ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր դեմոկրատ կուսակիցներուն կողմէ քննադատութիւններու կ՛ենթարկուի՝ մեծամասնութեամբ սպիտակամորթ եւ արական սեռի ներկայացուցիչներէ բաղկացած նախարարաց խորհուրդ մը կազմելուն համար: Դեմոկրատներուն համար մասնաւորաբար անհաճոյ է այն հանգամանքը, որ գործադիր իշխանութեան կարեւորագոյն պաշտօններու վրայ նշանակուած ըլլան միայն սպիտակամորթ տղամարդ քաղաքական գործիչներ:
Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին, Օպամա չորս սպիտակամորթ տղամարդ թեկնածուներ առաջադրած է: Ան ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնին առաջարկած է Ճեք Լիուն, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին՝ Ճան Քերին, «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէնի պաշտօնին՝ Ճան Պրենընը, իսկ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին՝ Չաք Հէյկըլը: Մինչ այդ, Օպամա կորսնցուցած է իր նախարարաց խորհուրդի առաջին սպանախօս նախարարուհին՝ Հիլտա Սոլիսը (աշխատաւորական հարցերու հրաժարեալ նախարար) եւ սեւամորթ կին մը՝ Լիսա Ճեքսընը (Կենսոլորտի պաշտպանութեան մարմինի հրաժարեալ վարիչ): Նաեւ, Հիլըրի Քլինթըն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն պիտի հեռանայ, Քերիի նշանակումին վաւերա-ցումէն ետք:
Դեմոկրատներու կարծիքով՝ կառավարութիւնը պէտք է Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան հարազատ ներկայացուցիչը ըլլայ, որպէսզի կառավարութիւնը հասնի բնակչութեան բոլոր հատուածներու կարիքներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.