Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ծամելը կը նպաստէ մարսողութեան երկու ձեւերով.
1. Կը շաղախէ բերանին մէջ դրուած սննդանիւթերը.
2. Սննդանիւթերը կը վերածէ մանր մասնիկներու, որպէսզի կլլելու գործողութիւնը դիւրաւ ընթանայ:
Սննդանիւթերը կերակրագնդակի (bolus) կը վերածուին այս երկու գործողութիւններով եւ կ՛ուղղուին դէպի որկոր-կերակրափող ու կը հասնին ստամոքս, այսինքն կ՛ամբողջանայ կլլելու գործողութիւնը:
Կլլելու գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ գործընթացով.
Ա. Բերանին մէջ կազմուած կերակրագնդակը բերանին յետսամաս-ըմբանը կը հասնի երկու միջոցառումներով՝
ա. Մկանային քիմքը վեր կը քաշուի,
բ. Լեզուն կ՛ուղղուի դէպի վեր եւ կը բարձրանայ դէպի ոսկրային քիմք.
Բ. Կերակրագնդակը կ՛ուղղուի դէպի որկոր:
Գ. Կերակրագնդակը անցնելով ըմբանէն կը հասնի որկորի սկզբնաւորութեան նեղանցքին (stricture), որուն թուլացումով անիկա կը մտնէ որկոր. սակայն նախ քան այս, տեղի կ՛ունենան հետեւեալ իրադարձութիւնները.
ա. Խռչափողի մակկոկորդը (epiglottis) կ՛ուղղուի ետեւ.
բ. Խռչափողը ամբողջութեամբ կը շարժի դէպի վեր.
գ. Ձայնալարերը կը միանան իրարու եւ կը խցեն ձայնաճեղքը (glottis), որպէսզի սննդանիւթերէն մանր կտորիկներ չմտնեն խռչափող:
Որկորի մկաններու գալարակծկանքային (peristaltic) պրկումներով կերակրագնդակը կը շարժի եւ կը յառաջանայ ու կը հասնի որկորի վերջաւորութեան գտնուղ նեղացումը, որ իր կարգին կը թուլնայ եւ կը բացուի ու կերակրագնդակը մուտք կը գործէ ստամոքս:
Որկորին մէջ մարսողութիւն տեղի չունենար:
Ստամոքսը յաճախ կոչուած է մարսողութեան օրկան եւ սննդանիւթերու շտեմարան, որ ունի մկանային եւ առացքական կազմուածք: Անիկա մարսողութեան համակարգի ամէնէն լայն բաժինն է եւ կը գտնուի որովայնի կեդրոնական եւ ձախ կողմի վերին բաժիններուն մէջ: Ստամոքսը կը սկսի որկորի վերջաւորութեան եւ կը շարունակուի մինչեւ տասներկումատնեայ աղիք: Ստամոքսը կը վերջանայ նեղացումով մը, որ կը կոչուի pyloris:
Ստամոքսը կարելի է բաժնել երկու մասերու.
1. Յառաջամասի եւ վերի մեծ մասը.
2. Վարի պզտիկ մասը:
Ստամոքսը կազմուած է երեք խաւերէ (layer).
1. Ներքին լորձնաթաղանթ (mucosa).
2. Մկանային երեք խաւեր, որոնց պրկումներով սննդանիւթերը կը շարժին ստամոքսին մէջ եւ կը հասնին տասներկումատնեայ աղիք.
3. Արտաքին շճաթաղանթային խաւ (serosa), որ պաշտպանողական դեր ունի:
Ստամոքսի բնական եւ պարապ վիճակի ծաւալը 100-200 մլ. է, իսկ ուտելէ ետք 1-1.5 լիթր է: Անոր խլնաթաղանթը կազմուած է հազարաւոր փոսիկներէ որոնք՝ շատ ուտելով, կարողութիւնը ունին բացուելու, լայննալու եւ ծաւալելու: Ստամոքսը կրնայ ծաւալիլ մինչեւ 4 լիթր:
Ստամոքսը հարուստ է գեղձերով, որոնք առաւելաբար կը գտնուին ստամոքսի յառաջամասի մեծ բաժինին մէջ:

Անոնք կ՛արտադրեն.
