ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Անցեալ տարուան մեր եւ «Ասպարէզ»ի բարեկամներուն հետեւողական աշխատանքներու արդիւնքէն քաջալերուած՝ այս տարի եւս տարբեր առիթներով բաժանորդագրութեան արշաւներ պիտի կատարենք:
Նոր տարուան առաջին փորձերնիս կ՛ուզենք հարազատ միջավայրի, ծանօթ շրջանակի մէջ կատարել: Օգտուելով այն առիթէն, որ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութիւնը իր անցեալ տարուան գործունէութեան մասին տեղեկագիր մը պատրաստած էր եւ կ՛ուզէր զայն կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն հասցնել՝ «Ասպարէզ»ը, սիրով, այդ գործին իր ներդրումը ուզեց բերել, եւ երկու օրէն՝ Շաբաթ, 19 Յունուարին, այդ տեղեկագիրը պարունակող թերթը պիտի առաքուի բոլոր ՀՕՄուհիներուն, նաեւ՝ անոնց, որոնք առարկայական կամ ենթակայական զանազան պատճառներով բաժանորդ չեն եղած կամ եղած են, սակայն հետագային ինչ-ինչ պատճառներով դադրեցուցած են բաժանորդագրութիւնը:
Այս ծրագիրը գլուխ հանելու համար, առաջին հերթին կը դիմենք մեր բաժանորդ ՀՕՄականներուն, որ անցնին գործի, հեռաձայնով կամ այցելութիւններով կապուին իրենց միութենական ընկերներուն եւ խօսին «Ասպարէզ»ի մասին, քննարկեն, քննադատեն, գնահատեն: Այս խօսակցութեանց ընթացքին եթէ լսուին սուր քննադատութիւններ, կը խնդրենք, որ զանոնք անպայմա՛ն գրաւոր կամ հեռաձայնային կապով փոխանցէք խմբագրութեանս:
ՀՕՄը «Ասպարէզ»ի կեանքի ընկերն է՝ գրեթէ տարեկից: Միասին ճամբայ կտրած, միասին հայկականութիւն պահպանած, միասին Հայ Դատին համար պայքարած, միասին Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին ծառայած: ՀՕՄի թերթն է «Ասպարէզ»ը, որ կը ջանայ նաեւ դառնալ ՀՕՄականներու, ՀՕՄական բոլոր ընտանիքներու թերթը:
ՀՕՄի կազմակերպական հզօրութեան ծառայելու պատրաստ «Ասպարէզ»ը տարածելով՝ դուք նպաստած պիտի ըլլաք ընդհանրապէս մեր համայնքի աշխուժացման: