ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յիսուսի խօսքն է այս, զոր իր երեքամեայ առաքելութեան աւարտին, ամէնէն նուիրական պահուն, երբ հաւաքուած էր իր աշակերտներով Վերջին Ընթրիքը կատարելու եւ Հաղորդութեան սուրբ խորհուրդը հաստատելու, զինք մատնելու

նախապատրաստութիւն տեսնող Յուդային ըսաւ.
_ Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ…:
Այդ պահուն միւս աշակերտները չհասկցան, թէ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ՛ուզէր: Որովհետեւ Յուդային մօտ կը գտնուէր իրենց հաւաքական գանձանակը ու սովորութիւն էր ամէն տօնի առիթով ատոր մէջէն բաժին հանել աղքատներուն: Հետեւաբար մնացեալ աշակերտները այնպէս խորհեցան, թէ Յիսուս Յուդային կը թելադրէր երթալ ու տօնի առիթով շուտով աղքատներուն նիւթական օժանդակութիւն բաշխել:
Բոլորս ալ գիտենք, թէ Յուդայի «ընելիք»ը ի՞նչ էր այդ գիշեր: Ան պիտի երթար ու ամէնէն ստոր միջոցներով՝ երեսուն արծաթի նիւթական վարձատրութեան ի խնդիր, հրեայ քահանաներուն պիտի մատնէր երկնառաք Վարդապետը:
Աշխատանքը արագ ընելու, շուտով իր աւարտին հասցնելու աշխատասիրութիւնը մի՛շտ գովելի եղած է ընկերային կեանքի մէջ: Գործատէրեր, պատասխանատուներ, մեծաւորներ ու իշխանաւորներ միշտ փափաքած են գործունեայ, աշխատասէր, աշխոյժ ու արթուն պաշտօնեաներ կամ փոքրաւորներ ունենալ իրենց ձեռքին տակ, որպէսզի անոնց միջոցաւ կարենան շուտով կատարել այն աշխատանքները, որոնցմով պիտի իրագործուին իրենց դիմաց դրուած մեծ թէ փոքր ծրագիրները:
Աշխատանքը շուտով իր աւարտին հասցնելու մէջ ալ անշուշտ կան տարբերութիւններ: Անփութութիւնը մէկ կողմէ, եւ գործին ծանրութիւնը վայրկեան առաջ ուսերէն վար առնելու անհամբերութիւնը միւս կողմէ, կրնան աշխատանքի արդիւնքին վրայ մեծապէս ազդել:
«Մատին ծայրով գործ ընել»ու լեզուամտածողութիւնը մինչեւ այսօր կը գործածուի, տրուած աշխատանքը իբրեւ իր սեփական գործը չընդունելու երեւոյթին արտայայտութիւն որպէս: Մինչ, մեծ գնահատանքներու կ՛արժանանան այն պաշտօնեաներն ու փոքրաւորները, որոնք իրենց սեփական գործերը երկրորդական նկատելով, իրենց տրուած աշխատանքները կը կատարեն անոնց փոխարէն, մինչեւ իսկ տրուած գործերը իրենց հետ տուն տանելով ու իրենց ազատ ժամերը զանոնք աւարտելու տրամադրելով:
Առաջինները առհասարակ կը կոչուին «ժամացուցային պաշտօնեաներ», այսինքն անոնք, որոնց աչքը աշխատանքի պահուն միշտ յարած կը մնայ պատէն կախուած ժամացոյցին, իսկ միտքը կը հաշուէ արձակման վայրկեանները: Իսկ երկրորդ տեսակի պաշտօնեաները կը կոչուին «հաւատարիմ տանտէրներ», որոնք նոյնիսկ գործատիրոջ բծախնդրութեան դասեր կու տան, յիշեցումներ կատարելով, սխալներ սրբագրելով ու ընդհանրապէս գործի մասին օրն ի բուն նոր ծրագիրներ կազմելով:
«Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ» խօսքին դրական ու շինիչ այս իմաստէն տարբեր, կայ անշուշտ անոր ժխտական իմաստը, որ թէեւ Յուդայի կատարած մատնութենէն տարբեր շրջագիծի մէջ կը կատարուի, սակայն ժխտական միեւնոյն ուղղութեան կը հետեւի:
Դրական աշխատանք տեսնելով շատեր դժգոհ կը մնան այս կեանքին մէջ: Անշուշտ ատիկա ունի իրեն տուն տուող պատճառները, որոնք բազմազան են: Ամէնէն աւելի տարածում գտածը նախանձն է, որ արդէն անհամ դարձած է, որովհետեւ ամբողջ աշխարհը լեցուցած է: Այդ պատճառը հաշուի առնող գիտակից մարդ շատ չկայ այլեւս: Մարդիկ սկսեր են ուրիշ եւ աւելի հիմնական պատճառներ փնտռելու, վերլուծելու համար որոշ մարդոց դժգոհութիւնը դրական աշխատանքի ի տես:
Սկիզբէն ըսենք, թէ դիւրին չէ մարդկային հոգին վերլուծել, որովհետեւ շատ յաճախ արտաքնապէս դրական արտայայտութիւններով ծանօթ հոգիներ, կրնան ներքնապէս տարբեր դրուածք ունենալ: Հետեւաբար, այդ իսկական պատճառն ալ գտնելը երբեմն անհնարին է: Նոյնիսկ անկարելի կ՛ըլլայ երբեմն մօտենալ բուն պատճառին, այնքա՜ն արտաքին դրական հաստ խաւերով պաշտպանուած ըլլալուն բերումով:
Յաճախ, սակայն, զգալի կ՛ըլլայ նման անձերու մօտ դէպի յառաջ քայլ առնելու որոշումը: Օրինակ՝ դրական աշխատանքը խոչընդոտելու ծածուկ ծրագիրներ, զանոնք առկախելու բազմատեսակ պատճառաբանութիւններ ու այլ ժխտական քայլեր, որոնք բոլորն ալ անշուշտ բամպակով փաթթուած քարերու տեսքին մէջ… Յիշեալ քայլերը առնելու եւ չ՛առնելու տատամսումին մէջ բռնուած անձերը, յաճախ ինքնավստահութեան պակասէն կը տառապին: Ուստի, թէ՛ իրենք իրենց անձը եւ թէ շրջապատը իրենց հետ չտառապեցնելու համար պէտք է որոշում կայացնեն: Իսկ մենք կրնա՛նք օգնել անոնց, ըսելով.
_ Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ:
Թերեւս նման «օժանդակութիւն» իսկապէս ուղղութիւն տայ անոնց: Սակայն այստեղ «ուղղութիւն» բառը երկիմաստ է: Մեր այդ յանդուգն քայլը «օժանդակութեան», կրնայ զգաստութեան հրաւիրել զանոնք ու զգացնել թէ՝ մենք գիտե՛նք թէ ի՞նչ ծրագիրներ կ՛որոճան իրենք: Միւս կողմէ, մեր այդ «օժանդակութիւն»ը կրնայ արագացնել իրենց վատ ծրագրին գործադրութիւնը: Այլեւս բախտն է, որ զանոնք կրնայ աջ կամ ձախ թեքել՝ կործանում թէ փրկութիւն յառաջ բերելով:
Ինչ ալ ըլլան պարագաները, անորոշութեան մէջ մնալը տագնապալի կացութիւն է եւ ո՛չ ոք պիտի ուզեր մնալ այդ վիճակին մէջ: «Ա՛յս կամ ա՛յն կողմ» խիստ յանդիմանութիւնը կը տրուի յաճախ այն անձերուն, որոնք շուարած ըլլալով չեն կրնար որոշում կայացնել իրենց առջեւ դրուած խնդիրներուն: Ընդհանրապէս ուրիշներուն հետեւող, կամ ուրիշները ընդօրինակող մարդիկ այս տագնապին կը մատնուին, բազմաթիւ օրինակներ ունենալով իրենց դիմաց ու չկարենալով կողմնորոշուիլ:
_ Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ:
Այս խրատը պէտք է անյապաղ տանք տատամսող անձերուն, որովհետեւ անոնց մտքին մէջ եղած կասկածը, երկուութիւնը, կողմնորոշուելու դժուարութիւնը եւ ընդհանուր անորոշութիւնը պիտի առաջնորդեն զանոնք այլ վտանգաւոր փապուղիներ, որուն զոհ կրնան երթալ շատ աւելի թուով մարդիկ:
Իր ընելիքը կատարել չկրցող մարդուն մտքին մէջ թշնամիներու թիւը կրնայ շուտով աճ արձանագրել ու մէկի դէմ ուղղուած իրենց կասկածը վերածել բազմաթիւ անձերու: Ճիշդ այդ պատճառով նաեւ պէտք է օգնել անոնց, որպէսզի շուտով կարենան որոշում առնել եւ իրենց ընելիքը շուտո՛վ ընել: Այսպիսով նաեւ նախապատրաստուած կ՛ըլլանք անոնց ընելիքին եւ նոյնիսկ հակակշիռի տակ առած կ՛ըլլանք անոնց ապագայ քայլերը:
Մարդկութեան տառապանքը նուազեցնող ու շատերու ունեցած տագնապը կարճեցնող իմաստուն խորհուրդ կայ այդ մէկ տողին մէջ, զոր Յիսուս ինք օգտագործեց օր մը, սիրոյ սեղանին շուրջ Յուդային ըսելով.
_ «Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ»:
Նոյնիսկ եթէ մեզ մատնելու, մեզի վնաս հասցնելու, մեր անունը վարկաբեկելու ուղղուած պիտի ըլլան անոնց քայլերը, գէթ միանգամընդմիշտ ընեն ու աւարտեն, որպէսզի անորոշութեան մէջ մնալով ուրիշներու ալ քանդումին պատճառ չդառնան: