Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամը նկարահանած է «Եղեռն Եղեռնից յետոյ» վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ 1915 թուականէն ի վեր Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին հայկական պատմական յուշարձաններուն նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն գործադրած բնաջնջման քաղաքականութիւնը:
Ժապաւէնին մէջ կը ներկայացուի, թէ ինչպէ՛ս երկրին երեսէն բնաջնջուած է համաշխարհային քաղաքակրթութեան մաս կազմող հայկական ուրոյն մշակոյթը: Հոն կան նաեւ բացառիկ պատկերներ. յուշարձաններու այսօրուան վիճակը համադրուած է քանի մը տասնամեակ առաջուան հետ:
Հազարամեակներու ընթացքին կերտուած եւ իրաւամբ համամարդկային քաղաքակրթութեան արժէք նկատուող հայկական բազմահազար դարաւոր յուշարձանները թրքական իշխանութիւնները ոչնչացուցած են տարիներ շարունակ՝ նախ որպէս թիրախ օգտագործելով զինավարժութիւններուն ընթացքին, ապա կեղծ լուրեր տարածելով այն մասին, որ իբր թէ հայկական կառոյցներու որմերուն եւ գերեզմանոցներուն մէջ ոսկիներ պահուած են՝ այսպիսով խրախուսելով անոնց կործանումը: Նախքան 1915 թուականը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կային շուրջ 1700 յուշարձաններ, որոնցմէ այսօր հազիւ պահպանուած է 2-3 տոկոսը: Ներկայացուած են Տիգնիսի բերդի, Տեկոր, Բագաւան, Արգինա, Երազգաւորս, Վանքիգեղ, Նարեկ, Իննակնեան, Խցկոնք, Օղուզլի, Առաքելոց, Հոռոմոս բնակավայրերու հայկական եկեղեցիներու տարբեր տարիներու լուսանկարները. անոնց մեծ մասը հիմնայատակ քանդուած է, աւերուած. սրբատաշ քարերը իւրացուած են, օգտագործուած տուներու եւ մզկիթներու կառուցման: Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի, Դաւիթ Անյաղթի մասունքները ամփոփող գերեզմանէն խաչքարի քանի մը բեկոր պահպանուած է միայն:
Ժապաւէնին հեղինակը՝ Սամուէլ Կարապետեան ընդգծած է, որ հայերուն դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը թուրքերը շարունակած են նաեւ 1915էն ետք՝ ոչնչացնելով հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պատմական հայրենիքին մէջ: Աւերման գործընթացը կը շարունակուի մինչեւ օրս: «Ժամանակակից Թուրքիայում ցեղասպանութեան ժխտումը դարձել է պետական քաղաքականութիւն: Հայ մշակոյթի նկատմամբ իրագործուած եւ շարունակուող եղեռնն ունի մէկ նպատակ՝ Հայոց նուաճուած հայրենիքի իւրացումն աւարտին հասնցնելու համար ձերբազատուել բնիկներից ժառանգուած նիւթական մշակոյթի յուշարձաններից», նշուած է ժապաւէնին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.