ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հալէպի Շէյխ Թահա թաղամասին մէջ, ուր նաեւ հայեր կը բնակին, 17 Յունուարի գիշերը Աստուրեանի անունը կրող հիւանդանոցը յարձակման ենթարկուած է ընդդիմադիրներուն կողմէ:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան:
Ան նաեւ նշած է, որ յարձակման պատճառով շինութիւնը միայն նիւթական վնասներ կրած է, բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չկան, կրակոցներէն վնասուած են սենեակները:
Անդրադառնալով Հալէպի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան՝ Ռէյիսեան յայտնած է, որ վիրաւորուած հայ Սարգիս Պետրոսը երրորդ աստիճանի այրուածքի ենթարկուած է եւ այժմ հիւանդանոցը կը գտնուի:
Տնտեսական վիճակը կը մնայ նոյնը, դրական փոփոխութիւններ չկան: Բնակիչներուն եկամուտները օրէ օր կը նուազին, դժուարութիւնները կը բազմանան:
Ռէյիսեան նաեւ յայտնած է, որ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով ազգային օգնութեան մարմինը 1-2 Յունուարին հալէպահայ ընտանիքներուն գումար 4 հազար սուրիական ոսկի տրամադրած է՝ ամանորեայ ծախսերը հոգալու համար: Նախատեսուած էր գումարը տրամադրել 3 հազար ընտանիքի, սակայն տրամադրուած է աւելի քան 5 հազար ընտանիքի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.