
Շարժումը անկասելի կը դառնայ, եթէ մենք՝ ժողովուրդը շարունակենք պայքարը եւ յաջողինք զայն հասցնել յաղթական աւարտի: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը միայն Րաֆֆիին չի վերաբերիր, այլ՝ շարժում է իշխանութիւնը մեր ժողովուրդին վերադարձնելու եւ զայն միաւորելու՝ ի խնդիր մեր ընդհանուր Դատին: Հիմա ժամանակն է վերականգնելու այն ինչը, զոր ձախաւերութեամբ յաջողեցանք փոշիացնել այս վերջին երկու տասնամեակներուն: Հիմա ժամանակն է աշխատելու աւելի պայծառ Հայաստան կերտելու եւ աւելի ուժեղ ազգ դառնալու մեր համազգային հաւաքական երազի իրականացման ի խնդիր: Ամօ՛թ մեզի, եթէ այս անգամ ալ ձախողինք:
ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