ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի մէջ սուրիահայ երեխաներուն համար հիմնուած Կիլիկեան վարժարանի տնօրէն Նորա Փիլիպոսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ դպրոցը արդարացուցած է իր վրայ դրուած յոյսերը։ Ներկայի տնօրէնը, որ Հալէպի մէջ Կիլիկեան վարժարանի ուսուցչուհի էր, շատ լաւ գաղափար նկատած է Հայաստանի մէջ դպրոցին վերաբացուիլը։ «Այս հարցով շատ աշխատանք տարինք եւ ամէն ինչ ըրինք, որպէսզի հիմնուի այդ դպրոցը։ Մեզ ֆինանսաւորեցին «Կիլիկեան» բարեսիրական ընկերութիւնը եւ Հնչակեան կուսակցութիւնը: Աջակցութիւն ցուցաբերեցին նաեւ Հայաստանի սփիւռքի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները եւ Երեւանի քաղաքապետարանը», յայտնած է Փիլիպոսեանը: Դպրոցին մէջ կը կիրարկուի սուրիական ծրագիր: Դասաւանդուող նիւթերուն կարգին են արաբերէնը, անգլերէնը, ֆրանսերէնը, արեւմտահայերէնը: «Դպրոցը անհրաժեշտութիւն էր սուրիահայ այն աշակերտներուն, որոնք Հալէպի մէջ արդէն կը սորվէին հայկական դպրոցներու մէջ եւ նոյն ծրագիրով կրթութիւն ստանալու կարիքը կը զգային նաեւ Հայաստանի մէջ», յայտնած է տնօրէնը։
Կիլիկեան վարժարանին մէջ կը դասաւանդեն Սուրիայէն եկած փորձառու մասնագէտներ, որոնք ընդունուած են նախօրօք ներկայացուցած իրենց դիմումներուն համաձայն: Տնօրէնը վստահեցուցած է, որ ընտրուած են լաւագոյնները: «Ի վերջոյ սերունդ պիտի դաստիարակենք, ուստի կարեւոր է փորձառու ուսուցիչներու ընտրութիւնը: Փառք Աստուծոյ, ամէն ինչ լաւ ընթացաւ», ուրախութեամբ նշած է Փիլիպոսեան:
Վարժարան կը յաճախեն 1-9րդ դասարանի շուրջ 300 աշակերտներ, իսկ 9րդ դասարանէն բարձր դասարաններու աշակերտները իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն երեւանեան դպրոցներուն մէջ:
Նորա Փիլիպոսեան վստահ չէ, որ մնայուն բնակութիւն պիտի հաստատէ Երեւանի մէջ: Ըստ անոր, եթէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կայունանայ, կը վերադառնայ Հալէպ, ուր կը գտնուին իր տունը, աշխատանքը եւ հարազատները։ «Ի վերջոյ հոն են մեր ծննդավայրը, մեր երկար տարիներու կուտակած աշխատանքը, Հալէպի մէջ անցուցած ենք մեր մանկութիւնը եւ կեանքի մեծ մասը», ցաւով նշած է ան:
Սուրիահայ ծնողները եւս գոհ են դպրոցէն: Անոնք ուրախութեամբ ընկալած են դպրոցի վերաբացման լուրը: «Իմ աղջիկս կը յաճախէ Կիլիկեան վարժարան: Ընտրեցինք այդ դպրոցը, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ աշակերտներուն համար, մենք ալ այսպիսով կրնանք օգնել անոնց, իսկ հայկական դպրոցին մէջ ուսում ստանալը բարդ կրնայ ըլլալ, քանի որ հոն դասաւանդումը արեւելահայերէն է, իսկ մենք կը տիրապետենք արեւմտահայերէնին», նշած է Նայիրի Պաղտասարեանը:
Անդրանիկ Կանաչեանն ու Պօղոս Սարգսեանը իրենց զաւակներուն կրթութեան համար ընտրած են հայկական դպրոցները, քանի որ որոշած են մնայուն կերպով բնակիլ Երեւանի մէջ։
Նորա Փիլիպոսեան ամառը զբօսաշրջիկի կարգավիճակով Հայաստան գալէ ետք որոշած է մնալ եւ բնակութիւն հաստատել Երեւանի մէջ: Ան աստիճանաբար կը վարժուի նոր կեանքին ու միջավայրին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.