1. Pepsin եւ lipase խմորիչները.
Pepsin-ը կը գործէ սպիտակուցներու (proteins) տարրալուծման աշխատանքին մէջ: Lipase-ը կը գործէ ճարպերու տարրալուծման գործընթացին մէջ:
2. Gastrin ներազդակը, որուն արտադրութիւնը ստամաքսին մէջ կը բազմապատկուի սննդեղէն բնասպիտի ներկայութեամբ.
3. Mucin լորձնային բնասպիտ հեղուկը, որ կը շաղախէ ստամոքս հասած սննդանիւթերու կերակրագնդակը եւ կը կակուղցնէ զայն.
4. Աղաթթուն (HCL), որ կ՛օգնէ ստամոքսին մէջ կատարուած ընդհանուր մարսողութեան:
Մարսողութիւնը ընթացք կ՛առնէ այս չորս նիւթերու ներգործութեամբ եւ սննդանիւթերը կը շաղախուին, կը տարրալուծուին եւ կը վերածուին կ՛երակրախիւսի, ապա կ՛ուղղուին դէպի pyloris ու կը մտնեն տասներկումատնեայ աղիք: Հոս տեղի կ՛ունենայ մարսողութեան վերջին հանգրուանը:
Ածխաջրատներու՝ ներառեալ օսլայի մարսողութիւնը, կը շարունակուի ստամոքսին մէջ, ուր 70 տոկոսով կը վերածուի maltose-ի:
Ածխաջրատներու մարսողութիւնը կը շարունակուի տասներկումատնեայ աղիքին մէջ եւ բարակ աղիքներուն մէջ amylase, maltase, lactase խմորիչներու ներկայութեամբ:
Ճարպերը ստամոքսին եւ տասներկումատնեայ աղիքին մէջ, եւ մասամբ մը բարակ աղիքներուն մէջ, lipase խմորիչի միջոցաւ կը տարրալուծուին glycerin-ի եւ ճարպաթթուներու (faty acids), որոնք կը ներծծուին բարակ աղիքի պատերուն կողմէ եւ կը միանան աւիշին: Ճարպերու տարրալուծման մէջ մեծ դեր կը խաղայ լեարդի մաղձը՝ լեղին:
Լեղուցին մէջ ամբարուած մաղձը եւ շարոյրի խմորիչները՝ tripsin, amylase, maltase, lipase կը հոսին տասներկումատնեայ աղիքին մէջ, ուր այս բոլորին միջոցաւ մարսողութիւնը կը շարունակուի եւ սննդանիւթերը աւելի կը տարրալուծուին:
Բարակ աղիքի սնաղիին (jejunum) մէջ գրեթէ մարսողական գործունէութիւն տեղի չունենար. իսկ գալարաղիքին (ileum) մէջ մարսողութիւնը կ՛ամբողջանայ եւ սննդանիւթերու կերակրախիւսը կը վերածուի հեղուկ վիճակի:
Գալարաղիքի մէջ տեղի կ՛ունենայ մարսողութեան արտադրութիւններու ներծծումը: Մարսուած ճարպերը որպէս ճարպաթթուներ եւ glycerol կը հասնին սիրտ աւշանօթերու միջոցաւ: Իսկ մարսուած ածխաջրատներն ու բնասպիտները ներծծուելէ ետք արեան ճամբով կը հասնին լեարդ, ուր տեղի կ՛ունենայ անոնց նիւթափոխանակումը (metabolism):
Սննդանիւթերու չմարսուած բաժինը կը հասնի հաստ աղիք, ուր անոր պարունակած ջուրը ներծծուելէ ետք հաստ աղիքի պատերուն կողմէ, կը վերածուի կղկղանքի (feces)՝ որպէս կարծր, անմարսուած եւ թափօններու մնացորդաց: