
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 13 Մարտին Երեւանի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճին մէջ սկսաւ «Հայկական ինքնութեան խնդիրները 21րդ դարում» խորագիրով երկօրեայ գիտաժողովը՝ հայաստանցի եւ սփիւռքահայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ։ Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ գիտաժողովը կարեւոր է եւ հետաքրքրական, քանի որ անոր կը մասնակցին մասնագէտներ թէ՛ Հայաստանէն, եւ թէ Սփիւռքէն։
«Թեման, որ այսօր շօշափուելու է, կարծում եմ, խիստ արդիական է, կարեւոր, էական ազգային եւ պետական համատեքստում: Արդիական է այն պատճառով, որ մեր հայրենակիցների երկու երրորդն ապրում է տարբեր երկրներում է եւ կրում է տարբեր լեզուների, քաղաքակրթութիւնների ազդեցութիւնը՝ ենթարկուելով փոփոխութիւնների», յայտնեց ան։ Յակոբեանի համաձայն, կարեւոր է ոչ միայն քննարկումներ ծաւալելը, այլեւ խնդիրներուն լուծման հաւանական ուղիներ առաջարկելը:
Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան նշեց, որ բոլորին համար յստակ է, որ Խորհրդային տարիներուն հայկական ինքնութեան նիւթին մասին կը խօսուէր եւ կ՛արծարծուէր մասնաւորապէս գիտական մամուլի էջերուն մէջ: Անոր համաձայն, մեր ինքնութեան մասին խօսելը ի զուր է առանց Սփիւռքի մասնագէտներու մասնակցութեան:
Անոր կարծիքով, կարեւոր է, որ պատմաբաններուն եւ փիլիոփաներուն կողքին ազգային ինքնութեան պահպանման մասին խօսին նաեւ հոգեբանները, ընկերաբանները, քանի որ ինքնութեան խնդիրը շատ բարդ է, շատ հակասական:
Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ փորձառութեան փոխանակումը կարեւոր է եւ մեծ արժէք կը ներկայացնէ։
Գիտաժողովի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ շնորհահանդէսը «սփիւռքագիտութիւն. Տեսութեան եւ պատմութեան հարցեր» տարեգիրքի, ուր ամփոփուած են 2011ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւն. Երէկ, այսօր եւ վաղը» խորագիրով գիտաժողովին զեկուցումները։
Գիտաժողովը կազմակերպուած է Սփիւռքի նախարարութեան, ԵՊՀ սփիւռքագիտութեան ամպիոնի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի (Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն) նախաձեռնութեամբ:
Երկօրեայ գիտաժողովին ընթացքին զեկուցումներ պիտի ներկայացնեն ԵՊՀ մշակութաբանութեան, փիլիսոփայութեան ամպիոնների դասախօսներ, Հայաստանի գիտակրթական տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, սփիւռքագէտներ: