ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 25 Մարտին ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն, ոստիկանութեան զօր. Ռոբերտ Շաֆերեանը ազատ կացուցուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր ոստիկանութեան պետի պաշտօնէն, իր դիմումին համաձայն, երկարամեայ ծառայութեան կենսաթոշակի անցնելու կապակցութեամբ:
Նոյն օրը ԼՂՀի նախագահը ստորագրած է նաեւ հրամանագիր՝ զօր. Կամօ Աղաջանեանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր ոստիկանութեան պետ նշանակելու մասին:
Նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով, Ռոբերտ Շաֆերեան նշանակուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ:
Նախագահ Բակօ Սահակեանը նոյն օրը այցելած է Ղարաբաղի ոստիկանութիւն եւ համակարգի աշխատակիցներուն՝ ներկայացնելու նորանշանակ ոստիկանապետ Կամօ Աղաջանեանը:
Ան բարձր գնահատած է ոստիկանութեան նախկին պետ Ռոբերտ Շաֆերեանի ներդրումն ու աւանդը՝ համակարգի կայացման ու զարգացման աշխատանքին մէջ եւ երախտագիտութիւն յայտնած է անոր՝ երկարամեայ ծառայութեան համար: Նախագահը նշած է, որ Ռոբերտ Շաֆերեան՝ ստանձնելով ԼՂՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալի պաշտօնը, պիտի ներդրէ իր հարուստ փորձառութիւնն ու գիտելիքները՝ հայրենիքի զօրացման ի խնդիր։
Ներկայացնելով Կամօ Աղաջանեանը՝ երկրի ղեկավարը նշած է, որ անոր աշխատանքային փորձառութիւնը եւ մարդկային արժանիքները կարելիութիւն կու տան պահպանելու գերատեսչութեան աւանդոյթները եւ անոր աշխատանքը դարձնելու ալ աւելի արդիւնաւէտ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.