ԵՐԵՒԱՆ.– Ազատութիւն հրապարակին վրայ 19 Փետրուարի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի, այսպէս կոչուած, ասուլիսը ժողովուրդին հետ, որ ըստ էութեան հանրահաւաք էր, թէեւ անոր կազմակերպիչները խուսափեցան զայն այդպէս անուանելէ:
Հարիւրաւոր մարդիկ հաւաքուած էին Ազատութեան հրապարակը՝ նոր պայքարի ակնկալիքով: Ոմանք Րաֆֆի Յովհաննէսեանին կը դիմէին «պարո՛ն նախագահ», «յարգելի՛ ընտրուած նախագահ», «մեծարգո՛յ նախագահ» արտայայտութիւններով:
Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ 20 Փետրուարին՝ ժամը 17ին, նոյն վայրին մէջ հանրահաւաք տեղի պիտի ունենայ: Ան փափաք յայտնեց, որ հանրահաւաքէն առաջ կարելի ըլլայ հանդիպիլ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ՝ դիտել տալով, որ կը փափաքի քննարկել «իշխանութիւնը ժողովրդին փոխանցելու հարցը»:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան նշեց, որ ինք կ՛ուզէ սեղմել Սերժ Սարգսեանի ձեռքը եւ «ընդունել նրա շնորհաւորանքը՝ Հայաստանի նոր իշխանութեան համար»: Հակառակ պարագային, «պատրաստ եմ իմ կեանքով պայքարել ժողովրդի յաղթանակի համար», հաստատած է ան։
Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդին յաղթանակը կայացած ընտրութիւններուն մէջ է: Յովհաննէսեան համոզուած է, թէ ժողովուրդը պիտի խլէ իր իրաւունքն ու յաղթանակը եւ՝ «թող ոչ ոք չյանդգնի խլել այդ իրաւունքը մեր ժողովրդից»: Ան կոչ ուղղեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ դառնալու առաջին նախագահը, որ կ՛ընդունի ժողովուրդին յաղթանակը: «Նա չընդունեց այդ առաջարկը, սակայն ուշ չէ՝ վաղը ժամը հինգին ես ուզում եմ հանդիպել նրա հետ այստեղ, որպէսզի նա փոխանցի իշխանութիւնը հայ ժողովրդին: Ես ուզում եմ սեղմել նրա ձեռքը եւ վաղն ընդունել իր շնորհաւորանքները հայ ժողովրդի յաղթանակի կապակցութեամբ, քանի որ ժողովուրդը երէկ տօնել է իր յաղթանակը 80ը 20ի յարաբերակցութեամբ»։
Ան յայտարարեց, որ եթէ Սերժ Սարգսեան չընդունի ընտրութիւններուն կեղծ ըլլալը՝ «իրենք Ազատութեան հրապարակում կը հաւաքուեն այնպէս, ինչպէս արցախեան շարժման ժամանակ հաւաքուեց ժողովուրդը»:
«Մենք բոլորս հրաշալի գիտենք, որ Հայաստանի 20ամեայ պատմութեան ընթացքում ժողովրդի ձայները մշտապէս գողացել են, ընտրութիւնների արդիւնքները պարբերաբար կեղծուել են, եւ հասել է ժամանակը, որ ժողովրդի պահանջով մենք պայքար ծաւալենք եւ յաղթանակ տանենք: Այդ ցաւալի աւանդոյթին պէտք է վերջ դնել», ընդգծեց ան։
Յովհաննէսեան յստակացուց, որ պիտի պայքարի բոլոր սահմանադրական մեթոդներով՝ աւելցնելով, որ հետագային յստակ քայլեր պիտի առնուին ժողովուրդին հետ լայնածիր քննարկումներ կայացնելու նպատակով։
Իբրեւ հետաքրքրական տարբերակներէն մէկը ան նշեց, որ վաղաժամկէտ խորհրդարանական ընտրութիւններ կարելի է կայացնել՝ «որում հայ հասարակութիւնը եւ մենք բոլորս անխուսափելի յաղթանակ կը տանենք»: Ան ուրախութիւնը յայտնեց նախագահական ընտրարշաւի մասնակից Անդրիաս Ղուկասեանի հացադուլը դադարեցնելու առթիւ: «Երջանիկ ենք, որ Անդրէաս Ղուկասեանը դուրս է եկել հացադուլից. ուզում եմ նրան բարի վերադարձ մաղթել քաղաքական եւ քաղաքացիական կեանք», նշած է Յովհաննէսեան։
Յայտնենք, թէ Րաֆֆի Յովհաննէսեան բանաւոր դիմում ներկայացուցած է Հայաստանի ոստիկանութեան պետին՝ իր բնակութեան վայրին անվտանգութիւնը ապահովելու վերաբերեալ: Ոստիկանապետին հրամանով յանձնարարուած է համապատասխան ստորաբաժանումներուն՝ 19 Փետրուարին կազմակերպել նախագահական թեկնածուի բնակութեան վայրի շուրջօրեայ անվտանգութեան ապահովումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.