
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Միլլիյէթ»ի վաստակաշատ յօդուածագիր Հասան Ճեմալի անունը այս օրերուն օրակարգի վրայ է Թուրքիոյ եւ հայկական մամուլներուն մէջ՝ երկու տարբեր պատճառներով։ Թուրքիոյ մամուլին մէջ Հասան Ճեմալի մասին կը խօսուի՝ «Միլլիյէթ» թերթին եւ վարչապետ Էրտողանի հետ անոր ունեցած տարակարծութեան առիթով, իսկ հայ մամուլին մէջ կը խօսուի Հասան Ճեմալի կողմէ հրատարակուած եւ 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքին առիթով։
Հասան Ճեմալ որոշած է վերջ տալ «Միլլիյէթ»ի իր աշխատակցութեան, որովհետեւ անոր մէկ գրութիւնը պախարակուեցաւ վարչապետ Էրտողանի կողմէ եւ թերթին վարչութիւնը, անհանգստանալով վարչապետի դիրքէն՝ 15 օրուան արձակուրդ )կամ պատիժ) տուաւ Հասան Ճեմալին։ 15 օր ետք, այսինքն Երկուշաբթի, Մարտ 18ին, կը սպասուէր, որ «Միլլիյէթ»ի մէջ վերերեւէին Հասան Ճեմալի յօդուածները, բայց այդպէս չեղաւ։ Աւագ խմբագիր Տերիա Սազաք մերժեց հրատարակել այն նոր յօդուածը, զոր գրած էր Հասան Ճեմալ 15 օրուան «արձակուրդ»էն ետք։ Այս պայմաններուն մէջ, Հասան Ճեմալ որոշեց վերջ տալ իր աշխատակցութեան։
Ի՞նչ է պատճառը Հասան Ճեմալի դէմ այս նոր խաչակրութեան։ Պատճառն այն է, որ քրտական հարցին շուրջ Իմրալը բանտին մէջ բանակցութեանց ատենագրութեան պատճէնը «Միլլիյէթ»ի մէջ հրատարակուելէն ետք, Հասան Ճեմալ շնորհաւորած էր իր թերթին յաջողութիւնը եւ անդրադառնալով պետական շրջանակներու կողմէ այդ անգաղտնապահութեան մասին հաղորդուած գանգատներուն՝ ըսած էր, որ երկիր կառավարելը ուրիշ բան է, թերթ հրատարակելը՝ ուրիշ բան։ Հասան Ճեմալի այս նախադասութիւնը շատ զայրացուցած էր Էրտողանը, որ առանց Հասան Ճեմալին անունը տալու, բայց գործածելով անոր վերի նախադասութիւնը՝ ըսած էր. «Եթէ այսպէս թերթ պիտի հրատարակես, գետնին տակը անցնի քու լրագրողի աշխատանքդ»։
Վարչապետ Էրտողանի այս պոռթկումէն ետք էր, որ թերթին վարչութիւնը 15 օրուան արձակուրդ տուած էր Հասան Ճեմալի։ Բայց թերթին վարչութիւնը 15 օր ետք գրուած նոր յօդուածն ալ չսիրեց, որովհետեւ Հասան Ճեմալ կը շարունակէր պաշտպանել իր նոյն դիրքը։
Երկրորդ խնդիրը, Հասան Ճեմալի կողմէ Ցեղասպանութեան մասին գրուած խիզախ գիրքն է։ Այս գիրքին մէջ Հասան Ճեմալ, որ 1915ի տեղահանութեան գործադրութեան կարեւոր դէմքերէն Ճեմալ փաշայի թոռը ըլլալով հանդերձ՝ կ՛ընդունի այդ թուականին պատահած Ցեղասպանութեան մանրամասնութիւնները, ըսած էր, որ Ցեղասպանութիւնը ուրանալը մարդկութեան դէմ յանցագործութեան մասնակցիլ կը նշանակէ։
Ամերիկայէն «Հապեր Թիւրք» թերթի աշխատակից Քասըմ Ճինտեմիրի կողմէ հաղորդուեցաւ, թէ «Վարդանանց Ասպետներ»ը որոշած է կազմակերպութեան շքանշանով պատուել Հասան Ճեմալը։ Այս նպատակով, Հասան Ճէմալի ի պատիւ ճաշկերոյթ մը պիտի սարքուի Նիւ Ճըրզիի մէջ, Ապրիլ 13ին: Շքանշանի տուչութենէն ետք ներկաներուն պիտի ծանօթացուի Հասան Ճեմալի «1915. Հայկական Ցեղասպանութիւն» գիրքը։
Այն հանգամանքը, թէ Հասան Ճեմալ թոռն է Ճեմալ փաշայի, շատ կարեւոր կը նկատուի հայ հանրային կարծիքին կողմէ։ Հասան Ճեմալ այս կերպով ինքզինք կը փորձէ մաքրագործել իր մեծ հօրը մեղքերէն ու պատասխանատուութենէն։ Ան 5 տարի առաջ այցելած էր Ծիծեռնակաբերդի Նահատակաց յուշարձանը եւ ժամադրուած էր իր մեծ հայրը սպաննողին թոռան հետ։ Իր վերջին գիրքէն ետք, ան Ամերիկայի մէջ սարքուած բանախօսութեան մը ընթացքին կրկնած էր, թէ ցեղասպանութեան ուրացումը մարդկութեան դէմ յանցագործութեան մասնակցիլ կը նշանակէ։