ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քաղաքականութեան չափ հին է ահաբեկչութիւնը։
Նաեւ քաղաքական մտքի ա-կունքներէն եկող չարաշահման նիւթ է ահաբեկչութեան արժեւորման շուրջ հազարամեակներէ ի վեր շարունակուող բանավէճը։
Ամէն ազգ եւ ժողովուրդ ահաբեկչութեան կապուած իր ուրոյն կենսափորձը ունի։
Հռովմէական կայսրութեան բնորոշ Յուլիոս Կեսարի ահաբեկումէն մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիմնադիր Աբրահամ Լինքըլնի ահաբեկումը, հնադարեան ժամանակներէն սկսեալ ահաբեկչութիւնը քաղաքացիութեան իրաւունք ստացած է ընդհանուր ազգաց պատմութեան մէջ։
Բայց մանաւանդ նոր ժամանակներու միջազգային կենսափորձով՝ ահաբեկչութիւնը վճռորոշ տեղ ու արժէք ստացած է քաղաքական առճակատումներու մերօրեայ պատմութեան մէջ։
Համահունչ՝ շիկացած է նաեւ գաղափարական բանավէճը ահաբեկչութեան – իբրեւ քաղաքական պայքարի ընկալեալ զէնքի – արժեւորման շուրջ։
Մերօրեայ քաղաքական բառապաշարին մէջ հակասական եւ հակադիր գնահատումներու առարկայ դարձած են «ահաբեկչութիւն»ն ու «հակա–ահաբեկչութիւն»ը, իրաւունքի եւ արդարութեան հետամուտ «ազատագրական ահաբեկչութիւն»ն ու պետական ճնշումի սարսափազդու գործիքի վերածուած «պետական ահաբեկչութիւն»ը, ազգային արդար պայքարներու յուսահատական զէնքը նկատուող «տկարներու ահաբեկչութիւն»ը եւ մեծապետական հաշուեյարդարներու ծառայող «միջազգային ահաբեկչութիւն»ը…
Ոչ միայն շարքը երկար է, այլեւ՝ շարունակ նորանոր կիրարկումներ կու գան ընդլայնելու ահաբեկչութեան «քաղաքական մշակոյթ»ը։
Վերջինը՝ «արմատական Իսլամ»ի անունին կապուած Քայիտայի ահաբեկչական բորբոքումն է, որ մինչեւ այսօր իբրեւ մահասփիւռ ուրուական անձկութեան եւ ահուսարսափի մէջ կը պահէ միջազգային հանրութիւնը։
Հայ քաղաքական միտքը աւելի քան հարիւր տարի առաջ իր արժեւորումը կատարած–ամբողջացուցած է եւ ահաբեկչութիւնը հռչակած է արդարներուն միակ ու վերջին զէնքը՝ դէմ դնելու համար անիրաւներու եւ բռնակալներու պետականօրէն կիրարկած սարսափի, կոտորածի եւ ազգային բնաջնջումի ահաբեկչութեան։
Նաեւ հայ գրականութիւնը, դասական իր մեծատաղանդ դէմքերու ստեղծագործութիւններով, հիմնաւորած ու նուիրագործած է հայ ահաբեկիչն ու անոր ահաբեկչական հերոսութիւնը սրբացնող գաղափարական աւանդը։
Գաղտնիք չէ, որ քսաներորդ դարասկիզբին ռուսական սոցիալ–դեմոկրատական հոսանքը եւ անոր հերձուածային ծնունդը հանդիսացող Պոլշեւիզմը ընտրեցին հակա–ահաբեկչութեան ուղին՝ իբրեւ աշխատաւորական շարժման յաջողութեան գրաւականը։ Ինչպէս ռուս Սոցիալիստ–յեղափոխական շարժումին, այնպէս ալ հայ ազգային–ազատագրական շարժման եւ յատկապէս Դաշնակցութեան դէմ, պոլշեւիկները գաղափարական մոլեռանդ պայքար ծաւալեցին՝ ահաբեկչութիւնը իբրեւ աշխատաւորական պայքարի զէնքի դատապարտելու եւ բանադրելու կարգախօսով։
