ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

Մենք, սփիւռքահայերս, յաճախ առիթ չենք ունենար հպարտանալու մեր նուաճումներով: Բայց, վերջին երկու տասնամեակներուն, բան մը փոխուեցաւ: Ղարաբաղը եկաւ մեզ արթնցնելու եւ ըսելու թէ պէտք չէ յուսահատիլ՝ գէթ այսքան կանուխ: Եւ, մենք վերջապէս գիտցանք թէ ինչ ըսել է հպարտանալ դրական նուաճումներով, իմա՛ յաղթանակներով: Գիտցանք թէ ինչ ըսել է հպարտանալ մեր հերոսներուն ցուցաբերած անձնդիր զոհաբերութեամբ:
Ղարաբաղեան շարժման նախնական նպատակն էր երկիրը դուրս բերել Ատրպէյճանի ԽՍՀՄէն եւ զայն միացնել մայր հայրենիքին: Բայց ունեցանք ի վերջոյ Ղարաբաղի անկախ հանրապետութիւն: Յառաջդիմութեան ճամբուն վրայ հսկայ քայլ մըն էր դէպի վախճանական նպատակ: Նաեւ, կողմնակի եւ կարեւոր շահերէն մէկը եղաւ իր շրջանի անուան հայացումը: Ղարաբաղը վերադարձաւ իր նախկին ԱՐՑԱԽ անուան:
Այս եղելութիւնը ինծի յիշեցուց ուրիշ շատ կարեւոր եւ կենսական փոփոխութիւն մը մեր քաղաքական կեանքին մէջ, որ հետեւեալն էր. Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութեան նպատակակէտն էր ազատագրել Արեւմտահայաստանը Օսմանեան դաժան լուծէն: Բայց պատահեցաւ աննախատեսելին. մօտ վեց հարիւր տարիներու գերութենէ ետք, վկայեցինք Հայաստանի անկախ հանրապետութեան մը ստեղծումը, որ եղաւ հիմնաքարը յաջորդ հանրապետութիւններուն՝ լաւ կամ վատ:
Մինչ այդ, մենք ծանօթ էինք Արցախ անուան միայն մեր պատմութեան դասագրքերէն: Ծանօթ էինք Դաւիթ Բէկին, որովհետեւ կարդացած էինք նոյնանուն վէպը:
Բազմաթիւ ժողովներէ եւ ցոյցերէ ետք, ստեղծուած Ղարաբաղ կոմիտէն որոշեց կռիւով հասնիլ իր նպատակին:
Եւ սկսաւ անհաւասար կռիւը որ, ժամանակի ընթացքին, վերածուեցաւ կատարեալ արիւնոտ պատերազմի: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր շունչը պահած կը սպասէր անոր եզրակացութեան: Աշխարհասփիւռ հայ մտաւորականութիւնը, հաւատքի մարդիկը, սփիւռքահայեր սրտատրոփ կը սպասէին, թէ ի՞նչ պիտի պատահի:
Ասոր կողքին, դժբախտաբար կար նաեւ Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժը, որ պատահեցաւ նոյն տարին: Ո՞ր մէկուն մասին մտածել: Որո՞ւն օգնութեան հասնիլ: Ցեղասպանութենէն ետք, Սուրիան եւ Լիբանանը, որոնք աշխահագրականօրէն ալ աւելի մօտ էին Արեւմտահայաստանին, եղան առաջին երկու հիւրընկալ պետութիւնները եւ անմիջապէս սկսան նպաստի աշխատանքին: Նոյնը նաեւ այս պարագային. դրամ, սնունդ, հագուստեղէն շատ արագ հաւաքուեցան եւ ղրկուեցան առ որ անկ է: Թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Արցախ: Երկուքն ալ պատերազմի մէջ էին: Զանգուածային մահեր կային երկու կողմէն ալ:
