ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ախալցխա. նեթ».- Նկատի ունենալով վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, Սամցխէ–Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը նախաձեռնած է հանդիպումներու՝ շրջանի քաղաքական հիմնական ուժերուն հետ, որպէսզի տեղեկանայ, թէ ի՛նչ է անոնց մօտեցումը երկրամասի բնակչութեան խնդիրներու լուծման վերաբերեալ:
Խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեան հանդիպման առաջարկով նամակ յղած է՝ «Վրացական երազանք» դաշինքի անդամներուն եւ «Միացեալ ազգային շարժում»ի Ախալքալաքի շրջանի պաշտօնեաներու խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում կազմակերպելու համար: Խորհուրդը կ՛առաջարկէ հանդիպման համար ճշդել «Վրացական երազանք»ի եւ «Միացեալ ազգային շարժում»ի կողմէ լիազօրուած անձերու կազմ յառաջացնել եւ Խորհուրդը տեղեակ պահել հանդիպման թուականին մասին։
«Վրացական երազանք» դաշինքը պատասխան նամակով մը արդէն իսկ արձագանգած է Սամցխէ-æաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի առաջարկին՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով 23 Փետրուարին հանդիպում կայացնելու Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ, իրենց գրասենեակին մէջ։
Ախալքալաքի «Միացեալ ազգային շարժման» շրջանային պաշտօնեաները տակաւին չեն արձագանգած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.