Վենետիկի համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, գործակցութեամբ Պօ-Արաքս մշակութային ընկերակցութեան, տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-20: Քննութիւնները՝ Օգոստոս 21-ին: Ժամանում՝ Յունիս 30-31ին, մեկնում՝ Օգոստոս 22-23ին:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ՛ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ՝ առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը պարտադիր է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դիմումները պէտք է կատարել անձամբ եւ գրաւոր, նշելով միշտ հեռախօսի թիւ մը եւ ել-գրային (EM) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ:
Փափաքողներուն, կէսօրէն վերջերը, ձրիաբար պիտի աւանդուին նաեւ՝ դուդուկի եւ հայկական պարերու դասեր:
Արձանագրութեան սակն է՝ 700 եուրօ կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 500 եուրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ Մարտ 31, այդ թուականէն վերջ պէտք է վճարուի 550 եուրօ մինչեւ Յունիս 30, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է:
Արձանագրութեան մնացեալ մասը պէտք է վճարուի անպայման մուտքի օրը: Վարկաթղթային վճար (crdedit card) չ՛ընդունուիր: 10 տոկոս զեղչ մը կը կատարուի անոնց, որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): Արձանագրութեան սակը ոչ մէկ պարագայի կը փոխուի եւ կատարուած վճարումը որեւէ պատճառով չի դարձուիր:
Ամէն վճարագիր (չէք), որ պէտք է անպայման դրամատնային եւ միջազգային ըլլայ, պէտք է հասցէագրուի միայն՝ ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES եւ ղրկուի՝ Assoc. Padus-Araxes – c/o Dip. Studi Asiatici – San Polo 2035-30125 Venezia (Italia): Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չէքերը: Ամէն «չէք» պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենի բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք, որոնք կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այս մասին հարկաւոր տեղեկութիւններ (հաշուի թիւ եւլն.): Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Իսկ փոստի միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային վճարագիրներու միջոցով՝ mandat-poste international/international money-order:
Կ՛ընձեռուի՝ բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մը՝ Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ՝ օժտուած խոհանոցային յարմարութիւններով:
Յուլիս 30-Օգոստոս 22 ներառեալ, ամբողջ շրջանին համար, բնակութեան սակն է՝ 820 եուրօ առանձին սենեակի մէջ, 610 եուրօ երկու հոգինոց սենեակի մէջ, երկու պարագաներուն ալ լոգարանային յարմարութիւններով օժտուած: Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամնակաշրջանի ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, Համալսարանի սեղանատան կամ այլ պայմանագրուած հաստատութեան մը մօտ, պիտի արժէ 8-9 եուրօ: Անոնք, որոնք կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ ժամանել կամ յետոյ մեկնիլ, պէտք է իրենք հոգան իրենց բնակութեան յարմարութիւնը այդ օրերուն համար:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ել-գիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ daniela@padus-araxes.com Այս ել-փոստի հասցէն պահպանուած է spam bots-երէ, պէտք է JavaScript-ին հնարաւորութիւն տալ դիտելու համար կամ հեռապատճէնել +39.041.2414448 թիւին: Ի հարկին հեռաձայնել +39.041.2414448 թիւին, Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10:30-13:00, եւ կամ +39.347.4562981 թիւին, Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ իրիկունները ժամը 20:00-21:30 (Իտալիոյ ժամով): Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը: Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի լուր մը թողուլ բջիջայինի ընկալուչին՝ նշելով անուն եւ հեռախօսի համար: Երբեք չհեռաձայնել Վենետիկի համալսարանի գրասենէակներուն: Բջիջային համարին կարելի է զանգել նաեւ Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.