ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի նախագահական նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան աւարտած է մարզեր տուած իր երկօրեայ այցելութիւնները, որոնք ընթացք առած էին 6 Մարտին՝ Տաւուշէն: Քաղաքի հրապարակներուն վրայ հոծ բազմութիւն հաւաքուած էր՝ նշելու 18 Փետրուարին հայ ժողովուրդին արձանագրած յաղթանակը: Անոր ընկերակցած են նաեւ հրապարակաւ իր հանրային շարժման նուիրած՝ Լոռիի նախկին մարզպետ Վիգէն Խաչատրեանը, ինչպէս նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Զարուհի Փոստանջեանն ու Ստեօպա Սաֆարեանը:
Իջեւանի, Դիլիջանի, Նոյեմբերեանի, Բերդի եւ միջանկեալ այլ կանգառներու մէջ Րաֆֆի Յովհաննէսեան ուխտած է շարունակել պայքարը մինչեւ ժողովուրդի յաղթանակի պաշտօնական արձանագրումը: Հանդիպելով ոստիկանութեան կողմէ հաւաքները խանգարելու անօրինակ գործելաոճին, Յովհաննէսեանը հեռաձայնած է Հայաստանի ոստիկանապետին եւ պահանջած անմիջապէս վերականգնել հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը: Ապա ան շարունակած այցելութիւնները՝ «մեր շարժումն անկասելի է» յայտարարելով եւ նշելով. «Իշխանութիւնները, կարծես թէ, հասկացել են, որ պէտք է ենթարկուել ժողովրդի օրինական պահանջներին»:
7 Մարտին Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Րաֆֆի Յովհաննէսեան ուղղուած է Թալին, այնուհետեւ Արթիկ, Գիւմրի, Վանաձոր, Սպիտակ եւ Ապարան: Ամէն տեղ ան հաւատք սերմանած է իր խօսքերով եւ գործելու կոչ ուղղած է: «Ես կրկին եկել եմ։ Սրանից յետոյ էլի կը գամ: Եւ իւրաքանչիւր հանդիպում մեզ պէտք է աւելի ուժեղացնի, որովհետեւ մեր յաղթանակի պտուղները ճաշակելու ժամը հեռու չէ. շուտով մենք կը տեսնենք ազատ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ Հայաստանը»:
8 Մարտին Րաֆֆի Յովհաննէսեան պիտի նախագահէ Ազատութեան հրապարակին վրայ կայանալիք Կիներու միջազգային օրուան նուիրուած տօն-հանրահաւաքին, ուր ժամը 17։00ին յայտնի երաժիշտ-կատարողներ, քաղաքական առաջնորդներ ու քաղաքացիական գործիչներ պիտի միանան՝ անգամ մը եւս յարգելու 18 Փետրուարին ժողովուրդին նուաճած յաղթանակին իսկական աղբիւրը հանդիսացող հայ մայրերը, քոյրերը եւ դուստրերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.