Հինգշաբթի Յունուար 31, 2013ին, վարժարանս մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց պատուական հայուհի մը, Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ իր իւրայատուկ տեղը նուաճած, համարձակ քաղաքական գործիչ եւ մինչեւ 2012 թուականը Հայաստանի Խորհրդարանէն ներս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատգամաւորական խումբի անդամ՝ Լիլիթ Գալստեանը:
Վարժարանի աշակերտութիւնը երկու տարբեր հանդիպում-հանդէսներով հիւրընկալեց մեր սիրելի հիւրը: Առաջին հերթին 3-8 կարգի աշակերտները հաւաքուեցան «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահ եւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով հաճելի ու տպաւորիչ մթնոլորտ մը պարգեւեցին հայրենի հիւրին, որ երբեք ինքզինք օտար չզգաց:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Հայաստանի քայլերգով, զոր կատարեցին 4-5րդ կարգերու աշակերտները: Տիկ. Սօնա Մատարեան հակիրճ ու աշակերտներուն հասկնալի կերպով ներկայացուց Լիլիթ Գալստեանը: Բացատրեց անոր տարած աշխատանքները ու անոնց կարեւորութիւնը շեշտեց հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին համար: Ապա երգչախումբը, ղեկավարութեամբ տիկ. Լուսինէ Գալստեանի, գեղեցիկ ու տպաւորիչ երգեցողութեամբ կատարեց «Երեւան-Էրեբունի» եւ «Իմ Հայ Լեզու» երգերը: Ապա հինգերորդ կարգէն չորս աշակերտուհիներ գեղեցիկ ու հեզաճկուն շարժումներով հայկական պար մը հրամցուցին: Անոր յաջորդեց տիկ. Մատարեանի ութերորդ կարգի աշակերտներուն «Հայը» խմբային արտասանութիւնը, որմէ ետք երրորդ կարգի հայերէնի ուսուցչուհի տիկ. Մարկոսեանի դասարանի աշակերտներուն «Հայ Զինուոր» խմբային արտասանութիւնը: Անոնք ինքնավստահ ու միաբերան ելոյթ ունեցան հայ շունչ եւ ոգի փոխանցելով սրահէն ներս գտնուողներուն: Ապա յաջորդականօրէն 3րդ կարգէն երեք աշակերտուհիներ՝ Էմըլի Խաչատուրեան, Անի Գասապեան եւ Սաթիկ Սէրայտարեան դաշնակի վրայ գեղեցիկ հայկական մեղեդիներ մեկնաբանեցին:
Վերջին բաժնով տիկ Աբանեանի եւ տիկ. Աւանէսեանի առաջին դասարանի աշակերտները այբուբենի տառերը իրենց վրայ կրած, իւրաքանչիւրը մէկական տողով ներկայացուց Գէորգ Էմինի «Մեր Այբուբենը» բանաստեղծութիւնը:
Յայտագրի աւարտին խօսք առաւ Լիլիթ Գալստեան: Խորապէս յուզուած արտայայտեց իր հիացմունքը մեր աշակերտներուն ելոյթներուն մասին: Ան արդարօրէն վկայեց, թէ շնորհիւ մեր աշակերտներուն ազգային ոգիիին ու իրենց ներկայացուցած գեղարուեստական ծրագիրին, ինքզինք Հայրենիքի մէջ զգաց: Լիլիթ Գալստեան հաստատեց, թէ աշակերտներուն ազգային շունչն ու ոգին ոչինչով կը զիջի Հայաստանի հայ աշակերտին ազգային շունչէն ու ոգիէն: Աւարտին աշակերտները իրենց մանկական անմեղ ու համարձակ հարցումները ուղղեցին տիկ. Գալստեանին, անոր կեանքին, աշխատանքին եւ հայրենիքի մասին:
Անմիջապէս ետք հասան երկրորդականի աշակերտները: Ա-նոնք եւս լրջութեամբ ու յարգանքով դիմաւորեցին տիկ. Գալստեանը, որուն մասին արդէն լսած ու իմացած էին նախապէս իրենց հայերէնի դասապահերու ընթացքին:
Տիկ. Մատարեան աշակերտներուն անունով կրկին ողջունեց պատուական հիւրը եւ ապա ներկայացուց 9րդ կարգէն երկու աշակերտուհիներ՝ Ալեքսա Արըճեան եւ Դալար Ուրֆալեան, որպէսզի մեկնաբանեն «Բարի Արագիլ» երգը: Անոնք իրենց գեղեցիկ ձայնով ու ապրումով ներկայացուցին երգը եւ արժանաւոր կերպով գնահատանքի արժանացան ներկաներուն կողմէ: Իններորդ կարգի աշակերտներէն՝ Վանա Պապիկեան ասմունքեց Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հայը» բանաստեղծութիւնը, մեկնաբանելով բանաստեղծին ապրումները, անոր պատգամը հարազատօրէն փոխանցելով ներկաներուն:
Տիկ. Գալստեան ողջունեց աշակերտները եւ յայտնեց, թէ հինգօրեայ իր կեցութեան ամէնէն հաճելի ու հոգեպարար պահերը կ՛ապրի Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանէն ներս: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Հայաստանի իրավիճակը եւ յոյս յայտնեց Հայաստանի ապագայի պայծառութեան մասին, որովհետեւ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունի նման երիտասարդութիւն եւ պահանջատէր ուժ: Ազգային վարժարանի առաքելութեան մասին խօսեցաւ Գալստեան ու գնահատեց իր տեսած հայեցի ոգին ու շունչը աշակերտներուն մօտ: Աշակերտները իրենց հարցումներով մտահոգութիւններ արտայայտեցին ու բացատրութիւններ պահանջեցին Հայաստանի Խորհրդարանի նախկին անդամէն: Անոնք նաեւ օգտուելով տիկ. Գալստեանի Դաշնակցականի հանգամանքէն, հարցեր ուղղեցին նաեւ Հայաստանէն ներս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործունէութեան մասին:
Տիկ. Գալստեան Անի մայրաքաղաքի մասին պատրաստուած ուսումնասիրական աշխատանքը որպէս նուէր փոխանցեց Հայկական Բաժինի վարիչ՝ Գէորգ Սարգիսեանին եւ փոխադարձաբար մեր Վարժարանի կողմէ իրեն նուիրուեցաւ Փիլիպոսի Տարեգիրքը եւ ծաղկեփունջ մը 11րդ կարգի աշակերտներ՝ Աննա Կէօզալեանի եւ Խաժակ Պոռնազեանի կողմէ: Աւարտին Ալեքսանն ու Դալարը իրենց գեղեցիկ ձայնով մեկնաբանեցին «Կիլիկիա» երգը եւ ներկաներուն անունով ցտեսութիւն ու յաջողութիւն մաղթեցին տիկ. Գալստեանին՝ Հայաստանի մէջ տեսնուելու յոյսով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.