Վերջապէս պահանջատէր էինք: Եւ այսպէս, «Ղարաբաղը մերն է» լոզունգը հնչեց թէ՛ երկու երկիրներուն մէջ, թէ՛ արտասահման: «Մեր» ստացական ածականը, որ բնաւ չէինք կրցած ըսել, հաճելի, ոչ միայն հաճելի, այլեւ հպարտ եւ ուրախ թոնով կ՛ըսէինք այլեւս: Որովհետեւ երկիր ունէինք. հոգ չէ թէ սգաւոր: Գրեթէ հրաշք: Չէինք հաւատար:
Մեր ուրախութիւնը, անշուշտ երբեք չի կրնար անխառն ըլլալ: Մէկ աչքին ժպիտ, միւսին արցունք՝ կը դիտէինք պատկերասփիւռէն մեծաքանակ դագաղները երկրաշարժի զոհերուն համար: Նաեւ, կը հետեւէինք պատերազմին, որ տեղի կ՛ունենար Արցախի մէջ, ուր մեր երիտասարդութիւնը կը զոհուէր ի խնդիր իր ժողովուրդի եւ իր հողի գոյութեան: Երբեք չեմ կրնար մոռնալ այն տեսարանը, ուր պատերազմէն վիրաւոր զինուորներ կը վիրահատուէին, առանց թմրեցուցիչի: Աչքերս եւ ականջներս կը փակէի չտեսնելու եւ չլսելու համար վիրաւորին դէմքը եւ ձայնը: Եւ անոնք կը վիրահատուէին առանց տրտունջի: Եւ կեանքը կը շարունակուէր մեզի համար:
Արդէն քսանհինգ տարի ալ անցաւ այդ օրերէն ի վեր: Որբացած մանուկները արդէն երիտասարդ են: Մայրերուն արցունքը արդէն չորցած է: Բայց, ինչպէ՞ս: Դիւրին է խօսիլը:
Ես 1991ին բախտը ունեցայ Արցախը տեսնելու: Եւ, այնքան ուրախ եմ, որ այդ բախտը ունեցայ: Թէեւ մէկ օրով, բայց եւ այնպէս Արցախն էր որ տեսայ. նախկին Ղարաբաղը: Այդքան գեղեցիկ բնութիւն տեսած չէի: Գոնէ ես: Երեւանէն Արցախ ուղղաթիռով այդ կարճ ճամբորդութիւնը նոր աշխարհներ բացաւ առջեւս: Ունեցայ նոր անդրադարձներ: Մտածեցի, որ ուրեմն ճիշդ էին ինչ որ մեր հայոց պատմութեան գրքերը կը պատմէին, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մասին: Յուզուած էի:

Նոյն յուզումը ունեցայ, երբ առաջին անգամ Ջաւախք այցելեցի, երբ կեցութեանս վայրէն քիչ մը դուրս գեղեցիկ եւ ոլորապտոյտ գետ մը տեսայ: Գետին մէկ ափէն կ՛անցնէր մեր ինքնաշարժը. դիմացի ափին կար պարիսպի նման բարձր արգելք մը: Մեզ հիւրընկալող բարեկամները ըսին, թէ Կուր գետն էր այս մէկը: Յանկարծ փղձկեցայ: Մտածեցի, թէ ուրեմն կարգով բոլոր այն բաները որ առասպել կը կարծէինք, կրնային իրականանալ: Իսկ, երբ օր մը Սեւանայ Լճի դիմացի ափը լեռնաշղթայ մը տեսայ, ինծի ըսին, որ Գեղամայ լեռներն էին անոնք. ուրախութեան յուզում մը դարձեալ սեղմեց կոկորդս: Այս մէկը կը պատահի Հայաստան կամ Արցախ առաջին անգամ այցելողներուն:
Եւ մտածել, թէ Արցախի նման հող մը, որ ծագումով հայկական եղած է եւ դարերով բնակուած հայերով, այսօր պիտի վերադառնար իր օրինաւոր տէրերուն: Ինչ կայ ասկէ աւելի գեղեցիկ եւ ուրախառիթ հրաշք:
