ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Եայիր Լափիտ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Երուսաղէմ միշտ Իսրայէլի մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ ու պաղեստինցիներէ գրաւուած հողերուն վրայ բնակեցման ապօրինի վայրերու կառուցումը պիտի շարունակուի: Ան աւելցուց, թէ Արեւմտեան Ափին վրայ պէտք է ստեղծուի ժամանակաւոր պետութիւն մը, որուն վերջնական սահմանները պէտք է գծուին երեքէն հինգ տարուան ընթացքին: Ան ընդունեց, թէ Իսրայէլ կրնայ պարտադրուած ըլլալ ապօրինի բնակեցման վայերուն մէկ մասը պարպելու:
Լափիտ, որուն կուսակցութիւնը Իսրայէլի խորհրդարանական վերջին ընտրութեանց ընթացքին Իսրայէլի երկրորդ մեծագոյն կուսակցութեան վերածուեցաւ, Մարտին ելեւմուտքի նախարար նշանակուեցաւ:
Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ընդհանուր քարտուղար Քայս Ապտըլ Քարիմ յայտնեց, որ Լափիտի այս յայտարարութիւնը համազօր է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի նորագոյն առաքելութեան մահապատիժին: Ան ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեց իսրայէլեան կառավարութեան վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի անիկա կասեցնէ Երուսաղէմը հրէականացնելու եւ Արեւմտեան Ափէն յաւելեալ հողեր խլելու քայլերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.