Հետեւանքը նոյնպէս գաղտնիք չէ։ Պոլշեւիկեան աղանդամոլութիւնը ծնունդ տուաւ Չարիքի եւ Սարսափի կայսրութեան՝ Խորհրդային Միութեան։ Ահաբեկչութեան դէմ «գաղափարական անհաշտ պայքար»ի նոյն այդ կարգախօսով՝ Պոլշեւիզմը կեանքի կոչեց պետական ահաբեկչութեան ամէնէն ահաւոր, անմարդկայի՛ն համակարգ մը։
Հնաւանդ, բայց մշտանորոգ Ահաբեկչութեան վերաբերեալ այսօրինակ մտորումներու առիթը համացանցի վրայ վերջերս շրջագայութեան մէջ դրուած մեկնաբանական «լրատուութիւն» մըն է։ «Առաւօտ» օրաթերթը, Նելլի Գրիգորեան ստորագրութեամբ, «ՀՅԴում երկու մասի՞ են բաժանուել» խորագրով, Ապրիլ 2ին լոյս ընծայած է «իւրօրինակ» մեկնաբանութիւն մը։
Դաշնակցութեան «երկփեղկումին» սպասողներու թիւը ըստ երեւոյթին բազմացած է վերջին շրջանին։ «Առաւօտ»ի վերոնշեալ մեկնաբանական լրատուութիւնն ալ ախտագին ու նորագոյն դրսեւորումներէն մէկն է արդէն աւելի քան քսան տարուան ժամանակ սպառած այդօրինակ… սպասումին։
Անշուշտ, իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի խորագրով տրուած «զգայացունց» հարցադրումը։ Դաշնակցութեան «երկու մասի բաժնուած ըլլալու» այս հարցական–վերագրումը պարզապէս ցոյց կու տայ խնդրոյ առարկայ «լրատուութիւնը» ստորագրողին փափաքն ու իրականութիւնը իրարու խառնելու, փափաքածը իբրեւ կատարուած իրողութիւն հրամցնելու հիւանդ մտածելակերպը։
Հարցը այդ չէ սակայն։
«Շան գլուխը ուրիշ տեղ թաղուած է»…:
«Առաւօտ»ի կողմէ շրջագայութեան մէջ դրուած հրապարակումին հեղինակը կը հաղորդէ.–
«Մեր տեղեկութիւններով՝ Կոտայքի մարզի Պռոշեան համայնքում կառուցւում է 1983 թուականի Յուլիսի 27ին Պորտուգալիայի մայրաքաղաք Լիսաբոնում Թուրքիայի դեսպանատունը պայթեցրած հայ երիտասարդների յիշատակի յուշարձան: Որքան էլ մենք կամ մեր քաղաքական կեանքի առանձին միաւորներ Լիսաբոնի՝ Լիզբոնի գործողութիւնը որակեն վրէժ, ընդվզում կամ նման բան, միջազգային մակարդակներում Լիսաբոնի գործողութիւնը որակւում է ահաբեկչութիւն: Իսկ միջազգային մակարդակներում մենք աղմկում ենք, որ 20ամեայ փաստացի անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանաչել է պէտք: Խնդիրն այն է, որ Լիսաբոնի գործողութեան զոհերի յիշատակի յուշարձանը կառուցուելու է ազատագրական եւ ինքնապաշտպանական ղարաբաղեան պատերազմի Պռոշեանի զոհերի շիրիմների կողքին»:
Ահա՛ բուն հարցը։
«Առաւօտ»ի աշխատակիցին մտայնութեամբ՝ Հայ Դատի ուժական պայքարի ճակատին վրայ 1983ին նահատակուած Լիզպոնի Հինգին սրբալոյս յիշատակը ոչինչ կ՛ըսէ՝ մեծապետական բառապաշարով ըմբռնուած «ահաբեկչութենէ» մը անդին։ Այդ մեկնակէտով ալ, կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ ազգային սրբապղծութիւն գործելով, ան անընդունելի կը նկատէ, որ Լիզպոնի Գործողութեան յիշատակին յուշարձան բարձրանայ Արցախեան Ազատամարտին զոհաբերուած պռոշեանցի հերոսներու՝ Պետոյի եւ Կարօտի օրինակով նուիրեալներու շիրիմներուն կողքին։
Աւելի՛ն. ոչինչէն հարց եւ նիւթ ստեղծելով՝ «Առաւօտ»ի աշխատակիցը դիտել կու տայ, թէ քսան տարի առաջ Պետօ ինք «համախոհների հետ մշակեց Պռոշեանի իւրօրինակ զինուորական պանթէոնի նախագիծ: Ըստ նախագծի՝ Պռոշեանում կառուցուելու էր համալիր՝ ազատագրական եւ ինքնապաշտպանական ղարաբաղեան պատերազմի զոհերի շիրիմների կողքին լինելու էր ազատամարտի թանգարան՝ կրթադաստիարակչական յագեցած ծրագրով: Պետոյի ծրագրի մշակումից անցել է 20 տարի: Այսօր ծրագիրը դեռ թղթի վրայ է: Պռոշեանում (համայնքի դպրոցում) միայն Պետոյի կիսանդրին կայ: Դպրոցն անուանակոչուել է Պետոյի անունով: Մինչդեռ Պռոշեանում ինքնապաշտպանական մարտերում զոհուածի շիրիմի կողքին տեղադրւում է միջազգային հանրութեան համար ոչ ընկալելի յուշարձան: Այս հակասութիւնը կամ երկակի ստանդարտը հաշուի առնելով՝ Պռոշեանի համայնքապետ, ՀՅԴական Հրաչ Մուրադեանից փորձեցինք մանրամասներ ստանալ՝ ինչո՞ւ հէնց Պռոշեանում, ինչո՞ւ է յուշարձանը կառուցւում արցախեան պատերազմի նահատակների շիրիմի մօտ, որեւէ պաշտօնեայ խօսե՞լ է արցախեան պատերազմի նահատակների հարազատների հետ, ինչպիսի՞ն է զոհերի հարազատների վերաբերմունքը, ինչո՞ւ է ինքնապաշտպանութիւնը կապւում ահաբեկչութեան հետ, ո՞վ է ֆինանսաւորում յուշարձանի կառուցումը, որքա՞ն գումար է տրամադրուել: Գիւղապետը անգամ հանդիպել կամ հարցերին գրաւոր պատասխանել չկամեցաւ: Նա դէմ էր Լիսաբոնի գործողութիւնը ահաբեկչութիւն որակելուն, որոշեց, որ մենք կողմ ենք, եւ հրաժարուեց մեր հարցերին պատասխանել հէնց դրա համար»:
Այս աստիճան հիւանդ մտածելակերպի հետ գործ ունինք եւ մտահոգիչը ա՛յն է, որ իրաւունքի եւ արդարութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան գացած հայորդիներուն յիշատակը «ահաբեկչութեամբ» արատաւորելու ճիգը արդէն կը շարունակուի աւելի քան քսան տարիէ ի վեր՝ նորովի թափ տալով խորհրդային դարաշրջանի հակազգային գաղափարախօսութեան «հակա–ահաբեկչական» ցափռտուքներուն։
Բան մըն ալ աւելի. նման հրապարակում համացանցի վրայ շրջագայութեան մէջ կը դրուի ճիշդ ա՛յն օրերուն, երբ Պռոշեան համայնքի գիւղապետը՝ ազատամարտիկ եւ դաշնակցական գործիչ Հրաչ Մուրադեան քաղաքական հողի վրայ կատարուած «ահաբեկչութեան» զոհ գացած է…
Փաստօրէն փորձ կը կատարուի իբրեւ «ահաբեկի»չի արատաւորելու ազատամարտիկ եւ դաշնակցական գիւղապետը։ Լիզպոնի Հինգ Հերոսները եւ Դաշնակցութեան նորագոյն նահատակ Հրաչ Մուրադեանը այսպէս՝ իբրեւ մեծապետական քարոզչութեան կողմէ խծբծուած «ահաբեկիչներ» արատաւորելու նման ճիգը որո՞ւ ջաղացքին ջուր կը հոսեցնէ։
Չէ՞ որ Լիզպոնի գործողութիւնը իբրեւ միջազգային հանրութեան կողմէ «դատապարտուած» ահաբեկչութիւն ներկայացնողը ի վիճակի է, նոյնքան հակագաղափարական պատեհապաշտութեամբ, Արցախեան Ազատամարտն ալ վաղը արատաւորել իբրեւ… «ահաբեկչութիւն»։
Այսքանով ալ չբաւարարուելով՝ «Առաւօտ»ի աշխատակիցին տոն–քիշոթեան հրապարակումը կ՛եզրափակուի բամբասանքով.
«Մնաց ոչ պաշտօնական տեղեկութիւնը: Համաձայն դրա՝ Լիսաբոնի գործողութեան զոհերի յիշատակի յուշարձանը կառուցուելու է դրսի մի ՀՅԴականի կամօք եւ փողերով: Ասում են՝ ՀՅԴն կրկին երկու մասի է բաժանուել՝ միջազգայնօրէն ահաբեկչութիւն որակուող գործողութեան զոհերի յիշատակի յուշարձանը կառուցելուն դէմ եւ կողմ: Կուսակցութիւնում նաեւ յանձնախումբ է ձեւաւորուել, որը պէտք է զբաղուի այդ հարցերով: ՀՅԴի պաշտօնական արձագանքն այս առիթով կը ներկայացնենք առաջիկայում»:
Դաշնակցութեան մասին տարրական, նոյնիսկ հարեւանցի պատկերացում ունեցող մը պիտի չիյնար նման ենթադրութիւններու եւ շինծու տեղեկութեանց ոլորապտոյտին մէջ։
«Դրսի մի ՀՅԴականի կամօք եւ փողերով» չի՛ շարժիր հայ ժողովուրդին համահայկական մարտունակ ողնաշարը հանդիսացող Դաշնակցութիւնը։
Ոչ ալ Դաշնակցութեան երկփեղկումը հնարաւոր է այնպիսի ծրագրային արժէքներու շուրջ, ինչպիսին է, օրինակ, ի հարկին յեղափոխութեան ճամբով հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուիլը։
Ակամայ պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն կը ստիպուինք տալու գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ բարձրացնելու փորձ կատարող նման անհիմն ու անհեթեթ հրապարակումի մը։
Բայց հայ ազգային–ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ յեղափոխական միտքը «ահաբեկչութեամբ» արատաւորելու նման փորձերը, որքան ալ անլուրջ եւ ապարդիւն ըլլան, կարելի չէ անպատասխան ձգել։
Վերջին հաշուով այսօրինակ հրապարակումները կը մատնեն՝ մասնակի կամ մեկուսի տրամադրութիւններէ անդին գացող, խորհրդային դարաշրջանէն յամեցող եւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք նորովի թափ առնող հիւանդագին ամբողջ մտայնութիւն մը։
Հայ ժողովուրդի բազմադարեան երթին հետ կապ չունեցող մտայնութիւն մը, որ ներշնչման իր աղբիւրը կը փնտռէ ամէնուր, բացի Հայաստանի անկախութիւնը կերտած եւ, դարաւոր գերութենէ ետք, հայոց ազգային պետականութիւնը վերականգնած հայ յեղափոխական շարժման գաղափարական աւանդներէն։
Նաեւ մտայնութիւն մը, որ աշխարհի բոլոր գաղափարախօսներու գործերն ու մտածումները թերեւս կրնայ անգիր վերարտադրել, բայց յոգնութիւնը յանձն չ՛առներ բանալու ամբողջ եօթանասուն տարի արգելքի տակ դրուած գաղափարական ժառանգութիւնը Քրիստափորներու եւ Արամներու, Ռուբէններու եւ Աղբալեաններու, Նժդեհներու եւ Նաւասարդեաններու, որպէսզի Լիզպոնի Հինգին սերնդակերտ պատգամը լուսաւորէ ազգային մեր ինքնահաստատման հաւաքական երթը։
Գոնէ Յովհաննէս Շիրազ կարդան եւ անոր անմահացուցած «Լիզպոնի Ողջակէզներուն» յիշատակը այսպէս… չարատաւորեն։
Ոչ ալ մեր ժողովուրդի հայրենական եւ սփիւռքեան անբաժանելի թեւերուն միջեւ խորթութիւն սերմանալու թրքական ջաղացքին ջուր հոսեցնեն՝ անարգաբար խծբծելով, թէ Պռոշեան համայնքին մէջ Լիզպոնի Հինգին յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը կը կառուցուի իբր «դրսի մի ՀՅԴականի կամօք եւ փողերով»…
Նման հրձիգութիւնները հեռանկար չունին, անշո՛ւշտ։
Հայրենիք–Սփիւռք միասնութիւնը այնքա՜ն ամրակուռ գաղափարական հիմք ունի, որ ի վիճակի է խորհրդային գաղափարախօսութեան օրինակով վիժած աղանդաւորութեանց աղբանոցին մէջ նետելու նման պառակտումի փորձերը։
Իսկ Դաշնակցութեան երկու մասի «բաժնուելու» սպասումով, մանաւանդ Հայրենիք–Սփիւռք «բաժանարար գիծ»ի վրայ գրաւ դնելով իրենց կեանքի ժամանակը մսխողները, վերջին հաշուով, կը դաւեն Ազգին եւ Հայրենիքին դէմ, երբ համահայկական միաձոյլ կազմակերպութեան հիմերուն կ՛ուղղեն իրենց հարուածները…
1970ականներուն թափ առած Հայ Դատի ուժական պայքարը շրջադարձ իրագործեց հայ իրականութեան մէջ՝ ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, այլեւ նոյնինքն հայրենի հողերուն վրայ։ Արցախեան պահանջատիրական շարժումի պոռթկումն ալ ուղիղ կապով ներշնչման աղբիւր ունեցաւ հայկական ահաբեկչութիւնը, որ աշխարհով մէկ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն դէմ բարձրացուած լռութեան պատը քանդեց եւ Հայկական Հարցին քաղաքական արդար լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը միջազգային այժմէական օրակարգի վերածեց։
Հայ Դատի ուժական պայքարը իբրեւ միջազգային ահաբեկչութեան լծակիցի արատաւորելու փորձեր երեսնամեակ մը առաջ ալ կատարուեցան։ Բայց մնացին ապարդիւն։
Ապարդիւն կ՛անցնին նաեւ Լիզպոնի Հինգին հերոսական նահատակութիւնը իբրեւ «ահաբեկչութիւն» պիտակաւորելու եւ խծբծելու նորօրեայ փորձերը՝ հայրենի ոստաններէն գան անոնք թէ սփիւռքեան ափերէն։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
«Ահաբեկչութիւնը Իբրեւ Արդարներուն Միակ Զէնքը Եւ Իբրեւ Անիրաւներուն Պետական Ճնշումի Գործիքը» յօդուածի գաղափարները կը համընկնին մեր մտածելակերպին, նամանաւանդ, ի նկատի առնելով Հայ Ազգի դժուարութիւնները իր արդար ձայնը լսելի դարձնելու ամէն ժամանակաշրջանի ընթացքին: Երանի, հազար երանի Դաշնակցութեան եւ անոր քաջարի զաւակներուն որ տէր կանգնեցան անիրուած ժողովուրդի մը Դատին ըլլայ Արեւմտեան Հայաստան, ըլլայ այսօր Արցախ, ցոյց տալով անտարբեր մարդկութեան որ մենք ենք տէրը մեր իրաւունքներուն: Եւ թող շարունակեն իրենց ամուլ պատրանքները անոնք, որ կը կարծեն թէ սփիւռք եւ հայրենիք կրնան բաժանուիլ, զի երկուքն ալ կը կազմեն մի անքակտելի ամբողջութիւն: