ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Բոլորին ծանօթ է, որ Ապրիլ 2ին անարգ գնդակով սպաննուեցաւ Երեւանի մօտակայքը գտնուող Պռօշեան գիւղին գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանը:
Միեւնոյն օրը, Երեւան լոյս տեսնող «Առաւօտ» թերթին մէջ լոյս տեսաւ «ՀՅԴում Երկու Մասի՞ Են Բաժանուել» խորագիրով անստորագիր յօդուած մը (գէթ համացանցին վրայ յօդուածագիրի ստորագրութիւն չկար): Ըստ անանուն յօդուածագրին, Պռօշեանի մէջ ծրագիր կայ Յուլիս 27, 1983ին Լիզպօնի թրքական դեսպանատունը «պայթեցրած» հայ երիտասարդներուն յիշատակի յուշարձան կառուցել: Ըստ նոյն աղբիւրին, գիւղապետ Հրաչ Մուրադեան չէ ուզած պատասխանել յօդուածագրին կողմէ այս մասին կատարած հարցապնդումներուն: Եւ ուրեմն… կը հետեւի «թիփիք» նէօ-պոլշեւիկեան ու նենգամիտ հեքիաթասացութիւն մը մէկ կողմէ Լիզպօնի դէպքին ու միւս կողմէ, ամբողջութեամբ անկապ ձեւով՝ Հ.Յ. Դաշնակցութեան «երկուքի» բաժնուած ըլլալուն մասին («Ասում են՝ ՀՅԴն կրկին երկու մասի է բաժանուել»…: Այսինքն, պարզ հայերէնով, ասկէ առաջ ալ յաճախ «երկուքի» բաժնուած էր, հիմա՝ «կրկին»):
ԻՆՉՈ՞Ւ ՆԷՕ-ՊՈԼՇԵՒԻԿԵԱՆ
ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ ՆԵՆԳԱՄԻՏ
«Առաւօտ»ի յօդուածը կը սկսի հետեւեալ տողերով. «Մեր տեղեկութիւններով՝ Կոտայքի մարզի Պռօշեան համայնքում կառուցւում է 1983 թուականի Յուլիսի 27ին Պորտուգալիայի մայրաքաղաք Լիսաբոնում Թուրքիայի դեսպանատունը պայթեցրած հայ երիտասարդների յիշատակի յուշարձան: Որքան էլ մենք կամ մեր քաղաքական կեանքի առանձին միաւորներ Լիսաբոնի՝ Լիզպոնի գործողութիւնը որակեն վրէժ, ընդվզում կամ նման մի բան, միջազգային մակարդակներում Լիսաբոնի գործողութիւնը որակւում է ահաբեկչութիւն: Իսկ միջազգային մակարդակներում մենք աղմկում ենք, որ 20ամեայ փաստացի անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանաչել է պէտք»:
Սկսինք ծայրէն:
Լիզպոնի դէպքը ոչ «վրէժ», ոչ «ընդվզում» եւ ոչ ալ «նման մի բան» էր: Լիզպոնի դէպքը, ինչպէս անոր նախորդած տարիներուն թրքական քաղաքական ներկայացուցչութիւններուն դէմ տեղի ունեցած արարքները, ուրի՛շ բան էին:
Իսկ ի՞նչ էր այդ «ուրիշ» բանը:
Հայկական Ցեղասպանութեան յիսնամեակին Երեւանէն լսուած «Մեր հողե՜րը, մեր հողե՜րը» ճիչը, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ համայն հայութեան կողմէ արդարութեան վերահաստատման պահանջ, հանդիպեցաւ միայն խուլ ականջներու, թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ Արեւելքի մէջ: 60ամեակը նոր առիթ մը հանդիսացաւ հայութեան համար, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, որպէսզի անգամ մը եւս իր պահանջները լսելի դարձնէ միջազգային հանրութեան եւ անգամ մը եւս արդարութիւն պահանջէ: Ոչ ոք լսեց: Եղեռնի 60ամեակին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, հայութիւնը, առաջնորդութեամբ հայկական երեք կուսակցութիւններուն, մօտաւորապէս 100,000 հոգիով խաղաղ ցոյց կատարեց եւ իր պահանջները բանաձեւող յուշագիրներ յանձնեց օտար դեսպանատուներուն: Միջազգային մամուլին կողմէ ոչ մէկ արձագանգ եղաւ, բացի Ֆրանսական մամլոյ գործակալութեան (AFP) կողմէ 3 (ճիշդ կարդացիք, երեք) տողնոց անկապ լրատուութենէ մը:
Սակայն ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ «յանկարծ», օր մը, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Միթերան Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին յայտարարութիւն կատարեց, ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Մ. Նահանգներու նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն նման յայտարարութիւն կատարեց 1981ին: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Եւրոպական խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ քուէարկեց 18 Յունիս 1987ին: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ նոյն Մ. Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան լիագումարի օրակարգին վրայ դրուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջադրող բանաձեւ մը՝ 1984ի Սեպտեմբեր 12ին, նոյնը՝ Ծերակոյտի սեղանին 1990ին, եւ այլն:
Այս բոլորը արդիւնք էին այդ «ուրիշ» բաներուն (ներառեալ Լիզպոնի) եւ ոչ թէ Երեւանի (1965) կամ Պէյրութի (1975) 100,000անոց ցոյցերուն, կամ օտար դեսպանատուներուն յանձնուած յուշագիրներուն: Դժբախտաբար, պետութիւնները հաշուի կը նստին միայն ուժի հետ: Հաւնինք կամ ոչ, այս է իրականութիւնը: Եւ մենք ալ, մեր կարգին, պէտք է հաշուի առնենք ա՛յս իրականութիւնը:
«Առաւօտ» կը հաւնի՞ այդ «ուրիշ» բաները, թէ ոչ, համամի՞տ է ատոնց, թէ ոչ, մեզ բացարձակապէս չի հետաքրքրեր: Մեզ սակայն կը հետաքրքրէ մէկ բան. «Առաւօտ» տեղեա՞կ է մեր նորագոյն պատմութեան այդ հանգրուանէն: Լրջօրէն կը կասկածինք:
ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՈՒԹԻՒՆ
«Առաւօտ» ոչ միայն տեղեակ չէ, այլ նաեւ կը փորձէ հայութեան շահերուն հակադրուող տեսակէտներու քարոզչութիւնը կատարել, երբ կ՛ըսէ, թէ «միջազգային մակարդակներում Լիսաբոնի գրծողութիւնը որակւում է ահաբեկչութիւն», հայկական հանրային կարծիքին մէջ մաքսանենգութեան նման սողոսկեցնելով այն էապէս թունաւոր մտածողութիւնը, որ տեսէք, այս ի՜նչ անընդունելի բաներ կը ծրագրուին Պռօշեանի մէջ…: Ըստ «Առաւօտ»ի, մինչ միջազգային հանրութեան համար ահաբեկչութիւն է Լիզպոնի դէպքը, անդին սակայն, «Պռօշեանում ինքնապաշտպանական մարտերում զոհուած շիրիմի կողքին տեղադրւում է միջազգային հանրութեան համար ոչ ընկալելի յուշարձան»:
Իսկ երբէ՞ն ի վեր հայութիւնը պարտաւոր է առաջնորդուիլ օտար արժեչափերով, օտար ուժերո՛ւն համար նպաստաւոր արժեչափերով: Իսկ ի՞նչ կը խորհի նշեալ թերթին յօդուածագիրը, միջազգային հանրութեան համար շատ «ընկալելի՞» է Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը:
Հաւատացնենք իրեն, որ ո՛չ, այդ ալ «ընկալելի» չէ նոյն այդ շրջանակներուն համար, որովհետեւ կը խորհրդանշէ անպատիժ եւ անհատոյց մնացած Ցեղասպանութիւն մը: Որովհետեւ նոյն այդ Ցեղասպանութեան անպատիժ ու անհատոյց մնացած ըլլալուն համար Արեւմուտքը ե՛ւս ունի պատասխանատուութեան իր բաժինը, որմէ չի կրնար խուսափիլ: Հետեւաբար նաեւ, ֆութպոլային դիւանագիտութեան օրերուն նոյն այդ յուշարձանին լոյսերը մարելը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ քաղաքական ստրկամտութիւն: Մտածողութիւն մը, որուն հարազատ թարգմանը կը հանդիսանայ «Առաւօտ» իր այս յօդուածով:
Շարունակելով ուրեմն (կարելի է հետեւցնել), «Առաւօտ»ի ու իր խաւարամիտ պատուիրատուներուն համար, «ահաբեկիչներ» են ոչ միայն Լիզպոնի մէջ զոհուած հայ երիտասարդները, այլ նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանը, Միսաք Թորլաքեանը, Արշաւիր Շիրակեանը, Շահան Նաթալին եւ Հրաչ Փափազեանը: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, պէտք չէ՞ «ահաբեկի»չ որակել նաեւ Անդրանիկը, «խե՜ղճ» Խալիլ Փաշային գլուխը կտրած ըլլալուն համար, եւ ուրեմն անոր աճիւնները Փեր Լա Շէզ չվերադարձնե՞լ, արձանն ալ չտապալե՞լ. չէ՞ որ այդ ձեւով աւելի ընդունելի կրնանք դառնալ այն շրջանակներուն, որոնց փաստացի խօսափողը դարձած է «Առաւօտ»ը:
Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի անարգ սպանութեան օրը լոյս տեսած (ի՜նչ զուգադիպութիւն) այս յօդուածը կ՛աւարտի այն միտքով, որ ուրեմն այդ յուշարձանը կառուցել-չկառուցելու շուրջ «կրկին» երկու մասի բաժնուած է Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը: Սակայն այս կէտը այնքան ճղճիմ է վերոնշեալ միւս կէտերուն բաղդատմամբ, որ այլեւս համակարգիչի ստեղնաշարին վրայ մատ բանեցնելը չ՛արժէր: Նոյնիսկ այդ չ՛արժէր:
enger Vache nuynisg shad meghmer badaskhanet,mer hyrenike ghegavarvum a hyakhos turkerov pasde vga.
Enger Vache nuynisg shad meghmer badaskhanet,mer hyrenike ghegavarvuma hyakhos turkerov pasde vga.hyasdane desnel arants hyu,80% bomjatsutselen joghovurtin,kyughern u kaghaknere tadargvumen yeridasartneren, megnumen ardasahman ashkhadelu irents endaniknere bahelu.