ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 21 Փետրուարին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած է Պելճիքա։
Պաշտպանութեան նախարարութենէն «Նիուզ»ին յայտնած են, որ հայկական պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕի ղեկավարած գործողութիւններուն մասնակցող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հերթական նիստին: Ժողովը տեղի պիտի ունենայ 22 Փետրուարին Պրիւքսէլի ՆԱԹՕի կեդրոնատեղիին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.