ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 Փետրուարին ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.