ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 17 Յունուարին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ շարունակուեցաւ սուրիահայերուն Հայաստանի քաղաքացիութեան անցագիրներու յանձնման արարողութիւնը:
Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փօլատեան աւելի քան երեսուն Հայաստանի նոր քաղաքացիներուն յանձնեց իրենց անցագիրները:
Յանձնման պաշտօնական արարողութենէն ետք՝ շնորհաւորելով նոր քաղաքացիները դեսպան Փօլատեան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի ըլլալը մեծ պատիւ է իւրաքանչիւր հայու համար: Ան ընդգծեց նաեւ, որ մազապուրծ սերունդի զաւակներուն համար ասիկա պատմական եւ յիշարժան իրադարձութիւն է՝ յոյս յայտնելով, որ անոնք հաւատարիմ կը մնան իրենց տուած երդման: Ապա դեսպանը Հայաստանի նորընծայ քաղաքացիներուն մաղթեց յաջողութիւն եւ խաղաղութիւն, որուն կարիքը մեծապէս կը զգայ սուրիահայ գաղութը։
Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կը շարունակուի Հայաստանի անցագիրներու յանձնումը եւ յառաջիկայ օրերուն տասնեակ սուրիահայեր եւս պիտի ստանան անցագիր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.