
UCLA-ի Նարեկացիի անուան հայագիտական ամբիոնի բարեկամներու ընկերակցութիւնը, որ համալսարանին կողմէ ճանչցուած է որպէս կապ՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին հետ, ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ յառաջիկայ դասախօսական երեկոյին մասին, զոր պիտի ներկայացնէ դոկտ. Յասմիկ Խալափեանը՝ այժմ այցելու դասախօս UCLA-ի Միջինարեւելեան լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքէն ներս, նիւթ ունենալով «Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայերու կրթական եւ բարեսիրական գործունէութեան փիլիսոփայութիւնն ու քաղաքականութիւնը եւ անոնց ազդեցութիւնը կանանց՝ հասարակական կեանքէն ներս ունեցած մասնակցութեան վրայ (1876-1914)»։ Դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 27ին, երեկոյեան ժամը 4ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ:
Դոկտ. Խալափեան կը դասախօսէ Երեւանի պետական համալսարանի Հոգեբանութեան բաժանմունքէն ներս, ուր կ՛ուսուցանէ ընկերաբանութիւն եւ ընկերային տեսութիւն, միջանձնային եւ միջմշակութային հաղորդակցութիւն, ինչպէս նաեւ գենդերային (Gender) հոգեբանութիւն։ 2009էն մինչեւ օրս ան համատեղ տնօրէնն է ՀԲԸՄի համացանցային քոլեճի (AGBU Virtual College)։ Անգլիական ու ֆրանսական լեզուաբանութեան մէջ ստանալէ ետք իր արուեստից պսակաւոր (BA) եւ արուեստից մագիստրոսի (MA) աստիճանները, Խալափեան կ՛ուսումնասիրէ անգլիական գրականութիւնը Օհայօ նահանգի Օքսֆորտ քաղաքի «Մայամի» համալսարանէն ներս՝ ստանալով իր երկրորդ մագիստրոսը, որմէ ետք դոկտորականը կը շարունակէ Պուտափեշթի Եւրոպայի կեդրոնական համալսարանէն ներս՝ հետազօտելով հայ կանանց կարգավիճակն ու դերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ։
Իր ուսումնասիրութեանց ընթացքին, ան միաժամանակ կը դասաւանդէ որպէս օգնական դասախօս Գենդերային ուսումնասիրութեանց բաժանմունքէն ներս՝ աւանդելով «Բանաւոր պատմութիւնը 20րդ դարուն» դասընթացքը։ Դոկտորականը պաշտպանելէ ետք, ան կը վերադառնայ Երեւան եւ կ՛ուսուցանէ «Կանանց Շարժումը 19րդ եւ 20րդ դարերուն», Երեւանի պետական լեզուաբանութեան համալսարանի Քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքէն ներս։
Խալափեան հեղինակ է շատ գիրքերու առանձին գլուխներու եւ պարբերականներու մէջ լոյս տեսած յօդուածներու, որոնց արդիւնքներուն եւ իր հետազօտութիւններուն մասին ան ներկայացումներ տուած է միջազգային գիտաժողովներու՝ Օտեսայի, Ուքրանիոյ, Պոլսոյ, Ամսթերտամի եւ Մոնթրէալի մէջ։
Դոկտ. Խալափեան պարբերաբար այցելած է Լոս Անճելըս՝ մասնակցելու համար UCLA-ի Հայկական ուսումնասիրութեանց Colloquium-ին եւ բանախօսելու համար Միջին Արեւելքի հայերուն մասին։ Այժմ ան կրկին վերադարձած է UCLA՝ մատուցելու համար դասընթացք մը՝ նիւթ ունենալով «Տեղական ճիգեր, հայ կանանց պատմութիւնը եւ շարժումները 19րդ եւ 20րդ դարերուն»։
Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ իր տալիք դասախօսութիւնը առաւելաբար պիտի կեդրոնանայ 1876էն 1914 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայ ժողովուրդին կատարած կրթական նախաձեռնութիւններուն, յատկապէս՝ զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններու վրայ, որոնք օրին աշխատեցան արդիականացնել հասարակութիւնը։ Դասախօսութիւնը պիտի շօշափէ առաւելաբար այն շարժումներն ու բարեգործական ջանքերը, որոնք քաջալերեցին իգական սեռի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը։
Ներկայացումը ցոյց պիտի տայ նաեւ այն ձեւերն ու միջոցները, որոնց շնորհիւ իգական սեռը ազդուեցաւ եւ ապա մասնակցեցաւ կրթական բարեգործական աշխատանքներու, որոնք պիտի ապահովէին յատկապէս կանանց եւ երեխաներու բարօրութիւնը։ Դասախօսութիւնը պիտի ճոխացուի վաւերագրական նկարներու ցուցադրութեամբ։
Ներկայացման պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն։ Մուտքը ազատ է։ Ինքնաշարժի կանգառի հրապարակը սահմանափակ է, բայց կարելի է օգտուիլ գրադարանի հանդիպակաց հանրային կանգառէն։ Գրադարանի հասցէն է՝ 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հաճեցէք հեռաձայնել (310) 275-2767 կամ (818) 952-1058 հեռախօսահամարներով: