ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 13ի առաւօտուն, Ազգ. առաջնորդարանը ապրեցաւ Ազգ. Թաւլեան մանկամսուրի դեռատի աշակերտներուն ստեղծած հաճելի ու զուարթ մթնոլորտը։ Արդարեւ, մանկամսուրի աշակերտները, իրենց դաստիարակներուն եւ ծնողներուն ընկերակցութեամբ ուխտի եկան առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։
Այցելութիւնը մաս կը կազմէր ուխտագնացութեանց շարքի մը, որ պարբերաբար կը կատարուի ազգային վարժարաններու աշակերտներու կողմէ. անոնք առաջնորդարան կ՛այցելեն՝ ծանօթանալու համար ազգային այս հաստատութեան, եւ փոխադարձաբար, դաստիարակիչ պահ մը կը բոլորեն անոր յարկին տակ՝ ցուցադրելով արտասանելու եւ երգելու իրենց ձիրքերը։
Աւելի քան 50 մանուկներ, իրենց դաստիարակներուն եւ ծնողներուն հետ առաջնորդարան հասան առաւօտեան ժամը 10ին եւ առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ։ Սրբազանը, կողքին ունենալով Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը՝ ողջունեց մանուկ հիւրերն ու դաստիարակները։ Տէրունական աղօթքի երգեցողութենէն ետք, հոգեւոր հայրերը երգեցին Արեւագալի «Լոյս» շարականը եւ «Տէր Ողորմեա՛»ն։
Այնուհետեւ, մանուկները առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր ներկայացուցին շարք մը երգեր եւ արտասանութիւններ, որոնց շարքին՝ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ն։
Գեղարուեստական բաժինէն ետք, առաջնորդ սրբազանը մանուկներն ու դաստիարակները հիւրընկալեց առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ, ուր բոլորուեցաւ մտերմիկ պահ մը։ Առաջնորդը գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ մանուկներուն այցելութեամբ առաջնորդարանը ապրած է զուարթ պահ մը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ աշակերտներուն լաւ արտասանելուն եւ երգելուն համար եւ յորդորեց, որ յառաջիկայ Մայիսին, Մայրերու ամսուան առիթով, մանուկները յատուկ աղօթք մը պատրաստեն իրենց մայրերուն, նկատի ունենալով, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2013ը ձօնած է Հայ Մայրերուն։ Սրահէն դուրս գալէ առաջ, աշակերտները մօտեցան առաջնորդ սրբազանին, համբուրեցին խաչը եւ ստացան յուշանուէրներ։
Նախքան Ազգ. առաջնորդարանէն մեկնումը, աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները միասնաբար լուսանկարուեցան առաջնորդարանի պարտէզին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.