ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայաստանի անկախութեան 95ամեակի նախօրէին, վերանկախացեալ Հայաստանի խորհրդարանին առջեւ նորանշանակ իր կառավարութեան առաջարկած պետական պիւտճէն պաշտպանելով՝ ՀՀ վարչապետը ընդդիմախօս պատգամաւորի մը ամենայն ինքնագոհութեամբ կը դատապարտէր, որ ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին, ամէնուրեք, ընդդիմադրութիւնը միայն կը քննադատէ եւ չ՛ուզեր խոստովանիլ… իշխանութեան արձանագրած դրական ձեռքբերումները։
Քաղաքական կեանքի ընդհանուր այդ օրինաչափութեան՝ ընդդիմադրութեան միայն քննադատելու վարքագծին մասին ՀՀ վարչապետին կատարած դիտողութեան տարակարծիք գտնուելու հիմնաւոր պատճառներ չկան անշո՛ւշտ։
Յաւելեալ յստակացումի կարիք կայ սակայն։
Ընդդիմադրութեան կոչումն իսկ է իշխանութեան սխալներուն եւ թերացումներուն անխնայ մերկացումը, որպէսզի կառավարող ուժը սրբագրէ իր ընթացքը, իսկ հակառակ պարագային՝ իշխանութենէն հեռացուի հանրային կարծիքի ճնշումին տակ։
Բայց Հայաստանի այսօրուան–երէկուան վարչապետը, ընդդիմադրութեան քննադատութիւններուն այդպէ՛ս ինքնագոհութեամբ եւ արհամարհականօրէն հակադարձելով, ըստ երեւոյթին նկատի չունի իր իսկ շեշտած օրինաչափութեան մետալին երկրորդ երեսը.– Ժողովրդավարական զարգացում ապրող հասարակութեանց մէջ, իշխանութիւնը լուրջի կ՛առնէ ընդդիմադրութեան քննադատական գրոհները, որպէսզի աւելի լաւ կառավարում իրականացնէ եւ չմսխէ հանրային կարծիքին մօտ իր վայելած վստահութեան դրամագլուխը։
Իսկ ժողովրդավարութեան սոսկ նմանակումին հետամուտ Հայաստանի կառավարման ներկայ համակարգի պարագային, վարչապետը հասկնալիօրէն չ՛անդրադառնար այդ անհրաժեշտութեան։ Իշխանութեան վրէպները ուղղելու փոխարէն, պարզապէս կը փորձէ ընդդիմադրութիւնը վարկազրկել։
Տարբեր վերաբերում չի ալ կրնար ցուցաբերել վարչապետ մը, որ շատ լաւ կը գիտակցի, թէ հանրային կարծիքին մօտ արդէն չունի վստահութեան դրամագլուխ եւ իշխանութեան ղեկին բաժնեկից դարձած է միայն այն պատճառով, որ կը վայելէ վստահութիւնը հանրապետութեան նախագահին։
Վստահութիւնն ու մանաւանդ հովանաւորութիւնը նախագահի մը, որ պետութեան լծակներուն չարաչար գործածութեամբ՝ պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանի մը համար իր «վերընտրութիւնը» կազմակերպեց եւ յաջողութեամբ «պսակեց» Փետրուար 18ին։
Հետեւաբար, Տիգրան Սարգսեան ամէն ճիգ պիտի թափէ, որպէսզի արժանի մնայ հաւանութեանը զինք նախարարապետ նշանակած «մեր երկրի ղեկավարին», ինչպէս որ Սերժ Սարգսեանին կը սիրեն անուանել… Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան աշխատակիցները։
Այսօրինակ, այլեւ բազմիցս ընդգծուած նման նշումները կրկնելու համար չէ, սակայն, որ լուսարձակի տակ կ՛առնուի, ժողովրդավարական կարգերու տակ իշխանութիւն–ընդդիմադրութիւն փոխադարձ անհանդուրժողութեան վերաբերեալ, Հայաստանի վարչապետին տուած «դաս»ը ՀՀ Ազգային Ժողովի ամպիոնէն։
Ազգովին ակամայ հանդիսատեսները դարձած ենք իշխանութիւն–ընդդիմադրութիւն խաղերու քաղաքական բեմադրութեան մը, ուր պետական մտածողութեան եւ մանաւա՛նդ ժողովրդավարութեան անունով՝ մեր ժողովուրդին կը պարտադրուին իր հիմնական իրաւունքներուն եւ սպասումներուն հետ խոտոր համեմատող օրակարգեր ու կեղծ արժէքներ։
Մայիս 28ի սեմին ենք եւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին 95ամեակը արժեւորելու, մեր նորագոյն պատմութեան համար ուղեցոյցի նշանակութիւն ունեցող 1918ի դասերը վերահաստատելու փոխարէն՝ վերանկախացեալ Հայաստանը կը մխրճենք, յետ–խորհրդային աշխարհակարգին բնորոշ, մեծապետական ուժերու վերադասաւորման բարդ մրցապայքարի ոլորապտոյտին մէջ։
Պատահականօրէն չէ, որ ազատ ու անկախ հռչակուած եւ, իբրեւ այդպիսին, միջազգային ու իրաւական ճանաչումի արժանացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ահա աւելի քան քսան տարիէ ի վեր, դժուարութիւն ունի լիարժէք վերականգնելու 28 Մայիս 1918ին հիմնուած մեր ազգային պետականութիւնը եւ անոր հզօրացման անփոխարինելի կռուանը հանդիսացող ազատ հասարակութիւնը։
Դժուարութեան աղբիւրը նոյնինքն ազգային պետականութեան եւ ազատ հասարակութեան կենարար արժէքներուն հանդէպ հաւատքի պակասն է, չըսելու համար անտարբերութիւնը, որ իր խորքով թէեւ կը բխի խորհրդային «ժառանգութենէն», այդուհանդերձ՝ նաեւ կը սնանի այսպէս կոչուած Նոր Աշխարհակարգի տարածած միջազգային շուկայի ապազգային արժէքներով եւ կեղծ ժողովրդավարութեամբ։
Վերանկախացումէն ասդին, Հայաստանի պետութեան ղեկին, իշխանաւոր դէմքեր եւ վարչախումբեր փոխուեցան, անկասկա՛ծ։ Բայց անփոփոխ մնաց եւ, ընդհակառակն, տարիներու ընթացքին քայլ առ քայլ արմատաւորուեցաւ պետականութեան եւ հասարակութեան մտատիպար մը, որ կապ չունի Մայիս 28ի գաղափարական աւանդներուն եւ Հայաստանի Անկախութեան կերտիչներու առաջնորդող օրինակին հետ։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան պետական տունը հռչակելու սահմանադրական տարրական քայլը դեռ չենք կրցած նետել։ Դեռ պատրաստ ենք պետականօրէն տէր կանգնելու միացեալ Հայաստանի համազգային հանգանակին։ Ոչ ալ Հայ Դատի պայքարը ի վիճակի ենք ընկալելու սոսկ լոպիինկի սահմանէն անդին…
Փոխարէնը՝ ազգային պետականութեան նմանակումի քայլերով կը յոխորտանք։ Փաստօրէն, երկ–քաղաքացիութեան օրէնքին որդեգրումով ու Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումով՝ ազգային մեր պարտականութիւնը կատարողի ինքնագոհութեամբ Սփիւռքէն կը սպասենք, նոյնիսկ կը պահանջենք, որ տէր զգայ Հայաստանի պետականութեան, որուն հարազատ զգալու դժուարութիւն ունի նոյնինքն հայրենաբնակ հայը՝ ի տես Ազատ ու Անկախ Հայաստանի պետութեան օր–ցերեկով սեփականաշնորհումին… եկող ու գացող իշխանաւորներուն։
Աւելի՛ն. ազգային պետականութեան Մայիս 28ի գաղափարական աւանդին հետ ինչպէ՞ս կարելի է հաշտեցնել պետական կառավարման այս համակարգը, որ վերէն վար խաթարուած է կաշառակերութեամբ եւ հարստութեանց առանձնաշնորհեալ կուտակումով։
Հեգնականը այն է, որ պետութեան հաշւոյն յղփացած այս իշխանաւորները բոլորէս աւելի բարձր ձայնով պայքար կը յայտարարեն այսպէս կոչուած «կոռուպցիա»ի դէմ…
Պետութեան հետ իբրեւ սեփական ագարակի վարուելու այսօրուան մեր իշխանաւորներուն հանրային վարքագիծը, այո՛, ոչ մէկ կապ ունի Մայիս 28ի սերունդին ժողովրդանուէր ու անձնուրաց ծառայութեան հետ։ Արամները իրենց ժողովուրդին հետ մինչեւ վերջին շունչ կիսեցին ազգի եւ հայրենիքի նեղ օրերը։ Անոնց յիշատակն իսկ անարգել պիտի նշանակէ բաղդատութեան եզր փնտռելը այսօրուան մեր «ղեկավարներուն» հետ…
Ի՜նչ ազատ հասարակութեան մասին կարելի է խօսիլ, երբ հայոց բանակին մէջ անգամ պարզուած խաթարման երեւոյթներուն դէմ յանդիման, կամ՝ մաֆիական ոճով հրապարակաւ կատարուած քաղաքական հաշուեյարդարներու եւ մաքրագործումներու առիթով, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի իշխանաւորները ամենայն իմաստութեամբ դիտել կու տան, թէ նման ցաւերէ եւ հիւանդութիւններէ զերծ չեն ամէնէն յառաջադէմ ու ժողովրդավարական պետութիւններն անգամ։
Որքա՜ն իրաւացի կը հնչէ քանի մը օր առաջ ՀՀ Ազգային Ժողովի դաշնակցական պատգամաւորին այն ահազանգը, թէ «մութ է Հայաստանի ապագան»։
Ի՜նչ ապագայի մասին կարելի է յաւուր պատշաճի խօսքեր գտնել, երբ մոռցուած են Հայաստանի անկախութեան կենարար կռուանները՝ ազգային պետականութիւնն ու ազատ հասարակութիւնը, որոնք անկորնչելի աւանդը եղան Մայիսեան յաղթանակները նուաճած սերունդին։