– Պաղեստինեան «Համաս» եւ «Իսլամական Ճիհատ» կազմակերպութիւնները դատապարտեցին Արաբական լիկայէն Իսրայէլի կատարուած խաղաղութեան նոր առաջարկը, ըստ որուն՝ 1967ի ճշգրիտ սահմաններուն կառչելու փոխարէն, Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ հողատարածքներու փոխանակում պիտի կատարուի, խաղաղութեան ընդհանուր համաձայնութեան մը ծիրէն ներս: ՊԱԿէն Սայէպ Օրէյքաթ ողջունած էր սոյն առաջարկը:
– «Զաման» հաղորդեց, որ թրքական պատուիրակութիւն մը կը ծրագրէ յառաջիկայ շաբաթ Իսրայէլ այցելել՝ «Կապոյտ Մարմարա»ի զոհերու ընտանիքներուն հատուցման հարցին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.