ աւելի առատ լորձունք կ՛արտադրեն: