ԱԹԷՆՔ.- Երեք քաղաքներու մէջ քաղաքական ձեռնարկներով, յունահայութիւնը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանաութեան 98ամեակը:
Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Քսանթիի մէջ ձեռնարկներուն ներկայ գտնուեցան Յունաստանի պետական-քաղաքական կեանքի մեծ թիւով քաղաքական դէմքեր, օտար դիւանագիտական շրջանակներ եւ զինուորականներ, որոնք յարգեցին Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը:
Կիրակի, 21 Ապրիլին Թեսաղոնիկէի «Ի. Վելիտիս» հանդիսասրահէն եւ Քսանթիի «Քափնափոթիքի» սրահէն ներս տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպնութեան 98ամեակին նուիրուած քաղաքական ելոյթները, հայ եւ յոյն ժողովուրդի ներկայութեան: Թեսաղոնիկէի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ մարմնամարզի փոխնախարար Իոյանիս Իոյանիտիս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.