
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ապրիլ 21ին, Մոսկուայի Հայ երիտասարդութեան միութիւնը Ռուս-Հայկական համագործակցութիւն կազմակերպութեան հետ համատեղ, զանգուածային ցոյց մը կատարեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Կազմակերպիչներուն նպատակը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը այդ ողբերգութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ մերժողական քաղաքականութեան վրայ սեւեռելն է:
Միջոցառման մասնակցած են հարիւրաւոր ցուցարարներ, ներառեալ՝ ուսանողներ եւ ռուսական ու հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Բոլոր գործողութիւնները համաձայնեցուած էին քաղաքի իշխանութիւններուն հետ:
Ցուցարարները նախ գետինը ժապաւէններով գծած էին Թուրքիոյ քարտէսը, այնուհետեւ մասնակիցները ամբողջ հրապարակին վրայ տեղադրած էին յատուկ պատրաստուած կարմիր դիմակներ՝ խորհրդանշելով Ցեղասպանութեան զոհերը: Հաւաքուածները զոհերուն յիշատակը յարգած են մէկ վայկեան լռութեամբ:
Ապա, քանի մը հարիւր մասնակից այնպէս դասաւորուած են, որ ձեւաւորած են հետեւեալ գրառումը. «Թուրքիա, պատիժը անխուսափելի է», որմէ ետք բոլորը միասին սկսած են հայրենասիրական երգեր կատարելու:
Մոսկուայի հայ հասարակական կազմակերպութիւնները մտադիր են քանի մը միջոցառումներ եւս իրականացնել: