
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս յայտնի է, իբրեւ Սամաթիոյ մէջ գործուած յարձակումներու հեղինակ, ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Մուրատ Նազարեան անունով հայ երիտասարդ մը, որուն ձերբակալութիւնը, ըստ պաշտօնատարներու, վերջ տուած է այն շշուկներուն, թէ այս յարձակումները արդիւնք էին հայերու դէմ ատելութեան։ Յայտնի դարձած է նաեւ, որ Նազարեան հոգեկան հիւանդ մըն է։
Համացանցի վրայ Ճենկիզ Ալղանի ստորագրութեամբ յօդուած մը կը դնէ այն հարցականը, թէ Նազարեան պարզապէս գործի՞ք մըն էր այս ոճիրները կազմակերպած այլ մարդոց ձեռքին: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ ամբաստանեալի մը ձերբակալութիւնը հանգստացուցած է Սամաթիոյ թաղեցիները եւ հիմա ինք չի փափաքիր խանգարել այդ անդորրը, բայց կ՛ուզէ նշել, թէ կան կարգ մը հարցումներ, որոնք պատասխանի կը կարօտին։
Ան կու տայ կարգ մը տեղեկութիւններ, որոնք լայն արձագանգ չէին գտած մամուլին մէջ օրին։
Ուրեմն, կային երկու մանկամարդ կիներ, որոնք վերջին յարձակումին ընթացքին կրցած էին տեսնել, թէ ձերբակալուած անձին արտաքին երեւոյթին նմանող անձ մը, երկար ատեն սպասած էր շէնքի մուտքին, մինչ քիչ մը անդին ինքնաշարժի մը մէջ երկու անձեր կը սպասէին։ Եթէ այս տեղեկութիւնը ճիշդ է, ապա կը նշանակէ, որ յարձակումը կազմակերպուած արարք մըն էր եւ ձերբակալուած կասկածելին միայն կազմակերպիչ ցանցին վերջին օղակն էր։
Յօդուածագիրը դիտել կու տայ, որ ամբաստանեալը ըսած է, թէ ոչի՛նչ կը յիշէ եւ եթէ ոստիկանութիւնը կ՛ըսէ, որ ինք սպաննած է, ուրեմն՝ ճիշդ է ատիկա։ Այս տարօրինակ յայտարարութենէն կայ մէկ այլ կէտ մըն, որ յայտնի չէ՝ քննուած է, թէ ոչ։ Մարիձա Քիւչիւքի սպանութենէն ետք, գող մը Մարիձա Քիւչիւքի դրացիին խանութը մը մտած էր եւ պահարանի մը վրայ թողած էր գրութիւն մը, որ կ՛ըսէ. «Ես սպաննեցի»։ «Այս ձեռագիրը բաղդատուեցա՞ւ ոճրագործի ձեռագիրին հետ։ Կարճ խօսքով՝ պայման է, որ քննութիւնները խորացուին», կ՛աւելցնէ յօդուածագիրը:
«Գալով այն շրջանակներուն, որոնք ոճրագործին հայ ըլլալը իրենց լեզուին ծամօն դարձուցին ու անոր ազգութիւնը շահագործեցին, անոնց համար իմ գտած ամէնէն քաղաքավար բառն է՝ «անկրթութիւն»», կ՛եզրակացնէ յօդուածագիր Ճենկիզ Ալղան։