Բայց, պահ մը կանգ առնենք եւ շատ չմխրճուինք ռոմանթիք տրամադրութիւններու մէջ: Այն, որ հիմա այդ հողերը մերն են, բայց անոնց բնակիչները գէթ սկզբնաւորութեան՝ զրկանքի մէջ ապրեցան: Արցախի այդ շքեղ բնութեան մէջ, մարդիկ տէր ըլլալու հպարտութիւնը կ՛ապրին, բայց զրկուած են արդի կեանքի բոլոր առաւելութիւններէն: Այս մէկն ալ զոհողութիւն է եւ ցոյց կու տայ հայուն մեծ Յոյսը, որ օր մը ամէն ինչ իր տեղը պիտի գտնէ: Եւ, այն ատեն այնքան մեծ թիւով հայեր պիտի ուզեն իրենց հայրենի հողին վրայ ապրիլ, որ պէտք է կարգի կենան եւ սպասեն: Ներգաղթած եւ արտագաղթած հայեր պիտի ըլլան անոնք, որոնք ներկայիս օտար երկինքներու տակ կ՛ապրին՝ կարօտախտով:
Ներգաղթը դէպի հայրենիք տեղի ունեցաւ 1946-1947 տարիներուն՝ որպէսզի հայերու աճող թուին շնորհիւ այդ օրերու ղեկավարները կարենան իրենց հողը պահել, մեծ զոհողութիւններով ստեղծուած հանրապետութիւնը պահպանել: Բայց, նոյն ատեն, նոյն այդ մեր մեծ դրացի ղեկավարները, Արցախի պէս գեղեցիկ եւ հերոսներու ծննդավայրը դիւրութեամբ նուիրեցին թուրք եւ թաթար ժողովուրդներուն: Եւ հիմա նոյն այդ հողերուն վերատիրանալու համար, հայ երիտասարդներ իրենց ծաղիկ կեանքը պիտի զոհէին: Եւ, անոնք, այդ երիտասարդները յաջողեցան վերատիրանալ այդ հողերուն, որոնք արդէն իրենցն էին (հեգնական է՝ չէ՞):
1905, 1915, 1918, 1937, 1947, 1988: Յիշելու համար ընդհանուրէն քանի մը հատը միայն: Ասոնք այն թուականներն են, որոնք ունեցան անկիւնադարձային հանգամանք մեզի՝ հայերուս համար: Եւ, թէեւ անոնք սպանդներ եւ ջարդեր էին, այդուհանդերձ մեզի համար անոնք վերածուեցան վերածնունդի եւ զարթօնքի: Կարծէք, կենդանի մնալու համար, մենք միշտ պէտք ունինք մահաբոյր այդ խթաններուն:
Այստեղ կրնամ մէջբերել Armenian Reviewի 55րդ հատորին մէջ տեղ գտած ցեղասպանութեան հետեւեալ սահմանումը, 11 Դեկտեմբեր 1946ի թիւ 95 (1) բանաձեւով ներկայացուած. «Ըստ Միջազգային Օրէնքին, ցեղասպանութիւնը, զոր քաղաքակիրթ աշխարհը կը դատապարտէ, եւ անոր գործադրութեան ղեկավարները նաեւ անոնց մեղսակիցները – անհատ անձեր, պետական անձնաւորութիւններ եւ պետութեան գլուխներ, եթէ անոնք ցեղասպանութիւն գործած են կրօնական, ցեղային, քաղաքական կամ այլ խումբերու դէմ անպայման պէտք է իրենց արժանի ՊԱՏԻԺԸ կրեն:»
Այս մէկը թէեւ կը վերաբերի բոլոր ցեղասպանութիւններուն, մեր պարագային նաեւ՝ Արցախի, Սումգայթի եւ նմանօրինակ այլ վայրերու մէջ կատարուած վայրագ ոճիրներուն:
Յետադարձ նայուածքով մը, կրնանք մտածել. որ «իրապէս ձայն մը հնչած էր Ղարաբաղի հայոց լեռներէն»: Ճնշուած հայ ժողովուրդի ձայնն էր անիկա, եւ կը բխէր ոչ թէ լեռներէն, այլ մարդոց սրտերէն: Ասիկա ձայն մըն է, որ ընդհանրապէս կը հնչէ, երբ «դանակը ոսկորին կը հասնի», որուն արդիւնքը կ՛ըլլայ «յաղթանակ». բառ մը՝ որուն հազուադէպ կը հանդիպինք հայերէն բառարաններու կամ հայոց պատմութեան էջերուն մէջ:
–Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
Տէր Եւ Տիկ. Վարդգէս Եւ Ալիս Անիւեաններ
Արտեմիս Չորպաճեան, ի յիշատակ իր ամուսնոյն Նուպար Չորպաճեանի
Բուլիկ Բաբայեան