ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հէքիաթներու աշխարհին եւ ամերիկեան շարժապատկերներու մէջ պատմութիւնը ընդհանրապէս կ՛աւարտի բարիի յաղթանակով՝ ընդդէմ չարին: Իրական աշխարհին մէջ, անշուշտ, այդպէս չէ: Այսուհանդերձ, Հայաստանի ապագային հանդէպ կայ լաւատեսներու ամբողջ բանակ մը, որ խոր հաւատք ունի բարիի վախճանական յաղթանակին հանդէպ, պարզապէս այդ յաղթանակը շուտափոյթ իրականացնելու խնդիրն է, որ կը բարդանայ ու շարունակ կը ձգձգուի:
Այսօր, Երեւանի մէջ, դարձեալ բարին դուրս եկած է ընդդէմ չարին, ազնուութիւնն ընդդէմ կեղծիքին:
Բարին, այո՛, անզէն է, եւ իր հոգեկան ամրութիւնը զօրացնելու իբրեւ ճանապարհ ընտրած է մարմինը տկարացնելու, ծոմի ճանապարհը:
Բարին, այո՛, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու ապահովական հազար ու մէկ հարցերու մասին իր սպառիչ լուծումները չունի, այլ՝ միայն ուժեղ յանձնառութիւն, վճռականութիւն՝ պայքարելու ընդդէմ փտածութեան, ընդդէմ կաշառակերութեան, ընդդէմ այն բոլորին, որ կը ներկայանան իբրեւ բարոյալքման աղբիւր, իբրեւ չարի յենարան:
Բարին, այսօր, իր տկարութիւններու ու սահմանափակումներու յանդուգն հրապարակումով, կրնայ ծաղր ու ծանակի ենթարկուիլ իմաստնութեամբ, շրջահայեացութեամբ ու խոհունակութեամբ օժտուածներէն, որոնց սուր հարցադրումներուն պատասխանելու, հետագայ քայլերու մասին բիւրեղային ճշգրտութեամբ բացատրութիւններ տալու անկարող կրնայ ըլլալ ան:
Բարին, սակայն, պատրաստ է իր ուժն ու կորովը, միտքն ու հոգին ծառայեցնելու՝ լաւն ու օգտակարը երկրին տիրապետող մթնոլորտը դարձնելու նպատակին:
Ուրիշ ի՛նչ հաւաստիքներու կարիք ունինք բարիին մեր մշտական նեցուկն ու զօրակցութիւնը շնորհելու, թիկունք կանգնելու անոր պայքարին, մինչեւ յաղթանակ, մինչեւ չարի ու չարութեան արմատախլումը մեր հողէն: