
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Երեքշաբթի, Մարտ 19ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը

(Ռուսիա), Ժագ Ֆորը (Ֆրանսա) Իան Քելին (Միացեալ Նահանգներ) եւ անոնց ուղեկցողները:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպման սկիզբը նախագահ Սահակեան ողջունած է ամերիկացի համանախագահ Իան Քելին, անոր մաղթած է յաջողութիւն իր աշխատանքին մէջ, միաժամանակ՝ բարձր գնահատելով նախկին համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքի ներդրումը խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Անդրադառնալով ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին՝ Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ Պաքու կը շարունակէ ապակառուցողական իր քաղաքականութիւնը, ինչ որ մեծ վտանգ է թէ՛ խաղաղ գործընթացին եւ թէ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման համար: Ան ափսոսանքով արձանագրած է, թէ տօնական օրերուն զինադադարը չխախտելու մասին Ստեփանակերտի առաջարկը Ատրպէյճանի կողմէ փաստացիօրէն անտեսուած է, եւ Պաքուն կը շարունակէ ամէնօրեայ խախտումները՝ սահմանի երկայնքին:
Նախագահը հերթական անգամ վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը՝ ընդգծելով, որ Արցախը կողմնակից է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի հովանիին ներքեւ ընթացող բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման:
Հանդիպման ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Անճէյ Քասփըրչիք եւ այլ պաշտօնատարներ: